Ֆրանսահայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան «Բանբեր» պաշտօնաթերթի
պատուոյ խմբագիր, գիտնական եւ ճարտարագէտ, «Արարատ»ի ջերմ բարեկամ դոկտ. Արի Թօփուզխանեանէն ստացանք հետեւեալ ելեկտրոնային նամակը, որ մէկ կողմէ գօտեպնդող զօրակցութիւն, միւս կողմէ՝ 76 տարուայ վաւերագրական եղելութիւն մը կը ներփակէ:
Յարգելի դոկտորին կը յայտնեմ իմ խորին շնորհակալութիւնը Արարատը՝ սրտիս, «Արարատ»ը՝ մտքիս մէջ կնքուած ըլլալը արձանագրելուն համար:
ՆԱԶՕ Ճ.
ՆՈՅՆԱՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆ
16 Սեպտեմբեր 2025
Սիրելի Նազարէթ,
Սրտանց շնորհաւորութիւն՝ կատարած կրկնակի սխրանքիդ համար – նուաճել Արարատը, ու զայն կատարել պատանուհի մը միասին բարձրացնելով, տառացիօրէն գործադրելով արիներու նշանաբանը. «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»…։
Շատ բնական է որ Արարատի վրայ մագլցողին յանձնեն «Արարատ»ի խմբագրութիւնը։ Աւելի լաւ ընտրութիւն կարելի չէր երեւակայել…։
Կը ճանչնամ ուրիշ սահակեանցի մը, որ Ծովակին նման՝ 13 տարեկանին, այդ ատենուան տնօրէնին հետ, մագլցեցաւ մարդակերտ «լեռան» մը գագաթը։ Այդ պատահեցաւ 1949-ին, Գահիրէի մօտ, երբ Սահակեանի ուսուցչական կազմը, առաջին անգամ օդանաւով ճամբորդելով, Եգիպտոսը այցելելու գացած էր։
«Լեռ»ը Չէօփսի կերտած բուրգն էր, տնօրէնը՝ մօրքեռայրս, Բենիամին Ժամկոչեան, իսկ անոր միակ ընկերակցիլ համարձակողը – այդ ատեն դեռ պատանի – ստորագրեալս…։
Նորանոր սխրանքներու մաղթանքով, այս անգամ խմբագրական մարզէն ներս՝

