Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Մեծ քսանեակի նախարարական հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը այժմ հաստատուած է: Ան վստահեցուց, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերականգնումով պիտի ամրանայ ժողովուրդներուն փոխադարձ վստահութիւնը, պիտի ըլլայ կայունութիւն եւ բարգաւաճում: Խօսելով հակամարտութիւններու տնտեսական դրդապատճառներուն մասին, Միրզոյեան կոչ ուղղեց արագացնելու միջազգային ելեւմտական կառուցուածքին բարեփոխումները՝ զայն դարձնելով աւելի ներառական եւ զարգացող երկիրներու կարիքներուն յարմարող: Իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտնեց, որ Երեւան անցեալ տարի ալ պատրաստ էր ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիր, սակայն Ատրպէյճանի նախագահին հռետորաբանութիւնը փոխուած էր: Սիմոնեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ Սահմանադրական բարեփոխումներուն ծրագիրը սկսած էր տարիներ առաջ եւ այդ կը կատարուի ոչ թէ արտաքին պահանջով, այլ ներքին բարգաւաճումի համար:

