Հայ ժողովուրդը Կիրակի օր տօնեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 34-ամեակը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ Արմաւիրի մէջ արտասանած ուղերձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր քաղաքացիներուն եւ նահատակներուն՝ անկախութեան, ազատութեան եւ գերիշխանութեան դիրքերուն վրայ կանգնելու համար: Ան անկախութիւնը նկարագրեց որպէս գնացքի մը վակոնէն ինքնաշարժով ճամբան շարունակելուն: «Պետութիւնը նման է ինքնաշարժի, որ իր տիրոջը՝ ժողովուրդին կրնայ Ա կէտէն Բ կէտ տանիլ՝ մեր այսօրուայ կէտէն տանիլ յաջորդ կէտը: Բայց այս նպատակին հասնելու համար պէտք է հոգ տանինք մեր պետութեան, ինչպէս կը հոգանք ինքնաշարժին: Պէտք է իմանանք համաշխարհային երթեւեկութեան կանոնները», նշեց վարչապետը: Դիտել տալով, որ ապագան այսօր է, Փաշինեան ժողովուրդին կոչ ուղղեց սեփական ջանքերով կառուցելու երջանկութիւն եւ բարեկեցութիւն: Անոր խօսքով, հայ ժողովուրդը այլեւս պիտի չհրաժարի իր ճակատագրի ղեկէն: Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան շեշտեց, թէ ուժեղ պետութիւն կառուցելու մեծագոյն նախապայմանը խաղաղութիւնն է: Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտնեց, որ խաղաղութիւնը այն բանալին է, որ կը բանայ մեր երկրին զարգացումին իսկական հեռանկարները, իսկ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը յայտնեց, թէ անկախութիւնը պատգամ է հաւատարիմ մնալու ազգային զարթօնքի իղձերուն: Վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ նուիրուած անկախութեան տօնին:

