Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆ ԵՒ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄ

September 20, 2025
in Գաղութային
0

 

 

Զմմառու մայրավանքի Փոխման Սուրբ Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ Խաչվերացի տօնը կատարուեցաւ մեծ հանդիսութեամբ:

Կիրակի, 14 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, մայրավանքի թանգարանին մէջ մեծ խանդաղատանքով պահուած Քրիստոսի Կենաց խաչի մասունք պարունակող Խաչը` զարդարուած ռեհանով, տեղադրուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի խորանին վրայ։

Այդ պահուն ցնծաց եւ պայծառացաւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը, քանզի քառաթեւ վայելչական պսակի փուշովը զարդարեց իր խորանը, որ սրսկուած էր Միածին Որդիին արեամբ:

Այսպէս ընթացք առաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագը, որ մատուցեց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան, առընթերակայութեամբ Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի վերակացու՝ Գեր. Հ. Կարապետ վրդ. Գլընճեանի։

Խորանին սպասաւորեցին համանուն կրթօճախի Ժառանգաւորները։

Մեծաւոր հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Խաչի տօներուն, ըսելով. «Հայ եկեղեցին Ս. Խաչին նուիրուած չորս տօներ սահմանած է` Երեւումն Ս. Խաչի, Խաչվերաց, Վարագայ Ս. Խաչի, Գիւտ Ս. Խաչի տօները: Այս չորսէն երեքը համաքրիստոնէական հնչեղութիւն ունին, միայն Վարագայ Ս. Խաչի տօնն է, որ զուտ հայկական է եւ կը կատարուի միայն մեր մօտ։ Իսկ Խաչվերացի տօնը հայկական հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է։ Տաղաւար տօներուն յաջորդ օրը հայերուս մօտ “Օր մեռելոց է, արդ` հայերս միշտ յարգած ենք մեր ննջեցեալներ եւ անոնց հետ կիսուած մեր լաւ օրերը”»։

Ապա Խաչի խորհուրդը մեկնաբանելով՝ աւելցուց. «Խաչի չորս թեւերը իրարմէ տարբեր ուղղութիւններով կը ներգործեն: Խաչի վարի պատուանդանը կը քանդէ դժոխքը։ Գագաթը` Դրախտի դռները կը բանայ։ Աջ թեւը մարդկային ցեղին շնորհներ կը բաշխէ։ Իսկ ձախը՝ կը սաստէ պատուհասները»։

Գերպծռ. Մաշտոց դիտել տուաւ, որ Զմմառու միաբաններուն մօտ Խաչի տօնը ինչո՞ւ յատուկ նշանակութիւն ունի. «Աստուածային նշանը՝ տիեզերքի փրկագործ Խաչը, կանգնած տիեզերքի մէջ, ցոլացած բարձրացաւ Գողգոթայի վրայ, Իր շողերով փայլեցուց Երուսաղէմը, ճառագայթելով պայծառացուց աւելի քան արեգակը եւ այդ շողը տարածելով փայլեցուց համայն աշխարհը։ Այդ բոցաճաճանչ Խաչափայտէն փուշ մը Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան մօտ ըլլալով` նպաստեց Միաբանութեանս, որ իր 276-տարիներու վաղեմի շարքերը համալրուին միջազգային տարողութիւն ունեցող Սուրբով մը` յանձինս Մարտինի արք. Իգնատիոս Մալոյեանի»։

Մեծաւոր հայրը այս օրհնեալ օրուան ընթացքին իրենց միաբանական խոստումը տուող երեք անդամներուն յորդորեց հետեւիլ Ս. Մալոյեանի օրինակին, նաեւ միշտ եւ ամէնուր հայցել Անոր բարեխօսութիւնը, ապա շնորհաւորելով զանոնք եզրափակեց քարոզը։

Յաւարտ Ս. պատարագին` եղբ. Պօղոս Էմիշեան, եղբ. Յակոբ Ժամկոչեան եւ եղբ. Աբրահամ Իսահակեան Մեծաւոր հօր առջեւ ծնրադրելով իրենց միաբանական խոստումը տուին։

Հոգեպարար արարողութենէն ետք, հաւատացեալները հերթաբար համբուրեցին Խաչափայտի մասունքը եւ ստացան օրհնութիւն, այնուհետեւ մայրավանքի դահլիճին մէջ շնորհաւորեցին Մեծաւոր հայրը, վարչական հայրերը եւ խոստումնալից երեք նորակոչները, եւ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։

Share65Tweet41
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԵԱԳՈՒՊԻԷԻ ՍՈՒՐԲ ԱՆՆԱ ՄԱՏՈՒՌԻՆ ՎԵՐԱՕԾՈՒՄԸ

Next Post

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՎԵՐԻՎԱՅՐՈՒՄՆԵՐՈՎ

Next Post

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՎԵՐԻՎԱՅՐՈՒՄՆԵՐՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.