Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽԱՈՒԹԵԱՆ 34-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

September 23, 2025
in Գաղութային
0

 

 

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅՈՒ ԵՒ ՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱԳ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ Է»

 

Որեւէ ազգի համար իր անկախութիւնը սրբազան արժէք է ու իրաւունք, եւ միաժամանակ անոր առողջ ու հզօր պահպանումը նուիրական պարտաւորութիւն է։ Այսպէ՛ս եղած է միշտ մեր ժողովուրդին համար, երբ իր անկախութիւնը պատմութեան ամէնէն դշխեմ պայմաններուն մէջ վերահաստատած է։ Այսպէ՛ս եղած է նաեւ Մայիս 28-ով յատկանշուող Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերակերտումը։ Անկախութիւնը ծով զոհողութեամբ ու հաւաքական յանձնառութեամբ, ի պահանջել հարկին նաեւ արեան վկայութեամբ կը կերտուի։

Մայիս 28-ի անկախութիւնը տասնամեակներ շարունակ մեր ժողովուրդին համար չեղաւ սոսկ անցեալի յուշ, այլ եղաւ մնայուն յուշարար ու ամէնօրեայ տագնապ, եռագոյնով դարձեալ ունենալու ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստան՝ ամբողջական հայութեամբ։ Հազար փա՜ռք Աստուծոյ եւ պատիւ մեր ժողովուրդին, որ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին դարձեալ ունեցանք ազատ ու անկախ Հայաստան։

Ճի՛շդ է, այսօր Հայաստանը կը դիմագրաւէ տագնապներ ու մարտահրաւէրներ՝ ներքին թէ արտաքին։ Ճի՛շդ է, այսօր Հայաստանը այն չէ ինչ որ մեր երազին պատկերով տասնամեակներ շարունակ ուզեցինք ունենալ։ Սակայն նո՛յն երազը ու իտէալը պէտք է պահել արծարծ։ Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ չունի երազ ու իտէալ եւ զայն իրագործելու հաւատք, կամք ու յոյս։ Մեր ժողովուրդը կոչուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը պահելու ամուր՝ իր պետական կառոյցներով, ներքին համերաշխութեամբ եւ յատկապէս հայրենի մեր ժողովուրդին զօրեղ կապուածութեամբ Հայրենիքի ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն եւ արժէքներուն նկատմամբ։

Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնի նշումը տօնակատարութենէն անդին պէտք է դառնայ հրաւէր՝ ամուր ու կանգուն պահելու մեր Հայրենիքը՝ հեռու ամէն տեսակ ներքին բեւեռացումներէ ու զգայնութիւններէ։ Հայաստանը ամբողջ հայութեան հայրենիքն է։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է մօտենան Հայաստանին։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ Հայաստանի պետական պատասխանատուները պէտք է մօտենան Սփիւռքին։

Դժբախտաբար, ինչ-ինչ պատճառներով մենք կորսնցուցինք Արցախը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութեան կարեւոր կռուաններէն մէկը։ Ապրինք ու գործենք այնպէս, որ Հայաստանը երբե՛ք հեռու չմնայ Սփիւռքէն, եւ Սփիւռքը՝ Հայաստանէն։ Հայաստանն ու Սփիւռքը իրարմէ հեռացնելը կամ անջատելը ազգային հերետիկոսութիւն է։

Արդարեւ, Հայաստանի անկախութեան նշումը պատգամ մըն է ամբողջ հայութեան՝ համախմբուելու Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն արժէքներուն՝ հողային ամբողջականութեան, անվտանգութեան ու գերիշխանութեան անվթար պահպանման ու առաւել հզօրացման շուրջ։ Այս գիտակից յանձնառութեամբ միա՛յն մեր Հայրենիքին անկախութեան նշումը իր ճշմարիտ ու ամբողջական իմաստն ու նպատակը կը ստանայ։

Թող Աստուած Իր երկնային թագաւորութեան մէջ ընդունի մեր սրբազան հողին պաշտպանութեան ու պահպանման համար իրենց արիւնը թափած մեր նահատակները եւ շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ մարտի դաշտին վրայ վիրաւորուած մեր զինուորներուն։ Թող Աստուած Իր երկնային զօրութեամբ անսասան պահէ Հայաստանի՝ մեր սիրելի Հայրենիքին անկախութիւնը, եւ միակամ՝ մեր ժողովուրդի զաւակները այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՏԻԿԻՆ ԵՐԱՆՈՒՀԻ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ-ԱԲԳԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Next Post

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ «ԿՈՄԻՏԱՍ. ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆ ՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿԸ»

Next Post

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ «ԿՈՄԻՏԱՍ. ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆ ՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.