Հանճարեղ Կոմիտասի մասին գրուած են բազմատասնեակ գիրքեր եւ դեռ պիտի գրուին վստահաբար: Կոմիտաս Վարդապետը ամենասրտառուչ տիպարն եղած է հայոց ողբերգութեան տարողութեան. արուեստագէտ Կոմիտասը անզուգական մեկնաբանը եղած է հայոց երգարուեստին ու երաժշտութեան. առեղծուածային Կոմիտասը անսպառելի նիւթ հայթայթած է գրողներու, հոգեբաններու, նկարիչներու, քանդակագործներու, երաժիշտներու եւ նաեւ օտարազգիներու: Արդարեւ երեւոյթ մըն էր Կոմիտաս՝ որ յաւերժօրէն կը մնայ ներշնչման աղբիւր հայ ժողովուրդի բոլոր շերտերուն համար: Կը մնայ հիացմունքի արժանի՝ միջազգային մակարդակով ու լուսաւոր տիպար՝ սերունդներու համար:
Կոմիտասի մասին գրուած հատորներու շարքին, վերջերս աւելցաւ անուն մը եւս՝ «Կոմիտաս. արուեստագէտն ու նահատակը», հեղինակութեամբ Սերժ Մոմճեանի: 176 էջերէ բաղկացած հատորը լոյս տեսած է Երեւան՝ Էդիթ Պրինտ հրատարակչութենէն. բնագիրը անգլերէն է («Komitas: The Artist and The Martyr»), իսկ հայերէնի թարգմանած են Անի Պետրոսեանն ու Վիքթորիա Գրիգորեանը:
Հատորն ունի Նախաբան մը, կը բաղկանայ երկու մասերէ. առաջինը՝ Արուեստագէտը՝ 9 գլուխ, երկրորդը՝ Նահատակը՝ 13 գլուխ, եւ Վերջաբան մը: Նախաբանը կը սկսի այսպէս՝ «Կոմիտասը հայ ժամանակակից դասական երաժշտութեան ռահվիրան է». անդրադառնալով Կոմիտասի հսկայական աշխատանքին, կը կարդանք՝ «Հայկական մշակոյթում Կոմիտասի հիմնական վաստակը նրա՝ ժողովրդական երաժշտութեան մեծածաւալ հաւաքչութիւնն է եւ քառաձայն Սուրբ Պատարագը, որ շատ յայտնի է եւ մինչեւ օրս երգւում է Հայ Եկեղեցում»: Կ’իմանանք որ գիրքը կը միտի ներկայացնելու Կոմիտասի անհատականութեան երկու կողմերը՝ «արուեստագէտին եւ նահատակին, որոնց մէջ զարմանալիօրէն միաւորւում են արուեստն ու տառապանքը, ինչի արդիւնքում Կոմիտասը դառնում է մէկ ամբողջութիւն իր ժողովրդի հետ»:
Առաջին մասով (էջ 11-76) կը կարդանք Կոմիտասի կեանքին հիմնական դրուագները մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտ. այսինքն՝ Քէօթահիայի մէջ (Կուտինա) ծնունդէն (26 Սեպտեմբեր 1869) մինչեւ իր ձերբակալութիւնը Կ. Պոլսոյ մէջ՝ Մեծ Եղեռնի նախօրէին: Սողոմոն Սողոմոնեանը մէկ տարեկան չկար, երբ որբացաւ մօր (Թագուհի) կողմէ, իսկ տասը տարեկանին՝ հօր (Գէորգ): Թրքախօս միջավայրի մէջ հասակ նետող պատանին բարեբախտաբար կը յաճախէր տեղւոյն հայկական եկեղեցին՝ ուր կը մասնակցէր եկեղեցական արարողութեանց: Կը պատահի բախտաբեր իրադարձութիւնը, երբ 1881 Սեպտեմբերին, Պուրսայի առաջնորդ Գէորգ վրդ. Դերձակեան իր հետ Էջմիածին կը տանի որբ Սողոմոնը որպէս Գէորգեան ճեմարանի սան: Սողոմոնը կը մնայ Էջմիածին՝ հետզհետէ խորանալով հայ երաժշտութեան մէջ՝ եկեղեցական թէ ժողովրդային բնագաւառներէ ներս: Աշակերտելով նշանաւոր երաժիշտ Քրիստափոր Կարա Մուրզայի, կը ծանօթանայ եւրոպական երաժշտութեան կանոններուն, իսկ ուսումնասիրելով երաժիշտ Համբարձում Լիմոնճեանի գործերը՝ կը հմտանայ հայկական դժուար ու բարդ խազերուն մէջ, ինչ որ պիտի նպաստէր առաւել մերձենալու հայոց հնագոյն երաժշտութեան: Մինչայդ, կը թափառէր հայկական գիւղեր, կը շփուէր համեստ մշակներու, գեղջուկներու եւ տարբեր խաւերու հետ՝ քաղելով հայկական երգեր, արձանագրելով անոնց երաժշտութիւնը՝ ապագային մշակելու համար զանոնք: Ապա կը կոչուի հոգեւորական առաքելութեան՝ ձեռնադրուելով կուսակրօն քահանայ, կրելով Կոմիտաս անունը՝ ի պատիւ 7-րդ դարու շարականագիր Կոմիտաս կաթողիկոս Աղցեցիի: Կոմիտաս քսան տարեկան էր, երբ սկսաւ գրել իր գլխաւոր գործը՝ Պատարագը: Այս շրջանին, Կոմիտաս Վարդապետին անվերապահօրէն կը խրախուսէ Խրիմեան Հայրիկ կաթողիկոս, որ առիթ կ’ընծայէ անոր մեկնելու Պերլին՝ երաժշտութեան մէջ մասնագիտանալու համար: Այս առաքելութեան նիւթապէս կ’աջակցի հանրահռչակ գործարար ու բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանց: Գէորգեան Ճեմարանին մէջ կը դառնայ երաժշտութեան ուսուցիչ եւ կը կազմէ աշակերտական երգչախումբ: Այս միջոցին ան կ’այցելէ Թիֆլիս՝ օգտուելու անուանի երաժիշտ Մակար Եկմալեանի հմտութենէն: Այս այցելութիւնը կը դառնայ բախտորոշ, որովհետեւ պիտի ծանօթանար երգչուհի Մարգարիտ Բաբայեանի հետ, որուն հետ պիտի ստեղծուէր սերտ ու սրտամօտ բարեկամութիւն մը՝ շարունակուելու համար մինչեւ վախճանում՝ 1935 Հոկտեմբեր 22, Փարիզ:
1896 Յունիսին Կոմիտաս կը մեկնի Պերլին՝ ուսումնառութեան նպատակով: Դասախօսներու ուշադրութիւնը կը գրաւէ իր տաղանդով: Կ’ուսումնասիրէ հայ երաժշտութիւնը իր մանրամասնութիւններով՝ զայն մաքրելով թրքական-քրտական-արաբական-պարսկական ազդեցութիւններէն: Կը կարդայ դասախօսութիւններ հայ երաժշտութեան շուրջ: Կը վերադառնայ Էջմիածին՝ դասաւանդելու համար: Կը գրէ դասագիրքեր աշակերտներու համար, կը մշակէ նոր երգեր: Այնուհետեւ դարձեալ Եւրոպա. կ’անցնի Փարիզ՝ շարունակելու հայ երգի տարածումը: Կը մտերմանայ Արշակ Չօպանեանի հետ, որ զինք կը կոչէ «հայ դասական երաժշտութեան փրկիչ»: Կը գրէ երգեր, նաեւ գողտրիկ բանաստեղծութիւններ: Այնուհետեւ՝ դարձեալ Էջմիածին. կը բարեկամանայ Տիգրան Չիթունիի հետ, կ’ունենայ անուանի սաներ, որոնցմէ շատեր կը դառնան անուանի երգահաններ ու երգիչներ՝ Սպիրիդոն Մելիքեան, Արմենակ Շահմուրատեան, Միհրան Թումաճան, Վարդան Սարգսեան, Վաղարշակ Սրուանձտեան, Բարսեղ Կանաչեան եւ բազում ուրիշներ: Կոմիտաս սերտ կապեր կը պահպանէր օրուան մտաւորականութեան հետ՝ ինչպէս Յովհաննէս Թումանեանի, Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Վրթանէս Փափազեանի եւ ուրիշներու: Էջմիածնի միաբաններու արհամարհական վարքագիծն ու պահպանողական կաշկանդումները անհնարին կը դարձնեն իր կեցութիւնը վանքին մէջ, ուստի կ’որոշէ փոխադրուիլ Կ. Պոլիս, 1910-ին: Հոն կը կազմէ շատ հռչակաւոր 300 հոգիանոց «Գուսան» երգչախումբը, որ մշակութային մեծ ոգեւորութիւն կը ստեղծէ համայնքէն ներս՝ գրաւելով ուշադրութիւնը օսմանեան իշխանութիւններուն: Հոս եւս պահպանողական եկեղեցականներ կը հալածեն զինք: Ան կ’անցնի Եգիպտոս եւ կը կազմէ երգչախումբեր: Վերադառնալով Պոլիս խանդավառօրէն կը մասնակցի հայոց գիրերու գիւտի 1500-ամեակի տօնակատարութեանց՝ որ կարծէք կը գրգռէ իթթիհատականները՝ աւելի ուշ առաջիններէն թիրախաւորելու համար զինք: Մինչայդ կը մօտենար չարագուշակ թուականը՝ 1915 Ապրիլ 24…
Գիրքին երկրորդ մասը (էջ 87-174) կը նկարագրէ Հայոց ցեղասպանութեան տարբեր էջերը, հայ մտաւորականութեան աքսորը՝ որոնց մէջն էր Կոմիտաս: Անոնք կը բաժնուին երկու խումբի. եօթանասունհինգը՝ աքսորուելու Թուրքիոյ խորքը՝ Այաշ, հարիւրքսաներկուքը՝ Չանկըր, որոնց մէջն էր Կոմիտաս: Տարագրեալներուն չարչարանքները կը կարդանք սրտի անհուն ճմլումով, քանզի հայոց սերուցքն էր որ կը կոտորուէր գազանաբար: Սակայն, հոգեւորական Կոմիտաս լաւատես էր բոլորին մէջէն: Երկար ճանապարհորդութենէ ետք՝ Պոլիսէն Չանկըր յստակ էր արդէն որ բոլոր մտաւորականները պիտի ենթարկուէին մահապատիժի: Երկու դէպք հոգեպէս կը ցնցեն Կոմիտասը. երբ թուրք վայրագ ոստիկան մը կ’արգիլէ երգել հայերէն երգ մը, եւ միւսը՝ երբ չեն թոյլատրեր ծարաւը յագեցնել եւ կը զգետնեն զինք կոպտօրէն: Աւելի ուշ, իթթիհատական իշխանութիւններէն եկած հրահանգին համաձայն, ութ աքսորեալներ կը վերադառնան Պոլիս՝ ի զարմանս նոյնիսկ ենթականերուն: Կոմիտաս կը վերադառնայ՝ սակայն հոգեպէս ցնցուած: Աւելի ուշ կը պարզուի, որ ԱՄՆ-ի դեսպան Հենրի Մորկենթաուի կտրուկ միջամտութիւնը դրական արդիւնք տուած է այս փրկարար քայլին համար:
Պոլսոյ մէջ Կոմիտաս կ’ապրի խանգարուած հոգեվիճակով: Զինք կը խնամէ տոքթ. Վ. Թորգոմեան: Մէկ երկու եկեղեցական պարտականութիւններ հազիւ կը կատարէ: Կը խուսափի մարդոցմէ: Կը տառապի հալածախտէ: Ներքին խռովքը տեւապէս կը տագնապեցնէ զինք: Կը փոխադրեն թրքական հոգեբուժարան: Աւելի վատ: Ապա, ընկերներ թաքուն կ’որոշեն զինք ուղարկել Փարիզ՝ հանգստանալու եւ բուժուելու համար: Փարիզի մէջ կ’ենթարկուի զանազան բուժման՝ տարբեր հոգեբուժարաններէ ներս: Անվերականգնելիօրէն քայքայուած էր հոգեմտաւոր առողջութիւնը Կոմիտասի: Ան կը դառնայ մարդախոյս: Կ’ատէ մարդիկը ընդհանրապէս: Կը կարծէ թէ իր ընկերները դաւադրաբար իրեն փոխադրած են հոգեբուժարան եւ կը բղաւէ անտեղի՝ վտարելով բարեկամները իրմէ: Բժիշկը կ’ախտորոշէ՝ «հետապնդման զառանցանքներ, կպչուն մտքեր, դեպրեսիա եւ դիւրագրգռութիւն»: Զինք կ’այցելեն հին բարեկամները՝ Փանոս Թերլեմեզեան, Արմենակ Շահմուրատեան, Մարգարիտ Բաբայեան եւ վերջին այցելողը՝ 20 Հոկտեմբեր 1935-ին կ’ըլլայ Տիգրան Չիթունին: Կոմիտաս կը վախճանի 22 Հոկտեմբեր 1935-ին: Մէկ տարի ետք անոր աճիւնները կը փոխադրուին Խորհրդային Հայաստան՝ հանդիսաւորապէս յուղարկաւորուելու համար:
Ո՞վ է գիրքին հեղինակը.- Սերժ Մոմճեան ծնած է Պէյրութ: 1970-ականներուն կը տեղափոխուի Լոնտոն՝ ուր կը հետեւի լրագրութեան: Երկար տարիներ կ’աշխատի Պէյրութի Daily Star պարբերականին մէջ որպէս մշակութային լրագրող: Կ’աշխատակցի նաեւ London’s Events ամսագիրին: Աւելի ուշ կը գրէ վէպեր անգլերէնով, ինչպէս՝ Conflicting Motives, The Invisible Line, The Singer of the Opera, Gateway to Armenia, Tigranes the Great: The Rise and Fall of an Ancient Empire, Vardan: The Supreme Armenian Commander: 2015-ին ան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանին:
Գիրքին մէջ կան հետաքրքրական լուսանկարներ քաղուած Կոմիտասի անձնական կեանքէն: Իսկ առաջին կողքի պատկերը՝ Արշակ Չօպանեանի Փարիզի տան մէջ 1901 թուականի Օգոստոսին քաշուած լուսանկարն է:
(Երեւան)

