Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ   ԱՆՍԱՍԱՆԵԼԻ ՀԱՒԱՏՔՈՎ  (ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ) 

September 20, 2025
in Գաղութային, Խմբագրական
0

 

Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ծննդեան պատմական իրադարձութիւնը դարձած է անկախութեան օրուան խորհրդանիշ:

Խորհրդային միութեան ճաքճքումին եւ ապա քայքայումին հետեւանքով ստեղծուած իրողութեան որպէս տրամաբանական եզրայանգում՝ Հայաստան հռչակեց իր անկախութիւնը՝ նոր էջ բանալով ժամանակակից մեր պատմութեան մէջ:

Մէկ կողմէ դողդոջ ու թերահաւատ էին քայլերը, միւս կողմէ թէժ էին մարտերը արցախեան ճակատին վրայ, ծառացած էին տնտեսական ու բարոյահոգեբանական ծանրակշիռ խնդիրներ: Բազմաճակատ եւ բազմակնճիռ մարտահրաւէրներ ցցած էին իրենց խոչերն ու խութերը, որոնք պէտք է հարթուէին համբերատարութեամբ եւ զգօն քայլերով: Ամբողջական երկունքի մը տուայտանքները պարզուած էին հայութեան համար, որ պարտաւոր էր զանոնք դիմակալել եւ ապա յաղթահարել ամենայն յանձնառութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ:

Ծածանեցաւ անկախութեան դրօշը: Սա այն պատմակշիռ պահն էր, որ հայկազեան ազգին սերունդները երազած էին դարեր շարունակ: Սա մէկ սերունդի մը իրագործումը չէր լոկ. այս բացառիկ խորհուրդին ընդմէջէն պէտք է տեսնել դարաւոր մաքառումներու, անհաւասար գուպարներու, նուիրեալներու անմնացորդ զոհաբերութեան, կիսատ մնացած հազարաւոր երազներու շօշափելի եւ յաղթական մարմնաւորումը: Ան չեկաւ յանկարծակի եւ երկնառաք պարգեւով: Երրորդ հանրապետութեան հռչակած անկախութիւնը շքեղ դափնեպսակն էր պատմական այն հոլովոյթին ու գօտեմարտին, որ հայութիւնը մղած էր դարաշրջանէ դարաշրջան եւ հասած այս պանծալի հանգրուանին: Ամենաթանկ եւ գերնուիրական նուաճումն էր անկախութեան առաջին քայլը, որ բովանդակ հայութիւնը ողջունեց եւ ցնծաց արդար եւ իրաւացի ոգեւորութեամբ:

Անկախութենէն ետք հանրապետութեան կայացման եւ կայունացման գործընթացը եղաւ բարդ, հակասութիւններով եւ ցնցումներով լի: Պէտք է ընդունիլ որ նոր իրավիճակին յարմարուիլը ունեցաւ իր դժուարութիւնները բոլոր ոլորտներէն ներս: Եղան տարրեր, որ հանրապետութիւնն ու հայրենիքը շփոթեցին իրարու. անտարբերութիւն եւ անփութութիւն ցուցաբերելով՝ ունեցան ապերախտ վարքագիծ: Անոնք՝ անձնական եւ հատուածական շահերու հետամուտ՝ չարաշահեցին անկախութեան մեծագոյն նուէրը: Երկրին ու ժողովուրդին պատկանող բազմաթիւ կառոյցներ վաճառեցին՝ հապճեպօրէն երկրէն խոյս տալու միտումով: Անկախ հայրենիք երբեք չէր նշանակեր լքել ու հեռանալ անկէ: Ի՞նչ իմաստ պիտի ունենար անկախ հայրենիքը, երբ անոր ժողովուրդը զանազան պատրուակներով պիտի թողլքէր ու խորթանար իր օրրանէն: Նորանկախ հայրենիքը կարիքն ունէր ապրող ու արարող մարդու, շինող եւ կառուցող բազուկներու, գործին եւ հողին հաւատացող երիտասարդութեան, հողին վրայ արմատաւորուող շառաւիղներու: Այլապէս՝ ի՞նչու եւ ի՞նչ պատճառով յիշատակել անկախութիւնը եւ փառաբանել Հայաստանի ալեծածան դրօշը, երգել պետական քայլերգը, ուռած կուրծքերով ներկայանալ՝ որպէս անկախ պետութեան մը քաղաքացիներ:

Հետեւաբար, անկախութիւնը յայտարարութիւն, ձեւականութիւն կամ կարգախօս չէ, այլեւ՝ հաւատք է հողին, նպատակին եւ շէնշող հայրենիքի նկատմամբ: Անկախութեան տօնակատարութիւնը, իր էութեամբ, հաւատքի՛ վերանորոգում է: Հաւատքը անսասանելի պահելու երդում է: Հաւատքո՛վ զօրանալու բարեպատեհ առիթ է:

Իհարկէ, միջազգային քաղաքական ու պատմական կեանքին փորձը ցոյց կու տայ, որ պետութիւններ լիարժէքօրէն անկախ չեն կրնար ըլլալ. իրարու առնչուած են անոնք, իրարմէ կախեալ են կամայ թէ ակամայ, մանաւանդ փոքր պետութիւններ եւ համեստ կարողութիւններու տէր ժողովուրդներ: Փոքրեր կ’ազդուին շուրջիններէն, անոնք ենթակայ են շրջանային եւ միջազգային ուժերու եւ հակազդեցութիւններու, կ’իյնան ազդեցութեան գօտիներու տակ: Սա անխուսափելի իրավիճակ է: Սակայն, այդ թոհուբոհին մէջ, կարեւորագոյնը կրանիթեայ հաւատքն է, որ անխլելի արժէք է ժողովուրդներու համար: Վա՜յ այն պահուն՝ երբ կը չքանայ հաւատքը. ա՛յդ պահուն է որ կը կորսուի անկախութիւնը, կը պատահի անվերականգնելի աղէտը, չարագուշակ տապալումը:

Վերջին տարիներու կտրուկ եւ արմատական փոփոխութեանց լոյսին տակ, Հայաստան դէմ-յանդիման գտնուեցաւ բաւականին լուրջ ու ծանր վտանգներու: Շուրջի օղակը հետզհետէ աւելի սեղմուեցաւ: Մռլտացող գիշատիչները կրկին ցոյց տուին իրենց ժանիքները: Հոգեբանական եւ հռետորաբանական ճնշումները եղան յաճախակի: Անհանդուրժող տարրեր չեն ուզեր լռել: Կը սիրեն խռպոտ ձայնով աղմուկը՝ անհեթեթ լոզունգներ արձակելով: Եւ ասոնց դիմաց, անկախութեան տարեդարձին ընդառաջ, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր պատասխանը. անշուշտ՝ ինքնավստահօրէն եւ համարձակաձայն բարբառով հաստատել ու պնդել՝ որ ոչ ոք կրնայ անկախութեան հանդէպ մեր հաւատքը շոպել մեզմէ: Մենք՝ անսասանելի՛ հաւատքով կառչած ենք անկախութեան, քանզի ան եկած է հին դարերէն, արդար ձեռակերտն է անհամար հերոսներու եւ դատավճիռն է հողին փարած եւ հողը պայծառացնող երիտասարդ սերունդներու:

Անսասանելի հաւատքով՝ փա՛ռք Հայաստանի անկախութեան: Պայծառ երթ դէպի նոր հորիզոններ:

 

Share89Tweet56
Previous Post

ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ. ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ՎՐԱՅ՝ ՄԻՆՉԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԷՆ Ի ՎԵՐ 4500+ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԷՆ Ի ՎԵՐ 4500+ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.