Հայաստանի Արմաւիր գաւառի Մերձաւան բնակավայրին մէջ 23 Սեպտեմբերի գիշերը տեղի ունեցած միջադէպին հետեւանքով Փարաքար համայնքի ղեկավար Վալոտիա Գրիգորեանին ու անոր ընկերոջ՝ Կարէն Աբրահամեանին սպանութեան, ինչպէս նաեւ Արծրուն Գալստեանի վիրաւորումին գործով ձերբակալուած է կասկածելի մը: Այդ մասին երէկ յայտնեց քրէական ոստիականութեան պետ Վարդան Վարդանեանը: Տեղական լրատուամիջոցներ նախապէս հաղորդած էին, թէ ձերբակալուած է Նարեկ Օհանեանը: Ան եղբայրն է 5 Փետրուարին Մերձաւանի մէջ սպաննուած Գրիգոր Օհանեանին: Իսկ վերջինիս սպանութեան հարցով մեծադրեալներէն մէկը Վալոտիա Գրիգորեանին եղբայրն է, որ կը գտնուի տնային կալանքի տակ: Ոճրագործութիւնը իսկոյն դարձաւ քաղաքական բանավէճի նիւթ: Ընդդիմադիրներ տեղի ունեցածին մէջ տեսան քաղաքական պատճառ, որովհետեւ զոհը ընդդիմադիր պաշտօնատար էր, իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան պնդեց, որ սպանութեան մէջ չի կրնար ըլլալ քաղաքական դրդապատճառ, կարծիք յայտնելով, թէ «միջադէպը կը բխի անցեալին գոյութիւն ունեցած անձնական խնդիրներէն»:

