Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր յայտնեց, թէ Լիբանանի քանդուած շրջաններուն վերակառուցումը դժուար է իրականացնել առանց արտաքին օժանդակութեան: Խօսելով պետական ելեւմուտքը հաւասարակշռելու ջանքերուն մասին, Ժապէր ըսաւ. «Պիտի կրճատենք մեծ աշխատավարձերը եւ ան որ դժգոհ է, թող հրաժարի»: Դիտել տալով, որ ներդրումներ կատարելու համար կարիք կայ եկամուտի, որ կարելի էր ապահովել տուրքերը բարձրացնելով, Ժապէր բացատրեց, թէ փոխարէնը ապահոված են միլիառ տոլարի հասնող երկարաժամկէտ վարկեր՝ փոքր տոկոսներով եւ 8 տարուայ արտօնութեան ժամանակահատուածով: «Այս գումարը պիտի գործածենք ներդրումային ծրագրեր կատարելու համար», ըսաւ Ժապէր:

