Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱԽՏԱՒՈ՜Ր ԿԱՐԱՊԵՆՑ 

 Լ. Շ. 

September 20, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0

Ճանչնալէ ետք գրող մը իր վաստակով, իր կեանքին ուղիով ու իր մտերմութեան մէջ, երբեմն հարց կու տամ ես ինծի, թէ ան բախտաւո՞ր անձ մը կը սեպուի, թէ՞ տարաբախտ էակ մը…։

Կարապենցի առիթով ալ ուղղեցի նոյն հարցումը։ Եւ պատասխանս եղաւ յստակ ու մեկին. Յակոբ Կարապենց բախտաւոր գրող մըն է՝ հակառակ իր յարաբերաբար կանխահաս մահուան։

Անշուշտ, ա՛ն ալ ունէր իր կարգ մը դժգոհութիւնները. թերեւս ապրեցաւ որոշ դառնութիւններ, ունեցաւ ցանկութիւններ, որոնք չիրականացան…։ Այնուհանդերձ, բախտը առ այսօր կը ժպտի Կարապենցին։

Հանգիստ ու խաղաղ պայմաններու մէջ առատօրէ՜ն ստեղծագործած է Կարապենց։ Բախտաւորութիւն է այս։ Հետեւաբար մեծղի է իր վաստակը։ Ստորագրած է 900-ի չափ անգլերէն ու հայերէն յօդուածներ, շուրջ 90 պատմուածք եւ երկու վէպ։

Մահէն անմիջապէս ետք Երեւանի դպրոցներէն մին արդէն իսկ վերակոչուած է իր անունով (1995-ին)։

Իր պատմուածքներէն փունջ մը անգլերէնի թարգմանուած ու հրատարակուած է առանձին հատորով (Return and Tiger, թրգմ.՝ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի, 1995)։ Իրմէ անգլերէն այլ հատոր մըն ալ (այս անգամ՝ ինքնագիր, գրուած՝ 1950-ականներուն) լոյս ընծայուած է 2007-ին (Widening Circle and Other Early Short Stories)։

2020-ին, Կարապենցի ծննդեան 95-ամեակին առթիւ, Իրանի մէջ լոյս տեսած են պարսկերէնով երկու գիրքեր իրմէ։ Մին Անդրանիկ Խեչումեանի թարգմանութեամբ «Ադամի գիրքը» վէպն է, իսկ միւսը՝ պատմուածքներու ընտրանի ժողովածու մը (թրգմ.՝ Արմենոյշ Առաքելեանի)։ Այսպիսով, Կարապենցի գրականութիւնը հասու դարձած է իր ծննդավայրին մէջ, տեղական լեզուով։

Հալէպէն Թորոս Թորանեան, տարիներ առաջ, մենագրութիւն մը գրած ու հրատարակած է Կարապենցի մասին («Հայ գրականութեան խշշացող բարտին», 2006)։ Նոյնը կատարած է Արցախի համալսարանի դասախօսուհի Նանար Սիմոնեան, որուն մենագրութիւնը մաս առ մաս տպուած է «Հորիզոն Գրական»-ի մէջ, քանի մը տարի առաջ (2019 Նոյեմբերէն մինչեւ 2020 Մայիս երկարող թիւեր)։

Կարապենց թատերգութիւն չէ գրած, սակայն իր «Ադամի գիրքը» վէպէն որոշ բաժիններ, որոշ տպաւորիչ պատկերներ Սեդօ Կոճամանեանի ղեկավարութեամբ թատերականացուած ու բեմադրուած են Թեհրան, 2005-ին։ Տարիներ ետք,  նոյն վէպէն բաժիններ բեմականացուած են Լոս Անճելըսի մէջ ալ (2016), Արման Սարվարեանի բեմադրութեամբ։ Չմոռնանք յիշեցնել, որ «Ադամի գիրքը» անգլերէնի ալ թարգմանուած է Արա Ղազարեանցի կողմէ:

Գրողին փափաքով՝ յետմահու (2000-էն) գործել սկսած է իր անունը կրող ուսանողական հիմնադրամ մը, Համազգայինի հայաստանեան գրասենեակին հովանաւորութեամբ։

Երեւանի մէջ, 2021 Սեպտեմբերին, Համազգայինի ու Պետական համալսարանի համագործակցութեամբ կայացած է Կարապենցի նուիրուած գիտաժողով մը, ուր այլազան զեկոյցներ կարդացուեր են գրողին կեանքին ու վաստակին մասին։ Այդ զեկոյցներն ալ, յաջորդ տարի, լոյս ընծայուեր են առանձին հատորով մը։

Կը տեսնէք, որ Կարապենց շարունակ յիշուած է, արժեւորուած, ծանօթացուած:

Բախտաւո՜ր գրող:

*

Իմ յօդուածաշարքին վերջին այս սիւնակը փակելէ առաջ, գրադարանէս վար առի Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեանի «Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն» երկին Բ. հատորը (Միշիկըն, 1994), ուր հեղինակուհին հարցումներ ուղղած է կարգ մը գրողներու, այդ շարքէն՝ Յակոբ Կարապենցի ալ։ Հարցումը արեւմտահայերէնի անմխիթար վիճակին ու ապագային մասին է։ Կարապենց կը պատասխանէ.

    — Յոռետես եմ։ Արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է։ Գնալով խաթարւում է լեզուն։ Բէյրութի Փալանճեան Ճեմարանից զատ (նկատի ունի այդ շրջանին գոյութիւն ունեցող Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը, որ յետոյ փակուեցաւ անշուշտ — Լ. Շ.) հայերէնագիտական այլ լուրջ հաստատութիւն չունենք։ Պէտք է վերակառուցել ԿալիՖորնիայի Լա Վերն քոլէջում գտնուող Հայկական Միջազգային Ճեմարանի կրթական ծրագիրը՝ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու համար (այդ հիմնարկն ալ, որ կը ղեկավարէր տոքթ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, փակուեցաւ աւելի ուշ… — Լ. Շ.)։ Անհրաժեշտ է նաեւ Միացեալ Նահանգների արեւելեան ափում հայկական մի ճեմարանի հիմնադրումը՝ սպասարկելու համար Ամերիկայի ու Կանադայի հայ սերունդներին։  Դպրոցի հետ զուգընթաց՝ լեզուն մշակւում է նաեւ մամուլում։ Դժբախտաբար, շատ քիչ բացառութեամբ, սփիւռքահայ լրագրերն ու պարբերականները կորցրել են իրենց երբեմնի պատասխանատու  ու բծախնդիր մօտեցումը լեզուի նկատմամբ։  Հայերէնը աղաւաղւում է մամուլում, երբեմն նոյնիսկ այլանդակութեան հասնելով։ Ամերիկահայ դպրոցները աւելի քան 25-ամեայ գործունէութիւնից յետոյ տակաւին ո՛չ մի գրող, ուսուցիչ, լրագրող, կամ խմբագիր չեն տուել։ Պատնէշի վրայ գտնուող մտաւորական ներկայ սերունդը մնալու է որպէս վերջին մոհիկանը, եթէ համընդհանուր ծրագրուած ջանքեր չթափուեն։

    Կարապենցի վերի տողերուն մէջ ուշագրաւ է իր ցանկութիւնը՝ հայկական ճեմարան մը տեսնել Ամերիկայի արեւելեան ափին։

Սի՜ն երազ…։

Ամերիկայի արեւելեան ափը, որ, է՜ր երբեմն, հայ  մտաւորականութեան ու հայատառ մամուլի ամէնէն կարեւոր օճախներէն մին էր, 70-80-ական թուականներէն ասդին շարունակ ենթարկուեցաւ անկասելի սահանքի մը։ Մտաւորականութիւնը չքացաւ, հայախօսութիւնը նահանջեց, հայ թերթերը դադրեցան (ինչպէս՝ Նիւ Եորքի «Հայաստանի Կոչնակ»-ը, «Հայրենիք» ամսագիրը, հնչակեաններու «Երիտասարդ Հայաստան»-ը)  կամ տկարացան («Հայրենիք» եւ «Պայքար» օրաթերթերու խարխափումները…)։ Այնքան խանդավառօրէն կեանքի կոչուած հայկական դպրոցները յաճախ չյաջողեցան արդարացնել իրենց գոյութիւնը. անոնցմէ ոմանք ստիպուեցան փակել իրենց դռները, ինչպէս՝ Պոսթընի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարժարանն ու Նիւ Եորքի Կիլիկեան թեմի ամէնօրեայ դպրոցը։ Այսօր, արեւելեան ափի վրայ կը գործեն հինգ հայկական դպրոցներ, բայց թէ բանաւոր ու գրաւոր հայերէնը ի՞նչ տեղ ունի հոն՝ թող պատասխանեն… նիւ-եորքցիները։                

Կարապենց դեռ երկար ատեն խօսիլ պիտի տայ իր մասին…։

 

 

                                                                                       (շար. 5 եւ վերջ)

 

Share66Tweet42
Previous Post

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՎԵՐԻՎԱՅՐՈՒՄՆԵՐՈՎ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՍՊԱՆԴ ՊԸՆԹ ԺՊԷՅԼԻ ՄԷՋ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՍՊԱՆԴ ՊԸՆԹ ԺՊԷՅԼԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.