Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ… (1) 

  Լ. Շ.   

September 23, 2025
in Յօդուածներ
0

 

 

Բուրգերու երկրէն կամ Նեղոսի ափերէն լուրեր կա՞ն…։

Այս հարցումը յաճախ կը հարցնեմ ես ինծի՝ ամէն անգամ որ կը բանամ եգիպտահայ մեր առօրեայ թերթերը ու արագ ակնարկ մը կը նետեմ անոնց հրամցուցած սիւնակներուն վրայ։

Իմ աչքերը իզուր կը փնտռեն լուր մը, թղթակցութիւն մը կամ գրաւոր որեւէ նիւթ, որ առնչուած ըլլայ մեր այս պատմական երբեմնի փառաւոր գաղութին։ Չկայ։ Կամ՝ գրեթէ չկայ։ Եգիպտահայ մամուլին գլխաւոր բացական նո՛յնինքն եգիպտահայ գաղութն է…։ Զարմանալի է, բայց այդպէ՛ս է։

Տխուր է անշուշտ նման հաստատում մը, որ թերեւս թեր ու դէմ կարծիքներու, վիճաբանութիւններու, հակաճառութիւններու դուռ ալ կրնայ բանալ։ Եգիպտոսի մեր սիրելի արիւնակիցները կրնան վշտանալ ու յիշեցնել մեզի, թէ գաղութը նօսրացած է, մտաւորականութիւնը՝ պակսած, հայերէնով երկու անսխալ էջ շարադրելու ատակ անձեր գրեթէ չեն մնացած, նոր սերունդը հայերէն չի կարդար, իսկ իր գոյութիւնը պահպանող գաղութային ամէնօրեայ միակ դպրոցն ալ (Գահիրէի Գալուստեան-Նուպարեան ազգ. վարժարանը) շա՛տ բան կորսնցուցած է իր անցեալի ներուժէն եւ այլն, եւ այլն։

Այո՛, գիտենք այս բոլորը։ Գիտենք ու լա՛ւապէս կ՛ըմբռնենք այդ երեւոյթները, որովհետեւ Սուրիա-Լիբանանի մէ՛ջ ալ ամէն օր կը զգանք ու կը տեսնենք ազգային եւ տոհմիկ արժէքներու արագասոյր նահանջ մը…։ Գիտենք, թէ 60-ական թուականներէն ետք տնտեսական ի՛նչպիսի ճնշումներու եւ մաշեցուցիչ կարգադրութեանց բերումով գաղթի լայնածաւալ ալիք մը ցրուե՜ց եգիպտահայերը, զանոնք տարաւ նետեց Գանատայի կամ Աւստրալիոյ «շէն» ափերը…։

Մնացողները տոկացին դժուարաւ։ Բայց ուժերը շարունակաբար կծկուեցան, ցամքեցան։ Ու երբ հասանք 90-ական թուականներ, անդրադարձանք որ հին օրերու Գահիրէէն կամ Աղեքսանդրիայէն գրեթէ բան չէր մնացած…։

Այնուամենայնիւ, եգիպտահայութիւնը այնքան արմատաւորեալ ու աւանդապաշտ հաւաքականութիւն մըն է, որ երբեմն իր նօսրացած ուժերով կը յաջողցնէ անկարելի կարծուած գործեր, երբեմն իր հպարտ ստորագրութիւնը կը դնէ մեր բոլորին հիացում պատճառող իրագործումներու տակ։ Եւ ամէնէն ուշագրաւ իրագործումները կ՛առնչուին հրատարակչական մարզին։

Այո՛, հրատարակչական կալուածը թագն ու պսակն է եգիպտահայոց մշակութային գործունէութեան։

Զորօրինակ, Գահիրէի մէջ կը գործէ Հ.Բ.Ը.Միութեան հովանին վայելող հրատարակչական հիմնադրամ մը՝ «Սաթենիկ Չագըր» (ազնիւ բարերարուհիի մը անունով), որ տասնեակներով գիրքեր լոյս ընծայած է սա վերջին 30 տարիներուն, հիանալի ու անկասելի հետեւողականութեամբ։ Կը թուեմ այդ գիրքերէն ոմանց անունները՝ գաղափար մը տուած ըլլալու համար մեր ընթերցողներուն. Աստղիկ Գէորգեան՝ «Հայ մանրանկարիչներ, մատենագիտութիւն 9-19-րդ դարերու» (1998), Տիգրան Գէորգեան՝ «Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքը» (2001), Շահէն Խաչատրեան՝ «Սարեանը եւ Եգիպտոսը» (2001), Վարդգէս Միքայէլեան՝ «Հայ գաղթաշխարհի պատմութիւն (միջնադարից մինչեւ 1920)», Տիգրան Չուխաճեանի երաժշտական գործերուն բազմահատոր շարքը (1999-2005), Գոհարիկ Ղազարոսեանի երաժշտական գործերէն տասը գիրք (2005), Մարուշ Երամեան՝ «Որբուհիներուն տուները. Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա» (2023), Վիքթորիա Արշարունի՝ «Նուպար փաշա. Եգիպտոսի մեծ ծառան 1825-1899» (2024), նաեւ՝ արաբերէն ու անգլերէն այլաբնոյթ գիրքեր հայոց պատմութեան մասին։

