Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք յայտնեց, թէ Սուրիան ու Իսրայէլը մօտեցած են ռազմական հանդարտութեան շուրջ համաձայնութեան մը, ըստ որուն՝ Իսրայէլ կը դադրեցնէ յարձակումները, իսկ սուրիական կողմը կը խոստանայ դադրեցնել սահմանին մօտակայքը ռազմական ծանր սարքերու տեղաշարժը: Սուրիոյ նախագահ Ամատ Շարաա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ քննարկեց սուրիական նորագոյն զարգացումները եւ Սուրիոյ հարցով Ուաշինկթընի առաջնահերթութիւնները: Ռուպիօ կեդրոնացաւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերուն վրայ եւ դիտել տուաւ, որ այժմ հնարաւորութիւն կայ կառուցելու անկախ ու գերիշխան սուրիական պետութիւն մը:

