Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԵԱԳՈՒՊԻԷԻ ՍՈՒՐԲ ԱՆՆԱ ՄԱՏՈՒՌԻՆ ՎԵՐԱՕԾՈՒՄԸ

September 20, 2025
in Գաղութային
0

 

14 տարուան երկար սպասումէ ետք, Սուրիոյ հայահոծ գիւղերէն՝ Եագուպիէի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առիթով, Կիրակի, 31 Օգոստոս 2025-ին, Աստուծոյ նախախնամութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Մակար արք. Աշգարեանի նախագահութեամբ եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, կազմակերպուեցաւ ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Աննա մատուռ, ուր մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ կատարուեցաւ մատրան վերաօծումը։ Նշենք, որ մատուռը կառուցուած է 1320 թուականին։

Կազմուեցաւ փառահեղ թափօր մը, որուն մաս կազմեցին Եագուպիէի լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, Բերիոյ Հայոց թեմին մէջ ծառայող միաբան հայրերն ու քահանայից դասը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը եւ լատին համայնքի սկաուտները, որոնք ծաղկեփունջերով ու ծափողջոյններով դիմաւորեցին առաջնորդ սրբազան հայրն ու իր շքախումբը։

Արդարեւ, Սուրբ Աննա մատրան ուխտի օրուան առիթով, Մակար սրբազան մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ կատարեց մատրան վերաօծումը։ Իր խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Անոր նախախնամութեամբ ու օրհնութեամբ, 14 տարի ետք, հարիւրաւոր ուխտաւորներ դարձեալ համախմբուեցան այստեղ՝ միասնական աղօթքները վերառաքելու եւ վերաօծումը կատարելու Սուրբ Աննա մատրան, որ 6 Փետրուար 2023-ի երկրաշարժէն ետք, վերանորոգուեցաւ ֆրանսիսքան վանականներուն կողմէ՝ որպէս արտայայտութիւն Հայ ու Լատին եկեղեցիներու եղբայրութեան։ Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը իր հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնն ու գնահատաքը յղեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային իշխանութեան եւ եագուպիահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք, տարիներ շարունակ կառչելով իրենց ամուր հաւատքին ու անկոտրում յոյսին, վերջապէս կարողացան վերադառնալ իրենց տուները եւ վերաօծել իրենց «հոգւոյն ծննդավայր» ուխտատեղին՝ Սուրբ Աննա մատուռը։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Եագուպիէի Լատին եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն, որոնք, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեանց, մնացին այնտեղ՝ պահպանելով ու պաշտպանելով քրիստոնէական ուխտատեղիներն ու եկեղեցիները։

Սուրբ Պատարագէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը եւ լատին համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ հայր Լուէյ Պշարաթ, Սուրբ Աննա մատրան վերանորոգութեան ու վերաօծման առիթով, շրջափակին մէջ կատարեցին յուշաքարի մը բացման արարողութիւնը:

Նշենք, որ 30-31 Օգոստոսին, երկու օրուան վրայ տարածուած՝ Սուրբ Աննա մատրան ուխտի օրերու եկեղեցական արարողապետութիւնը վարեց Եագուպիէի ծնունդ՝ Ճէզիրէի առաջնորդական փոխանորդ հոգեշնորհ Տ. Լեւոն վրդ. Եղիայեան։

Share66Tweet41
Previous Post

ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԿՈՉԸ ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Next Post

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆ ԵՒ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄ

Next Post

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆ ԵՒ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.