Մարդ արարածը հակում ունի ձգտելու հետզհետէ աւելի երկար եւ մնայուն դաստիարակութեան, ըլլայ այս վերջինը կրթական համակարգի թէ գործնական կեանքի մէջ։ Իւրաքանչիւր երեխայ ընտանեկան միջավայրի մէջ, ընկերային պարտադրանքի շնորհիւ ինքզինք պարտական կը զգայ` շնորհակալ վերաբերում յայտնաբերելու իր մեծերուն հանդէպ։ Այս կէտէն մեկնելով է որ «մենք»ը կը պաշարէ անհատը․ մենք, մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթը։ Այսպէս ուրեմն, քանի որ որպէս «ընկերային կենդանի»ներ, մեզի համար բնական է ապրիլ մշակոյթի մը մէջ, հետեւաբար դժուար է տարբեր մշակոյթներու օրինականութիւնը ընդունիլ եւ ճանչնալ, նաեւ գնահատել։ Այս իսկ պատճառաւ օտար լեզուի մը ուսումնասիրութիւնը կը դժուարանայ, որովհետեւ մեր ականջն ու լեզուն օտար ձայներու պատշաճեցնելու համար հարկաւոր է երկար ժամանակ վատնել։ Այս դժուարութիւնը ալ աւելի կը շեշտուի երբ արդէն չափահաս մը կը փորձէ օտար լեզու մը սորվիլ։ Այս կարգի աշկերտութիւն մը տարբեր մշակոյթներու ճանաչման ուղղութեամբ կատարուած կարեւոր փուլ մըն է։ Հետեւաբար կարելի է եզրակացնել, որ իսկական իմաստով մշակուած անձը այն է, որ հակառակ իր մանկութեան հաստատամտութեան, արիաբար եւ համարձակօրէն ջանացած է բացուիլ հեռաւոր մշակոյթներու ուղղութեամբ։
Եթէ մշակուած մարդը զարգացած անձի իմաստով ըմբռնենք, ո՞վ է ան․ այս իմաստով` գիտունը։ Մեծ լեզուաբան մը կարող է ճանչնալ մինչեւ քանի մը տասնեակ օտար լեզուներ, ինչ որ ապացոյցն է այդ անձին տարբեր մշակոյթներու հանդէպ ունեցած մօտեցումը եւ հետաքրքրութիւնը։ Իսկական մշակոյթը վերաբացում կը նշանակէ օտար քաղաքակրթութիւններու, օտար կենցաղակերպերու, մէկ խօսքով՝ օտար մշակոյթներու նկատմամբ։ Այս իսկ պատճառաւ ընկերութիւնները երբեք միմիայն ձգտած չեն փակուելու իրենք իրենց վրայ, այլ նախընտրած են վարուիլ` ասպնջական, հիւրընկալ։ Անցեալի թագաւորութիւններու միջեւ տեղի ունեցած շքեղ, հոյակապ նուէրներու փոխանակումը ապացոյցն է նմանօրինակ վերաբերումին։ Այս իմաստով, դրացի ժողովուրդներ ջանք թափած են կանխել պատերազմը, զայն փոխանակելով արքունի աննախադէպ հարսանիքներով։
Մշակոյթի մը բաղադրիչները բազմաթիւ են, ուրկէ մշակոյթներ հասկացութիւնը։ Լեզուն, պատմական անցեալը, աւանդութիւնները, կրօնքը եւ անոր ծիսակատարութիւնները, խոհանոցը, ազգային արուեստի այլազան ոլորտները եւ դեռ ուրիշ բաղկացուցիչներ ծանօթ են որպէս մշակոյթի բաղադրիչներ իւրաքանչիւր հաւաքականութեան մէջ։ Կրնանք ենթադրել վերոյիշեալ բաղկացուցիչներէն մեծամասնութեան տիրապետող զարգացած անհատ մը, սակայն այս անձը իսկական մշակուած անձնաւորութեան տիպարը կրնա՞յ հանդիսանալ։ Մեր կարծիքով՝ ոչ, եթէ այդ անձը օտար ազգերու եւ քաղաքակրթութիւններու մշակոյթին նկատմամբ ամրափակ կեցուածք կը ցուցաբերէ։
Իսկական մշակուած անձը իր սեփական մշակոյթէն զատ տարբեր մշակոյթներու ալ ուղղուած մօտեցումովը հանդուրժող, ներող անձնաւորութիւն մըն է միաժամանակ։

