Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՏԻԿԻՆ ԵՐԱՆՈՒՀԻ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ-ԱԲԳԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

September 23, 2025
in Այլազան
0

Անցնող Կիրակի, 21 Սեպտեմբերին, Նոր Հաճընի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ մեր հանգուցեալ հայրենակցուհի, կրթական եւ դաստիարակչական ասպարէզի նուիրեալ տիկին Երանուհի Գույումճեան-Աբգարեանի քառասունքի հոգեհանգստեան արարողութիւնը։ Արարողութիւնը կատարեց արժանապատիւ Տէր Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան՝ եկեղեցւոյ դպրաց դասի եւ «Գայիանէ» երգչախումբի մասնակցութեամբ։

Եկեղեցական կարգէն ետք, ներկաները խմբուեցան Հ.Կ.Բ.Մ.-ի դարմանատան սրահը՝ հոգեճաշի համար, ուր Հաճնոյ հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ համեստ, բայց յուզումնալից ոգեկոչման ձեռնարկ։

Տիկին Երանուհի ծնած է 1935-ին, Պէյրութի Թիրօ թաղամասին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք Ազգային Նուպարեան վարժարանին մէջ, ուսումը շարունակեց ՀԲԸՄ Դարուհի Յակոբեան վարժարանին, ապա BCW համալսարանին (այժմ՝ LAU) մէջ, ուր 1959-ին իր բարձր վաստակով աւարտեց դեղագործական բաժինը։ Հետագային արժանանալով մագիստրոսի աստիճանի՝ իր գիտական հմտութիւնը եւ մասնագիտական նուիրումը ծառայեցուց ի խնդիր նոր սերունդներու կրթութեան ու դաստիարակութեան։

Տարիներու ընթացքին ան դասաւանդեց BCW-ի դեղագործական բաժնէն մինչեւ Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճ, ուր երկար տարիներ սիրուած եւ յարգուած ուսուցչուհի մնաց իր աշակերտներուն ու պաշտօնակիցներուն կողմէ։ Նոյնպէս դասախօսեց Լիբանանեան համալսարանին մէջ՝ կրթելով ու ներշնչելով բազմաթիւ նոր դեղագործներ։ Իր գիտական եւ դաստիարակչական աշխատանքներուն համար արժանացաւ բազմաթիւ պատուոգրերու եւ շքանշաններու:

Ոչ միայն կրթական ասպարէզին, այլ նաեւ հայ մշակութային եւ հասարակական կեանքին մէջ, տիկին Երանուհին միշտ ներկայ եղաւ իր ազնիւ նուիրումով, խոնարհ եւ անձնուրաց ծառայութեամբ։ Ան արժանացաւ սիրոյ ու յարգանքի թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ՛ ընկերներուն կողմէ։ Իր պայծառ կեանքին եւ ազնիւ վաստակին համար կը խոնարհինք յուշարձանի նմանող իր յիշատակին առջեւ։

Հաճնոյ հայրենակցական միութեան անունով խօսք առաւ վարչութեան փոխատենապետ Նազօ Ճէրէճեան, որ ներկայացուց տիկին Երանուհիին վաստակաշատ կեանքը եւ անոր ծնող՝ ազնիւ հայրենասէր Զաքարիա Գույումճեանի անմնացորդ նուիրումը ազգային կեանքին։ Ներկաներուն յուզիչ պահեր պարգեւեց աշխարհի տարբեր շրջաններուն բնակող հինգ պաշտօնակիցներու եւ աշակերտներու տեսերիզային սրտաբուխ խօսքերը հանգուցեալի յիշատակին. մտաւորական, կրթական մշակ՝

Ազատուհի Գալայճեան-Սիմոնեան, խմբագիր, հասարակական գործիչ՝

Աւետիս Ռազմիկ, կրթական մշակ՝ Զարմինէ Կանաչեան-Ասմինեան, հասարակական գործիչ՝ Ռուբէն Մուղալեան եւ գեղանկարիչ՝ Հրաչ Այնթապլեան:

Աւարտին, հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչը ցաւակցութիւն յայտնեց Գույումճեան եւ Աբգարեան ընտանիքներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց կատարած որդիական զոհողութիւնները իրենց մօր հանդէպ, յատկապէս վերջին դժուարին տարիներուն։

Այսօր, կը խոնարհինք տիկին Երանուհի Գույումճեան-Աբգարեանի յիշատակին առջեւ։ Ան կեանք մը ապրեցաւ ոչ թէ իրեն համար, այլ իր ընտանիքին, իր աշակերտներուն եւ իր ժողովուրդին համար։ Իր քաղցր ժպիտը, իր սրտաբաց մարդասիրութիւնը եւ անսակարկ նուիրումը երկար տարիներ պիտի մնան մեր յիշողութեան մէջ իբրեւ անբաղդատելի գանձ։ Թող տիկին Երանուհիին պայծառ հոգին հանգչի երկնաւոր խաղաղութեան մէջ, իսկ իր վաստակաշատ եւ պայծառ կեանքը կը մնայ լոյսի ճառագայթ իր սերունդին եւ հետագայ սերունդներուն համար։

 

 

Share68Tweet43
Previous Post

ՇԱՐԱԱ. «ՍՈՒՐԻԱՆ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՄԻԱՑԵԱԼ»

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽԱՈՒԹԵԱՆ 34-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽԱՈՒԹԵԱՆ 34-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.