Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն ՄԱԿ-ի 80-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց իսրայէլեան ոտնձգութիւնները դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը: «Մինչ ձեր առջեւ կը խօսիմ խաղաղութեան, բարգաւաճումի եւ մարդկային իրաւունքներու մասին, հայրենակիցներս կը զոհուին եւ հայրենիքէս հատուածներ ենթակայ են բռնագրաւումի», ահազանգեց Աուն: Ան յիշեցուց, որ բարգաւաճում չի կրնար ըլլալ առանց խաղաղութեան, իսկ խաղաղութիւն կարելի չէ հաստատել առանց արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու՝ ներառեալ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը: Նախագահը ուստի կոչ ուղղեց ապագայի սերունդները փրկելու պատերազմներու արհաւիրքէն, եւ միասնաբար ապրելու խաղաղութեամբ: Աուն Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ ու պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ ու վերահաստատել, որ Թել Աւիւ տակաւին յանձնառու է զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան: Ռուպիօ վերահաստատեց ամերիկեան վարչակազմին աջակցութիւնը Լիբանանին ու բանակին: Աուն շարք մը տեսակցութիւններ ունեցաւ եւրոպացի պաշտօնատարներու հետ՝ քննարկելու լիբանանեան ու տարածաշրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի հետ կապերու խորացումը: Աուն հաւաստիացուց, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ զէնքի մենաշնորհի որոշումը գործադրել փուլային տարբերակով:

