Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԷՆ Ի ՎԵՐ 4500+ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ

September 20, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0

 

 

Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն խախտել հարաւային զինադադարը եւ անցեալ տարուայ նոյեմբերեան համաձայնութենէն ի վեր կատարած է առնուազն 4500 խախտում: Նշելով, որ սահմանային Լապպունէ շրջանին մէջ յայտնաբերուած է իսրայէլեան լրտեսող սարք մը, բանակը ահազանգեց, թէ սահմանային բլուրներուն բռնագրաւումը եւ խախտումներուն շարունակութիւնը կը խոչընդոտեն հարաւի մէջ լիբանանեան բանակի տեղակայումի ծրագրին գործադրութիւնը: ԵՈՒՆԻՖԻԼ իր կարգին յայտարարեց, թէ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն լայնածաւալ ռմբակոծումը կը համարուի ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի բացայայտ խախտում, վտանգելով շրջանին փխրուն կայունութիւնը:

Իսրայէլեան բանակը նախանցեալ օր յայտարարած էր, թէ լայնածաւալ յարձակումներ կը գործէ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինուորական դիրքերուն դէմ: Բանակին համաձայն, Պաալպաքի մէջ ահաբեկուած է Հըզպալլային ի նպաստ զէնքի վաճառականութեամբ զբաղող Հըսէյն Սիվօ Շարիֆը: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հարաւային Թըպնին հիւանդանոցի մուտքին ինքնաշարժի մը թիրախաւորումէն կայ մահ մը եւ 11 վիրաւոր՝ ներառեալ երկու ծանր պարագաներ:

Share64Tweet40
Previous Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ   ԱՆՍԱՍԱՆԵԼԻ ՀԱՒԱՏՔՈՎ  (ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ) 

Next Post

ԹՄՐԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ԴԷՄ ԱՆԴՈՒԼ ՊԱՅՔԱՐ

Next Post

ԹՄՐԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ԴԷՄ ԱՆԴՈՒԼ ՊԱՅՔԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.