Նախաձեռնութեամբ ատենապետ ընկ. Կարէն Աւագեանի գլխաւորած ՍԴՀԿ «Ժիրայր-Մուրատ» մասնաճիւղի վարչութեան, համագործակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան եւ Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչ Յովիկ Պչաքճեանին, Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբերին, Նոր Հաճնոյ թաղերուն մէջ կատարուեցաւ անձրեւի ջուրերուն եւ կոյուղիներու ցանցերուն մաքրութեան աշխատանքը՝ առ ի նախապատրաստութիւն աշնանային գալիք եղանակին: Նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ կանխել յառաջիկայ աշնան եւ ձմռան անձրեւի տեղատարափներուն հետեւանքով հնարաւոր ողողումները եւ երաշխաւորել թաղեցիներուն եւ այցելուներուն անվտանգութիւնը: Նշենք, որ նման ողողումներ գրեթէ ամէն տարի կը պատահին Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ՝ վերոյիշեալ ցանցերուն կեղտոտութեան պատճառով: «Ժիրայր-Մուրատ» մասնաճիւղի վարչութիւնը հաւաստիացուց, որ պիտի շարունակէ անդուլ աշխատանքը՝ թաղամասի բարեկարգումին ուղղութեամբ:

