Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՐՈՒԹ ԵՒ ԼՈՒՍԻՆ ՊՈՅԱՄԵԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ»

September 18, 2025
in Այլազան, Գաղութային
0

 

 

Երկուշաբթի, 15 Սեպտեմբերին, «Արարատ» հիւրընկալեց Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լոս Անճելըսի շրջանի վաստակաշատ զոյգ մը՝ ընկեր Յարութ Պոյամեանն ու իր տիկինը՝ ընկերուհի Լուսին Պոյամեանը։ Հանդիպման ներկայ էին Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի մամլոյ դիւանապետ՝ ընկեր Գէորգ Տաղլեանը եւ «Արարատ»ի Օժանդակ խորհուրդի անդամ՝ ընկերուհի Քրիսթին Շահինեանը։

Պոյամեան ամոլը շուրջ 46 տարուան բացակայութենէ ետք կրկին Լիբանան վերադարձած է՝ կարօտը մեղմելու եւ մէկամսեայ այցելութեամբ առիթ ունեցած է հանդիպելու Ս.Դ.Հ.Կ.-ի կառոյցները։ Ներկայ եղած են բազմաթիւ կուսակցական ու միութենական հանդիպումներու, ունեցած են առանձնազրոյցներ վարչական պատասխանատուներու հետ եւ իրենց հարուստ փորձառութենէն մեկնած փոխանցած են օգտակար խորհուրդներ։

Ընկեր Յարութիւն Պոյամեան, ԱՄՆ մեկնելէ առաջ, եղած է Տխրունի Ուսանողական Միութեան վարչական անդամ եւ մարտական պատասխանատու, յատկապէս քաղաքացիական պատերազմի սկզբնական շրջանին։ Ան յիշատակեց այդ օրերու միութենական ընկերները՝ Արսէն Տագէսեան, Անդրանիկ Ուղուրլեան, Վահէ Աջապահեան, Յովհաննէս Ճէրէճեան, Գրիգոր Խոտանեան եւ այլք։ Ամերիկայի մէջ ալ ան շարունակած է իր նուիրումը կուսակցական ու հասարակական կեանքին՝ նախ ղեկավարելով Լոս Անճելըսի «Սեդրակ Շահէն» մասնաճիւղը, իսկ ներկայիս կը վարէ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի «Ստեփան Սապահ Գիւլեան» մասնաճիւղի ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը։

Ընկերուհի Լուսին Պօզեան-Պոյամեան, ամուսնոյն կողքին, միշտ աշխոյժ մասնակից եղած է կուսակցա-միութենական աշխատանքներուն։ Ներկայիս ան գանձապահն է «Ստեփան Սապահ Գիւլեան» մասնաճիւղին, նաեւ կը վարէ ՀԿԲՄ-ի կրթանպաստի ֆոնտի գանձապահի պատասխանատու պաշտօնը։

Նշենք, որ իր գաղափարանուէր, վաստակաշատ եւ բացառիկ ծառայութիւններուն համար, ընկեր Յարութիւն Պոյամեան 2024-ի Մարտ 2-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ արժանացած է Ս.Դ.Հ.Կ.-ի բարձրագոյն պարգեւին՝ «Փարամազ» շքանշանին, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ` ընկ. տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանի ձեռամբ։

Հանդիպումը «Արարատ»ի մէջ անցաւ ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ։ Պոյամեան ամոլը պատմեց իր յուշերը՝ յատկապէս քաղաքացիական պատերազմի դժուարին օրերէն, երբ Տխրունիի երիտասարդները «Արարատ» կը ցրուէին յատկապէս Ֆանարի եւ հեռաւոր շրջաններու ընկերներուն:

Արեւշատ խօսքով ելոյթ ունենալով, ընկեր Յարութիւն Պոյամեան ընդգծեց մամուլի կենսական դերը՝ շեշտելով, որ մամուլը «մեր լեզուն է» եւ յաւուր պատշաճի իր մաղթանքը փոխանցեց, որ «Արարատ»ը միացեալ ուժերով ու համագործակցութեամբ շարունակէ իր անխափան երթը։ Ան նաեւ բարձր գնահատեց Լիբանանի այս դժուարին օրերուն ձեռքբերումները եւ ըսաւ․ «Կը խոնարհիմ ձեր կատարած աշխատանքին առջեւ»։ Հիւրերը մեկնեցան «Արարատ»ի կողքին կանգնելու եւ զօրակցելու խոստումով։

Անմոռաց թող չմնայ նաեւ, որ Լիբանան այցելութեան առաջին օրերուն Պոյամեան ամոլը հազար ամերիկեան տոլարի, իրենց արտայայտութեամբ՝ «համեստ», նուիրատուութիւն մը կատարած էին «Արարատ»ի ֆոնտին։

 

Share66Tweet41
Previous Post

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՓԽՐՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ

Next Post

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Next Post

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.