Հրատարակչական ծիրէն ներս շատ գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն էր լոյս ընծայումը արաբերէն «Արեւ» ամսաթերթին, որ առաւելաբար ուղղեալ էր միջինարեւելեան երկիրներու արաբ մտաւորականութեան։ Կը նպատակադրէր ամրացնել հայ-արաբ մշակութային կապերը։ Անիկա հրատարակուեցաւ 1998-2009, որպէս «Արեւ» օրաթերթի յաւելուած։ 2010-ին վերակոչուեցաւ «Արեգ» ու սկսաւ հովանաւորուիլ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կողմէ, մի՛շտ իր գլխուն վերեւ ունենալով արաբ խմբագիր մը։ 2017-էն իվեր լոյս կ՛ընծայուի եռամսեայ դրութեամբ։

Յետոյ՝ յատկանշական է եգիպտահայ մամուլին յարատեւութիւնը։ Գաղութին աւանդական երեք թերթերն ալ` «Յուսաբեր», «Արեւ» ու «Ջահակիր», սա կամ նա ձեւով կը շարունակուին առ այսօր, ճիշդ է՝ բուռ մը ընթերցողներու համար եւ ընդհանրապէս աղքատիկ բովանդակութեամբ, այնուհանդերձ մեծապէս ողջունելի է «խանութը չփակելու» անոնց վճռակամութիւնը…։

Դեռ կան անհատական ճիգեր ու իրագործումներ ալ։ Անգամ մը ձեռք առէք ու թղթատեցէք եգիպտահայ երէց մտաւորական տոքթ. Սուրէն Պայրամեանի պատրաստած սքանչելի հատորները։ Ան նախ տպեց «Հայ մամուլը Եգիպտոսի մէջ» մատենագիտական հատորը (2005), յետոյ` «Հայ գիրքը Եգիպտոսի մէջ 1888-2011» երկասիրութիւնը (2012), այնուհետեւ ալ պատրաստեց ու լոյս ընծայեց «Հայկական գաղութային կառոյցները Եգիպտոսի մէջ» աշխատութիւնը (2017)։ Մե՜ծ ծառայութիւն, որ պատիւ կը բերէ եգիպտահայութեան։

Չենք կրնար մոռնալ գահիրէաբնակ Պերճ Թերզեանի ու Հայկ Աւագեանի հրատարակած մեծաթիւ հատորները, շահեկան ու այժմէական նիւթերով։

Վերջին տարիներուն, եգիպտահայութեան մեծագոյն ընկրկումը Աղեքսանդրիոյ Ազգային Պօղոսեան վարժարանին փակումը եղաւ։ Անիկա սուսիկ-փուսիկ վերջ տուաւ իր դարաւոր գոյութեան, 2020-ին։ 125 տարուան պատմական կրթօճախ մը դադրեցաւ։ Ի՞նչ կրնային ընել պատասխանատու մարմինները՝ երբ այլեւս հայ աշակերտ չկար, դասասենեակները պարպուեր, գրասեղանները թափուր մնացեր էին…։

Եգիպտոսի սոսկ անունն իսկ անմիջապէս կը յիշեցնէ մեզի Հ.Բ.Ը.Միութիւնը, որ հո՛ն հիմնուեցաւ 1906-ին, Պօղոս Նուպար փաշայի եւ իրեն համախոհ հոյլ մը գործիչներու կողմէ (Եագուպ Արթին փաշա, Երուանդ Աղաթօն, Առաքել պէյ Նուպար, Գրիգոր Եղիայեան եւ այլք)։ 22 տարի անց, դա՛րձեալ Գահիրէի մէջ է որ հիմնուեցաւ Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւնը, Շանթի, Աղբալեանի, Օհանջանեանի, Գ. Իփէկեանի եւ անոնց գաղափարակից ընկերներուն կողմէ։

Գահիրէի մէջ կը բաբախէր նաեւ հայ գրականութեան սիրտը։ Հոն գործեցին Թէքէեանը, Օտեանը, Միքայէլ Կիւրճեանը, Վահան Նաւասարդեանը, մեթր Ստեփան Շահպազը, Բենիամին Թաշեանը, ծաղրանկարիչ Սարուխանը, երգիծաբաններ Խորէն Տէտէեանն ու Պարոյր Մասիկեանը, Աւետիս Եափուճեանը, Արսէն Երկաթը, Հմայեակ Շէմսը եւ շատ ուրիշներ։ Հոն եղբայրասպան գնդակի մը զոհ գնաց «Կարմիր Ժամուց»-ի հեղինակը՝ տարաբախտ գրագէտ ու հրապարակագիր Արփիար Արփիարեանը…։

Եգիպտոս եւ եգիպտահայութիւն։ Թաւալող հարուստ պատմութիւն մը…։

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԳԼՈՒԽ ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԻՄ

Next Post

 ՄՇԱԿՈՅԹ – ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐ Փիլիսոփայական մտորումներ-29

Next Post

 ՄՇԱԿՈՅԹ – ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐ Փիլիսոփայական մտորումներ-29

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.