Ներքին գործերու նախարար Ահմատ էլ-Հաժժար յայտնեց, թէ ապահովական կառոյցները լուրջ եւ անդուլ պայքար կը մղեն թմրանիւթերու արտադրութեան եւ վաճառականութեան երեւոյթին դէմ: «Թմրանիւթերուն դէմ պայքարը ազգային առաջնահերթութիւն է եւ թուլութիւն պիտի չըլլայ այդ առումով: Մեր պատասխանատուութիւնն է միաւորել ջանքերը՝ այս ախտէն պաշտպանելու համար քաղաքացիները», ըսաւ նախարարը:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ հիւսիսային Աքքար գաւառի Մըշմէշ գիւղի բարձունքներուն վրայ կատարուած խուզարկումներու ընթացքին տեղի ոունեցած է հրաձգութեան փոխանակում, որուն հետեւանքով սպաննուած է երկրին մէջ հետապնդուած գլխաւոր անձերէն մէկը, որ կ’ամբաստանուի ապօրինի զէնք պահելու, զէնքի եւ թմրանիւթերու վաճառականութեամբ զբաղելու, դրամի լուացումի եւ կեղծ դրամանիշ տարածելու յանցանքներով:
Այլ գիծի վրայ, լիբանանեան բանակը խուզարկումներ կատարեց Պէյրութի Շաթիլա գաղթակայանին մէջ: Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդավարական ճակատը հերքեց, որ բանակը խուզարկած է իր գրասենեակը, յստակացնելով որ գործողութիւնը կեդրոնացած էր շարք մը բնակարաններու վրայ:

