Ութսունամեակ։ Փարիզ։ ՀԲԸ Միութեան Ընդհանուր ժողով: Գործիս բերումով Եւրոպա կը գտնուիմ։
Ընթերցող պատանեկութիւն կար տակաւին 1986-ին: Դեռ կը հրատարակուէր «Խօսնակ Պատանեկան»-ը։ Համեստս, խմբագրական կազմի «մնայուն» անդամ, որոշուեցաւ որ ներկայ գտնուիմ Ընդհանուր ժողովին եւ փորձեմ հարցազրոյցներ «կորզել» օրուայ ղեկավարներէն, առնուազն որու հետ որ կարելի ըլլար:
Պատուոյ նախագահ՝ Ալեք Մանուկեան.
Նախագահ՝ Լուիզ Մանուկեան Սիմոն.
Փոխնախագահ՝ Պերճ Սեդրակեան.
Աշխարհի չորս կողմէն ներկայ է ՀԲԸ Միութեան խաւը: Բոլորն ալ իրենց սուղ ժամանակէն զոհած, եկած են ժողովի։ Ծայր աստիճան խճողուած յայտագիր մը կայ: Անհամար ժողովներ, նիւթա-բարոյական տեղեկագիր վերջին տարիներու գործունէութեան, Կեդրոնական վարչութեան նոր ընտրութիւն, մեծարանք՝ Երկրորդական վարժարաններու երկարամեայ անզուգական տնօրէն պարոն Արա Թօփճեանին, 80-ամեակի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէս, կողմնակի հանդիպումներ եւ վերջապէս այցելութիւն եւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի դամբարանին:
Ինչպէս միշտ, աշխոյժ է երջանկայիշատակ պարոն Նուպար Նազարեանը: Ո՞վ կ’ըսէ թէ միայն հոգեւորականները արժանի են երջանկայիշատակ յորջորջումին: Կան ոչ-սքեմաւոր «կղերականներ», որոնք սրբազան գործունէութիւն ունեցած են հայ կեանքէն ներս, հետեւաբար ալ արժանի են այդ մակդիրին:
Պարոն Նուպար, բառացիօրէն ձեռքս բռնած, շրջագայելով պանդոկի սրահներուն, քաֆեթերիաներուն եւ միջանցքներուն մէջ, կը յորդորէր. «Տղա՛ս է, նայեցէ՛ք, ինչ որ կ’ուզէ՝ ըրէք»: Լաւ գիտէր, որ ուզածս հարցազրոյց մը վարելն էր:
Գերզբաղ վիճակ մը կայ: Բոլորն ալ բազմազբաղ են: Հակառակ այդ բոլորին, ՀԲԸ Միութեան օրուան փոխնախագահը՝ Պերճ Սեդրակեան, պատիւ ըրաւ գաւաթ մը սուրճի շուրջ հարցազրոյց մը շնորհելու:
Լիբանանէն ներս ահռելի վիճակ մը կար։
Քրիստոնէական շրջաններու մէջ՝ «Ինթիֆատա» (ապստամբութիւն) եւ ապա «Ինթիֆատա ալա ինթիֆատա»… ապստամբութիւն՝ ապստամբութեան դէմ:
– Արեւմտեան Պէյրութի մէջ ԱՄԱԼ-պաղեստինեան բախումներ:
– Անհամար առեւանգումներ:
– Վեցօրեայ պատերազմ՝ շիի-տիւրզի զինեալներու միջեւ։
Անհրաժեշտ էր գիտնալ ՀԲԸ Միութեան ղեկավարութեան կեցուածքը լիբանանահայութեան եւ մանաւանդ պատանիներու եւ երիտասարդներու ապագային նկատմամբ:
Խճողուած յայտագրի աւարտին, բոլորս փոխադրակառքերով ուղղուեցանք նշանաւոր Pere Lachaise գերեզմանատունը, Պօղոս Նուպար Փաշայի դամբարանը: Երուսաղէմի պատրիարք Տէր Սերովբէ Մանուկեանի կատարած հոգեհանգստեան պաշտօնի վերջաւորութեան, Հայոց պատարագի յուզիչ «Տէր Ողորմեա»ն հազիւ աւարտած, տիար Ալեք Մանուկեան հակելով դէպի պատրիարք Սրբազանին ականջը, բան մը փսփսաց։
Բոլորիս համար պաշտօնական յայտագիրը վերջ գտած էր, բայց ո՛չ Միութեան պատուոյ նախագահին համար:
Երկու մեծերուն առաջնորդութեամբ, առանց այլեւայլի, բոլորս ուղղուեցանք Անդրանիկ Զօրավարի դամբարանը..:
Այսօր, մօտ քառասուն տարի ետք, մարմինս անգամ մը եւս կը փշաքաղուի, երբ յիշեմ այդ սրբազան եզակի պահը:
Հմայուած եմ..: Գլուխ կը խոնարհիմ Ամենայն Հայոց բարերարին՝ Ալեք Մանուկեանի այդ նախաձեռնութեան:
Բի՛ւր յարգանք, անկրկնելի հայուն, Ալեք Մանուկեանի անմար յիշատակին:
(Արտատպուած «Խօսնակ» պաշտօնաթերթէն, Մարտ-Ապրիլ 2025)

