Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԶԷՆՔԻ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԻՆ

September 25, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0

 

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաքի՝ Լիբանանի շահերուն հակասող եւ նոյնիսկ սպառնալիքներու հասնող վերջին յայտարարութիւնները կը մնան լիբանանցի պաշտօնատարներու կիզակէտին: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ զարմանք յայտնեց Պարրաքի խօսքերուն առնչութեամբ եւ վստահեցուց, որ լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնը կը կատարէ պետութեան գերիշխանութիւնը վերականգնելու հարցով: «Կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ իր աշխատանքային ծրագրին մէջ ստանձնած պարտականութիւններու կատարումին՝ մանաւանդ արմատական բարեկարգումներու իրագործումին եւ երկրի ամբողջ տարածքին պետութեան գերիշխանութիւնը պարտադրելուն», ըսաւ Սալամ: Անոր խօսքով, բանակը պիտի գործադրէ զէնքի մենաշնորհին հարցով 5 Սեպտեմբերին կառավարութեան մէջ յայտարարած ծրագիրը: Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, թէ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաքի Լիբանանին վերաբերող յայտարարութիւնները համահունչ չեն շրջանին խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ ներդրուած դիւանագիտական ջանքերուն հետ: Պու Սաապի համաձայն, կառավարութիւնը կ’ընթանայ ճշգրիտ ուղղութեամբ եւ ամերիկացի պատուիրակութիւնն է դիւրացնել լուծումը, ոչ թէ հակառակը:

Share96Tweet60
Previous Post

ԱՈՒՆ. «ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ ՉԿԱՅ ԱՌԱՆՑ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ»

Next Post

ԱՆԿԱԽ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԱՆԿԱԽ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.