Շարունակելով լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ ոտնձգութիւններուն շարքը, իսրայէլեան ուժերը Կիրակի օր ինքնաշարժ մը թիրախաւորեցին հարաւային Պընթ Ժպէյլ քաղաքին մէջ, որուն հետեւանքով մահացաւ հինգ հոգի՝ ներառեալ երեք երեխայ: Իսրայէլեան ուժերը նաեւ հատեցին սահմանը եւ լիբանանեան Ռամիէ գիւղին մէջ պայթեցուցին բնակարան մը: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հաղորդագրութեամբ մը խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ոճիրները, շեշտելով զանոնք անյապաղ դադրեցնելու եւ զինադադարի համաձայնութիւնը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարց տուաւ, թէ արդեօք լիբանանցի երեխաները գոյութենական վտանգ կը սպառնան Իսրայէլին, իսկ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ քաղաքացիներուն նկատմամբ ոճրագործութիւն համարեց հարաւային հարուածը: Ան պահանջեց առաւելագոյնս ճնշել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի իսկոյն վերջ դրուի ոտնձգութիւններուն:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ դատապարտեց սպանդը, անընդունելի որակեց զայն եւ շեշտեց, թէ երեխաներուն թիրախաւորումը կարելի չէ արդարացնել: Իսկ ամերիկեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը հերքեց, թէ Լիբանանի մէջ մահացած հինգ անձերը ամերիկեան քաղաքացիներ են, յստակացնելով որ անոնցմէ մէկը անցեալին պարզապէս ունեցած էր չգործածուած մուտքի արտօնագիր մը: Իսրայէլեան բանակի բանբերը միւս կողմէ յոխորտաց, որ զինադադարի յայտարարութենէն ետք իրենք ահաբեկած են Հըզպալլայի շուրջ 300 անդամ եւ լիբանանեան հողի վրայ կատարած են աւելի քան հազար խուզարկում:
ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարը այլ գիծի վրայ շեշտեց, թէ իրենց առաքելութիւնը տակաւին ազդեցիկ է եւ աշխատանք կը տարուի պահպանելու հանդարտութիւնը՝ համագործակցելու լիբանանեան բանակին հետ:

