Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅՈՒ ՀՈԳՒՈՅՆ ԿԻՐԱԿԻՆ

ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

September 18, 2025
in Յօդուածներ
0

 

 

Միսաք Մեծարենցի «Սիրերգ» բանաստեղծութենէն առնուած այս բառերով ուզեցի նկարագրել ամէն հայու հոգւոյն Կիրակին հանդիսացող Հայաստանի անկախութեան օրը:

Դարերու դաժան ճամբաներէն քալած հայ ժողովուրդը, գոյատեւման պայքարի անվերջ պատերազմներ մղելով, հասած է իր ներկային՝ բոլորուած երբեմնի Հայաստանի կտոր մը հողին շուրջ:

Վարչապետ Փաշինեանի պատմական Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի բնորոշումը եթէ իրապաշտ մօտեցում է հայրենաբնակ հայուն համար, որ կ’ուզէ ապրիլ իր ներկան՝ զերծ ամէն բեռէ, որ իր յառաջխաղացքը կը դժուարացնէ, ապա նման բնորոշում վերջ կը դնէ սփիւռ­քահայու երազին, որ հեռուէ-հեռու կառչած է իր սուրբ Մասիս-Արարատին, իր Ցեղասպա­նու­թեան դատին եւ իր արեւմտահայ  անիրաւուած իրաւունքներուն:

Սփիւռքահայը մեծցաւ իր ծնողական տան պատին վրայ Արարատ լեռան նկարին նայելով եւ ամէն տարի Ապրիլ 24-ին յիշատակի հանդէսներ ու ցոյցեր կազմակերպելով: Ապրիլ 24-ի իմաստին եւ խորհուրդին առջեւ ամէն հայ, ըլլա՛յ Հայաստանի մէջ կամ Սփիւռքի, օրինակելի ՄԻԱԿ համազգային ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ոգիով եւ կեցուածքով կը խոնարհի Ծիծեռնակա­բեր­դի յուշահամալիրին եւ աշխարհով տարածուած իր ապրիլեան յուշակոթողներուն առջեւ՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔԸ դրսեւորելով եւ «ԿԸ ՅԻՇԵՄ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ» աշխարհին աւե­տե­լով:

Եթէ Հայաստանի հայուն իրաւունքն է ունենալ խաղաղ ու հանգիստ կեանք՝ վերջ դնելով զինք շրջապատող երկիրներուն հետ անվերջ պատերազմներ մղելու արկածախնդրութիւններուն, ապա սփիւռքահայուն ալ իրաւունքն է ապրիլ զինք հայ պահող կամքով ու երազով եւ դէպի Արարատ ուղղուած իր հայեացքով:

Սփիւռքահայու արդար խօսքն ըսած ըլլալով չենք կրնար իրապաշտօրէն չվկայել, թէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը 1991 թուականի անկախութենէն ի վեր եղաւ միակ իշխանութիւնը, որ գուրգուրաց հայրենաբնակ հայու կենցաղին եւ բարօրութեան վրայ: Վերջ դրաւ սակաւապետութեան (oligarchy) եւ հիմնեց ժողովրդավար ու դէպի աշխարհ բացուող արդի պետութիւն: Չկան այլեւս  Հայաստանը շահի առարկայ դարձնող գողեր ու ստահակներ եւ սփիւռքահայը կթան կով նկատող մաֆիոզիներ:

Ներկայ իշխանութիւնը քննադատողները կը նմանին գործէ արձակուած մարդոց, որոնք հանգստեան թոշակ ստացած չըլլալու դժգոհանքի ցասումով կը չարախօսեն ու կը մրոտեն հայրենի ժողովուրդին յառաջընթացը: Իշխանութիւնը քննադատելէ զատ չունին ՈՐԵՒԷ շինիչ ու համոզիչ ծրագիր կամ պատճառ, բացի ժողովուրդի կամքին հակառակ իշխանափոխութիւն պահանջելէ: Հաւաքուած են ատուած նախկին նախագահներու շուրջ, որոնց քաղաքա­կան սնանկ եւ աւերիչ տհասութիւնն ու անփութութիւնը ենթահողը պատրաստեցին պատե­րազմի պարտութեան եւ Արցախի կորուստին:

Այս բոլորով հանդերձ կը մնայ հրճուանքը Հայաստանի անկախութեան օրուան նշումով, որ կարելի է անվարան նկատել ՀԱՅՈՒ ՀՈԳՒՈՅՆ ԿԻՐԱԿԻՆ:

Հայը քալեր է քարքարոտ եւ խաւար օրերու մէջէն եւ Կիրակի է այսօր:

Մեր տառապեալ սերունդներու երազի իրականացման տօնն է այսօր:

Մեր այսօրուան ազգային պատկերի պաստառին վրայ կան դիմագիծերը զօրավար Անդրա­նիկի, Մեծն Փարամազի, Արամ Մանուկեանի եւ հազարաւոր յայտնի եւ անյայտ նուիրեալ­ներու, որոնք զոհուեցան յանուն ազգին եւ անկախ Հայաստանի: Հոն կան նկարները Անաս­տաս Միկոյեանի եւ այլոց, որոնք 1947-ի ներգաղթով փրկեցին հանրապետութիւնը Սովե­տա­կան Հայաստանի:

Ներկայ Հայաստանի փոքր տարածքին մէջ կայ մեծ ներդրումը մեր ազգի դարաւոր անցեալէն մինչեւ այսօր իրենց տաղանդով եւ տեսիլքով անմահացած հայորդիներու: Ներդրումը Մեսրոպ Մաշտոցի, Մովսէս Խորենացիի, Գրիգոր Նարեկացիի, Խրիմեան Հայրիկի, զօրավար Անդրանիկի, մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի, Վիքթոր Համբարձումեանի, Ալիխան­եան եղբայրներու, Վազգէն Ա. հայրապետի, Կարէն Դեմիրճեանի, Վազգէն Սարգսեանի եւ շա­տերու:

Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն դէպի աշխարհատարած հայութեան նայող մեր նահատակ­ները, հին ու նոր, մաղթանք մը ունին մեզի, որ կ’ըսէ՝ սիրեցէ՛ք զիրար, որովհետեւ ոչ ոք պիտի սիրէ ձեզ ինչպէս դուք կը սիրէք զիրար: Եղէ՛ք բռունցք ընդդէմ չարին, եւ դաշոյն՝ յանուն բարիին: Գիտցէ՛ք, որ աչքը տրուած է ձեզի, որպէսզի գիտնաք զանազանել չարը բարիէն, լաւը՝ վատէն, սէրը՝ դաւէն, աղաւնին՝ օձէն, եւ սպիտակը՝ սեւէն: Գիտցէ՛ք, որ լեզուն տրուած է ձեզի, որպէսզի որքան ազնիւ խոհեր ունիք՝ ըսէք անվախ ու անվարան եւ շիրմաքար չդարձնէք զայն:

Հայու հոգւոյն կիրակիին առթիւ հազար շեփոր հնչեն թող:

Հայու հոգւոյն կիրակիին առթիւ հազարաւոր «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ներ լսելի դառնան մեր ննջեցեալ հերոս նուիրեալներուն համար:

Հայու հոգւոյն կիրակիին առթիւ փառք ու պատիւ Հայաստանի անկախութեան համար զոհուած մարտիկներուն եւ գործիչներուն:

Կեցցէ՛ Սեպտեմբեր 21-ով հռչակուած Հայաստանի ազատ եւ անկախ Հանրապետութիւնը:

Share64Tweet40
Previous Post

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Next Post

ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ. ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ՎՐԱՅ՝ ՄԻՆՉԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ. ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ՎՐԱՅ՝ ՄԻՆՉԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.