Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա շնրորհակալութիւն յայտնեց իր ամերիկացի պաշտօնակիցին՝ Դամասկոսի նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները չեղարկելուն համար, շեշտելով որ Սուրիան պէտք է ըլլայ ապահով, կայուն եւ միացեալ: «Մենք ժողովուրդը փրկեցինք անարդարութենէն եւ ոճրային վարչակարգէն, անոնց տալով յոյս, որ վերադառնան հայրենիք: Մենք երկրէն վտարեցինք «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը, Իրանի միլիսները եւ Հըզպալլան», հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ Սուրիոյ նախագահը: Խօսելով հարաւային սահմանին մասին, Շարաա պնդեց, որ Դամասկոս կը փորձէ խուսափիլ Իսրայէլի դէմ պատերազմէն, պահանջելով որ բռնագրաւող ուժերը հեռանան սուրիական հողերէն եւ անվտանգութեան վերաբերող տարակարծութիւնները լուծուին բանակցութեամբ: Նոյն ծիրին մէջ, ամերիկեան ներքին անվտանգութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Սուրիան վերացուցած են ժամանակաւոր պաշտպանութեան ծրագրին մէջ ներառուած երկիրներէն: Ուստի, շուրջ եօթը հազար սուրիացիներ յառաջիկայ երկու ամիսներուն պիտի չօգտուին նշեալ ծրագրի ծիրին մէջ ներկայացուած օգնութիւններէն: Նախարարութիւնը այդ սուրիացիներուն 60 օր տուաւ դուրս գալու երկրէն եւ վերադառնալու հայրենիք՝ տրամադրելով օդանաւային անվճար տոմս եւ հազար տոլարի նպաստ, միաժամանակ խոստանալով ապագային տալ օրինական միջոցներով Միացեալ Նահանգներ գաղթելու հնարաւորութիւն:

