Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՓԽՐՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ

ԱՆԻ ԹՈՐԱՆԵԱՆ  (Երեւան)

September 18, 2025
in Յօդուածներ
0

 

         

Վերջերս տարօրինակ զուգադիպութեամբ աչքիս զարկաւ աննշան փաստ մը, որ միտք յուշեց եւ հիմք հանդիսացաւ սոյն գրութեան։

Փաստը կը վերաբերի որոշ քաղաքական գործիչներու ծննդեան թուականին, աւելի ստոյգ՝ ծննդեան… ամիսին։

Եւ այսպէս…

Ապրիլը աշխարհին տուած է Վլատիմիր Իլյիչ Լենին (22 Ապրիլ 1870), որուն ղեկավարած յեղափոխութիւնը փոխեց Ռուսական կայսրութիւնը եւ ստեղծեց նոր քաղաքական կարգ՝ հիմնուած միակուսակցական իշխանութեան, քաղաքացիական հասարակութեան ճնշումի եւ այլակարծութեան լռեցման վրայ։ Յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք ան արգիլեց բոլոր կուսակցութիւնները եւ ստեղծեց Չեկան՝ խորհրդային գաղտնի ոստիկանութիւնը, որ հետագային դարձաւ ճնշող համակարգին հիմքը՝ յանգեցնելով միլիոնաւոր մարդոց ձերբակալութիւններու, աքսորներու եւ մահապատիժներու։ Լենինեան վարչակարգը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քիմիական զէնք գործածեց իր իսկ երկրին քաղաքացիները ոչնչացնելու համար։

Ան խօսեցաւ ազատութեան անունով, ազատութեան մասին, սակայն իր աշխատելաոճը յանգեցուց պետութեան մը, որ կը պահանջէր լռութիւն եւ համապարփակ հպատակութիւն՝ վերացնելով անհատին ազատութիւնը եւ ստեղծելով վախի այն մթնոլորտը, որ քաղաքացին վերածեց պետութեան գործիքի։

1920-ականներուն, արդէն տասնեակներով համակեդրոնացման ճամբարներ կային, ուր մարդը կեղեքելու համար ապահովուած էր երեւակայութենէ դուրս ամէն պայման։

Լենինի ժառանգութիւնը շարունակուեցաւ Սթալինի ժամանակաշրջանին,  գագաթնակէտին հասցնելով ճնշումները՝ կուլակներու*, կղերի  եւ հաւատացեալներու զանգուածային սպանութիւններով։

Լենինէն շուրջ երկու տասնամեակ ետք՝ 20 Ապրիլ 1889-ին, ծնաւ Ատոլֆ Հիթլեր։ 1933-ին, անոր իշխանութեան գալէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած Ռայխսթակի կասկածելի հրդեհի խորապատկերին, Հիթլեր արտակարգ օրէնքներով ամրապնդեց իր իշխանութիւնը, այդպիսով վերջ դնելով Գերմանիոյ ժողովրդավարութեան եւ ստեղծելով բռնապետութիւն մը, որ յանգեցուց աննախադէպ պատերազմներու եւ ցեղասպանութեան՝  Եւրոպայի տարածքային նուաճումներով եւ միլիոնաւոր զոհերով։

Հոլոքոսթը եւ Բ. Աշխարհամարտի աւերածութիւնները անվիճելի հետքերն են անոր ստեղծած հասարակարգին՝ ուր ցեղային գերազանցութեան գաղափարախօսութիւնը ծառայեց որպէս արդարացում մարդկային ողբերգութեան։

Նուազ կործանիչ չեղաւ նաեւ միլիոնաւոր մարդոց վրայ տարածուող անոր վարած քաղաքականութեան ազդեցութիւնը։ Փաստօրէն, մարդ արարածը վերածուեցաւ վախի եւ գաղափարախօսութեան գործիքի՝ ստեղծելով հասարակարգ մը, ուր անհատը կորսուած էր համայնական ճակատագրի մէջ, մատնուած լռութեան կամ վերածուած ակամայ գործիքի։

Հիթլերի վարչաձեւը տարածուեցաւ նմանը չունեցող քարոզչական մեքենայի օգնութեամբ, որ վերահսկեց հասարակութիւնը՝ աւելի ու աւելի նմանելով Լենինի ժամանակաշրջանի ճնշող մեթոտներուն։

Այս երկու առաջնորդները, հակառակ իրենց գաղափարախօսութեան  տարբերութեան, բաժնեցին միեւնոյն տրամաբանութիւնը՝ իշխանութեան կեդրոնացումը մէկ անձի շուրջ, ժողովրդավարութեան ոչնչացումը եւ մարդկային կեանքի արժեզրկումը։

Անոնք պատմութեան մէջ կը մնան որպէս բռնապետութեան խորհրդանիշ։

Ապրիլին ծնած այլ քաղաքական գործիչներ են՝

Քիմ իլ-Սունկ (15 Ապրիլ 1912), որ 1948-ին հիմնեց Հիւսիսային Քորէայի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը՝ հիմը դնելով ժառանգական բռնապետութեան մը, որ մինչ օրս կը վերահսկէ իր քաղաքացիներուն իւրաքանչիւր քայլն ու խօսքը։

Սատտամ Հուսէյն (28 Ապրիլ 1937), Իրաք։

Այս մէկը 1979-ին զաւթեց իշխանութիւնը եւ զայն պահպանեց զանգուածային մահապատիժներով, ինչպէս նաեւ Իրանի ու Քուէյթի դէմ պատերազմներով, խորապէս խոցելով եւ պառակտելով հասարակութիւնը։

Մուամմար Քատտաֆի (7 Ապրիլ 1942), Լիպիա։

1969-ին ան բռնազաւթեց երկրին իշխանութիւնը եւ իշխեց աւելի քան 40 տարի՝ իր «Կանաչ գիրք»-ին գաղափարախօսութեան քօղին տակ։

Օմար ալ-Պաշիր (1 Ապրիլ 1944), Սուտան, որ երկիրը կառավարեց 30 տարի։

Էնվեր փաշա (22 Ապրիլ 1881)։

Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն ան բարձրացաւ իշխանական բուրգն ի վեր եւ երկիրը բռնատիրութեամբ առաջնորդեց դէպի Ա. Աշխարհամարտ, կեդրոնական դեր խաղալով հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան կազմակերպման մէջ։

Կարելի չէ էնվերին օրինակը համեմատութեան մէջ չդնել Մուսթաֆա Քեմալի օրինակին հետ։ Ճիշդ է, որ Աթաթիւրք Ապրիլի ծնունդ չէ, բայց էնվերին ժամանակակիցն էր, եւ ինչպէս էնվեր, ան եւս օսմանեան զօրքերու սպայ էր։

էնվեր գաղափարապաշտ էր, պատմութեան մէջ այն հրէշը, որ տապալեց իր երկիրը եւ պատասխանատու է հայ ժողովուրդի մտաւոր գլխատման, ահռելի թիւ կազմող մարդկային կորուստի, հայրենական դարաւոր օճախէն արմատախիլ ընելու, աշխարհով մէկ սփիւռքացնելու, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ցայսօր շարունակուող  դառնաղի հետեւանքներուն համար։  Տարբեր եղաւ Աթաթիւրք։ Ան հաշուարկող էր, տմարդի, լուծարեց օսմանեան սուլթանութիւնը եւ Թուրքիան դարձուց աշխարհիկ հանրապետութիւն։ Շատ-շատեր զայն կը համարեն վերափոխիչ, քանի որ  ընդունեց եւրոպական օրէնքները, լատինատառ գրութիւնը եւ ստեղծեց կեդրոնացուած պետութիւն։

Սակայն մէկ բան յստակ է. իրենց տարբեր մօտեցումներով հանդերձ, այս երկուքին նպատակը մէկ էր՝ ապահովել թրքական գերակայութիւնը եւ ի գին ամէն ինչի չէզոքացնել (ոչնչացնել) օսմանեան կայսրութեան բազմազանութիւնը։ էնվեր կործանեց, Աթաթիւրք վերակառուցեց, սակայն երկուքն ալ ստեղծեցին այն կարգը, որ գոյութեան եկաւ ժողովուրդներու կործանման գինով։

Բռնատիրութիւնը, անկախ դարաշրջանէ կամ աշխարհագրութենէ, կը հետեւի նոյն՝ բոլորիս ծանօթ օրինաչափութեան։ Յաճախ բացարձակ իշխանութեան յանձնումը կը սկսի իրական, շօշափելի ճգնաժամէ մը, որ առաջնորդի մը առիթ կու տայ ներկայանալ որպէս փրկիչ։

Ժողովրդավար ընդդիմութիւնը կը վերացնեն բանտերու, մահապատիժներու կամ աքսորներու միջոցաւ։ Կը լռեցնեն մամուլը, կը սահմանափակեն ազատ խօսքը եւ  փոխարէնը մէջտեղ կու գայ կեղծիք, որ կը ստեղծէ առաջնորդի պաշտամունքի պատկերը։

Հիթլեր իր հանրահաւաքներով, Սթալին՝ նկարներով ու երգերով, Քիմ իլ-Սունկ՝ կոթողներով ու առասպելներով, Սալոթ Սար իր սուտերով ու մոլագարութեամբ մեզի ցոյց կու տան, որ վախը անխախտ օրէնք է՝ շարքային քաղաքացիի կեանքին անքակտելի մասը։ Գաղափարախօսութիւնը՝ ըլլայ համայնավար, ֆաշիստական, ազգայնական թէ կրօնական, երկրորդական է, մասնաւորաբար, երբ խօսքը կը վերաբերի միանձնեայ իշխանութեան։

Մարդկային կորուստները… Բռնատիրութիւնները իրենց հետ կը բերեն միլիոնաւոր մահերով պատերազմներ, ինչպէս ցոյց տուին Հիթլերի Եւրոպան, Լենին-Սթալինի խորհրդային միութիւնը, Սուլթան Համիտի, Թալէաթի,  Էնվերի, Ճեմալի, Պեհաէտտին Շաքիրի եւ դեռ ուրիշ հին ու նոր թուրքերու երկիրը…

Այսպիսիները «մաքրութեան» կամ «միասնութեան» անուան տակ իրենց կատաղի վայրագութեամբ կ’իրականացնեն  ցեղասպանութիւններ, ինչպէս է պարագան 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, Հոլոքոսթի,  Քամպոճայի, Տարֆուրի, Կազայի…

Անոնք սով կը յօրինեն, ինչպէս Լենին, Սթալին կամ Մաօ։

Այնուհետեւ, տարիները կ’անցնին, բայց բռնապետութեան ազդեցութիւնն ու դրոշմը կը ստեղծեն անվստահութիւն, կաշառակեր եւ փտած հասարակութիւն… կեղծիքի ու գանձագողութեան ականատես, սակայն այդ մասին լռող հանրութիւն… Ախտ, որմէ ձերբազատուելու համար տասնամեակները բաւարար չեն։

Պատմութիւնը երկիմաստութիւններ կը սիրէ։

Սփիրիտոն Փութին սովետական բռնապետութեան ճարտարապետներուն՝ Լենինի եւ Սթալինի խոհարարն էր։ Տասնամեակներ անց անոր թոռը պիտի դառնար Քրեմլինի տէրը, ժառանգելով բռնապետութեան աւանդոյթները։

Պատահական չէ, որ կայ գիծ մը՝ սկիզբ առած Լենինի յեղափոխական ոգիով, ամրապնդուած Սթալինի բռնութեամբ եւ վերակազմաւորուած Փութինի իշխանութեան շրջանին։ Այդ ամբողջ ընթացքին անկախ մամուլը լռեց, քաղաքական ընդդիմութիւնը բանտարկուեցաւ կամ արտաքսուեցաւ, իսկ լրագրողներն ու ընդդիմադիրները… սպաննուեցան (կը սպաննուին)։

Տարբեր անուններ, տարբեր ոճեր, բայց օրինաչափութիւնը կը շարունակուի։ Բռնատիրութիւնը քիչ անգամ կ’անհետանայ, ան ընդունակ է վերածնելու նո’ր դրսեւորումներով։

Եթէ անդրադառնանք Ապրիլին ծնած բռնապետեր էնվերի եւ Աթաթիւրքի զուգահեռ պատմութիւններուն, Լենինի եւ Սթալինի շարունակականութեան ու Փութինի ներկայութեան, յստակօրէն կը տեսնենք զանոնք միացնող գիծը։ Բռնատիրութիւնը գիտէ ինքզինք վերարտադրել, երբ հասարակութիւն մը կը տկարանայ վախի, բաժանումի կամ խառնաշփոթի մէջ։

Բռնատիրոջ լեզո’ւն կը տարբերի, դրօ’շը, բայց ոչ էութիւնը, որ կը մերժէ, կը լռեցնէ բազմազանութիւնը եւ կը հպատակեցնէ բոլորը, իսկ մարդկութիւնը կը վճարէ խորտակուած կեանքերով, կասեցուած ազատութեամբ, կոտրուած սերունդներով, յուսալքութեամբ։

Ազատութիւնը փխրուն է, եւ բռնատիրութեան վերածնունդէն խուսափելու համար կարօտ է մշտական զգօնութեան։ Զայն ցկեանս «նուաճել» կարելի չէ,  սթափ քաղաքացիական գործողութիւններով ամէն օր վերանուաճել պէտք է, կրթութիւնն ու հասարակութիւնը պաշտպանող օրէնքները ամրապնդել պէտք է։ Անտարբերութիւնը, անգիտութիւնը եւ կրաւորական կեցուածքը բռնատիրութեան ամէնէն հզօր դաշնակիցներն են, եւ միայն մշտական զգօնութիւնն է որ մեզ կ’արտօնէ սպառնալիքները ճանչնալ իրենց սաղմնային շրջանին, այդպիսով պաշտպանել կարենալու համար ամէնէն բարձր արժէքը՝ մարդուն ազատ կամքն ու արժանապատուութիւնը։

 

* Սեփականութիւն ունեցող գիւղացի

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՅՔԱՐԸ ՊԱՐՍԿԱՀԱՅՔԻ ՄԷՋ

Next Post

ՅԱՐՈՒԹ ԵՒ ԼՈՒՍԻՆ ՊՈՅԱՄԵԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ»

Next Post

ՅԱՐՈՒԹ ԵՒ ԼՈՒՍԻՆ ՊՈՅԱՄԵԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.