Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱԼԱՄ. «ՕՐԷՆՔԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ Է»

September 27, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՍԱԼԱՄ. «ՕՐԷՆՔԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ Է»

 

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Ռաուշէի մէջ տեղի ունեցածը համարեց բացայայտ օրինախախտում, մանաւանդ որ հաւաքը կազմակերպողներուն տրուած արտօնութեան մէջ յստակօրէն արգիլուած էր Ռաուշէի լուսաւորումն ու անոր վրայ նկարներու ցուցադրումը: «Հաղորդակցեցայ ներքին գործերու, արդարադատութեան եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ, պահանջելով անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկել՝ ձերբակալելու համար օրինախախտները եւ զանոնք հարցաքննել, որպէսզի կրեն իրենց արդար պատիժը», շեշտեց վարչապետը: Ընդհանուր դատախազութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ ապահովութեան ուժերէն պահանջած է հարցաքննութեան կանչել Ռաուշէի օրինախախտները: Արդարադատութեան նախարարն ալ շեշտեց, թէ օրինախախտները պէտք է պատժուին, որովհետեւ օրէնքը բոլորին համար է, առանց բացառութեան: Սալամ աւելի ուշ վարչապետարանին մէջ գումարեց նախարարական խորհրդակցական հանդիպում մը՝ մասնակցութեամբ փոխվարչապետին եւ շարք մը նախարարներու: Փոխվարչապետ Թարէք Միթրի ժողովէն ետք յայտնեց, թէ վերահաստատած են կառավարական համախոհութիւնը եւ աշխատանքային ծրագրին մէջ ներառուած կէտերուն գործադրութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը, մանաւանդ այն ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ամբողջ տարածքին պետութեան հեղինակութեան ամրապնդումին: «Շեշտեցինք օրէնքները գործադրելու կարեւորութիւնը՝ բոլոր քաղաքացիներուն վրայ, առանց բացառութեան: Այս նպատակին հասնելու համար ապահովութեան ուժերը ունին մեծ պատասխանատուութիւն, որովհետեւ պետութիւնը խտրութիւն չի դներ քաղաքացիներուն կամ խմբաւորումներուն միջեւ», ըսաւ Միթրի: Ան Ռաուշէի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցածը համարեց օրէնքի բացայայտ խախտում, շեշտելով կառավարութեան որոշումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share96Tweet60
Previous Post

ՌԱՈՒՇԷՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻ ԵՒ ՕՐԻՆԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ

Next Post

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅԺՄ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ Է»

Next Post
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅԺՄ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ Է»

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅԺՄ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ Է»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.