Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Ղազախստանի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի հետ: Հոգեւոր պետերը արծարծեցին Հայ եւ Ռուս եկեղեցիներուն պատմական յարաբերութիւնները եւ զանոնք խորացնելու միջոցները: Արծարծուեցան նաեւ Արցախի բռնագրաւումին ու հայկական եկեղեցիներուն նկատմամբ ատրպէյճանական բռնութիւնները, ինչպէս նաեւ հայերու բանտարկումը Պաքուի մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոսը Քիրիլ պատրիարքին հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, թէ երախտապարտ կ’ըլլայ, եթէ նախագահ Վլատիմիր Փութին միջամտէ հայ գերիներու ազատ արձակումին եւ հայրենիք վերադարձին հարցով:

