
Վասպուրականի վերջին նահանջէն ետք ժողովուրդը գաղթական դարձած էր Պարսկահայքի մէջ: Կոստի Համբարձումեան յանձն առած էր աքսորեալներու առաջնորդութիւնը: Վերապատուելի Արսէն Ա. Կէօրկիզեան 1918-ի Յունուարին Թաւրիզ մեկնած էր իբրեւ այնտեղի Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ: Թուրքերը դէպի Պարսկաստան կը յառաջանային ու կը մօտենային Թաւրիզի: Բոլոր վանեցի գաղթականները, որոնց շարքին վեր. Կէօրկիզեան, կը մտածեն հեռանալ հոնկէ: Հայութեան հոգեկան վիճակին մասին վեր. Կէօրկիզեան կը մէջբերէ «Վասպուրականի նահանջ բիւրոց»ի հեղինակ՝ Եղիշէ Վարդանեանի խօսքը. «Ժողովուրդը անորոշութեան ու երկդիմութեան մէջ է. բոլորին ուշքն ու միտքը շարժելու մասին է, բայց շարժուելու հրամանը կ’ուշանայ…»:
Յանկարծ անգլիական օդանաւ մը կը յայտնուի Ուրմիա քաղաքի երկինքը 25 Յունիս 1918-ին: Ժողովուրդը կը հրճուի: Թուրքերը քաղաքին կը մօտենային: Օդանաւը վար կ’իջնէ եւ անգլիացի սպաներ կը հաղորդեն հայ պատասխանուներուն, թէ անգլիական ուժերը չեն կրնար հասնիլ ներկայիս հոն, ուր հալածուած քրիստոնեաները կը գտնուին: Հարկ է որ անոնք պատրաստուին եւ գաղթեն դէպի այն վայրերը, որոնք անգլիական պաշտպանութեան տակ կը գտնուին եւ ի պահանջեալ հարկին զինուին՝ կռուելու համար յարձակող թուրքերուն դէմ: Վասպուրականի Զինուորական մարմինը պէտք եղած անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կը տեսնէ, կռուողներու շարքերը կը կազմակերպէ եւ կը պատրաստուի տեղափոխուելու անգլիական գօտիին մէջ գտնուող վայրեր: Միւս կողմէ, ասորիները իրենց տեղերը կը մնան եւ չեն ուզել կռուիլ թուրքին դէմ: Թուրքերը կը սոսկային Վասպուրականի քաջարի հայ կռուողներու դիմադրութենէն: Կուտչի քաղաքի գիծով յառաջացող թրքական բանակի հրամանատար Ալի Իհսան փաշան զէնքի ուժով յոյս չունէր դէմ գալու վասպուրականցիներուն, ուստի ան նամակ մը կը յղէ հայոց՝ ըսելով. «Կովկասահայութեան անկախութիւն տրուած է արդէն, դուք ալ յիսունական հոգիէ բաղկացեալ խումբերով եկէ՛ք, ձեր զէնքերը յանձնեցէ՛ք, ձեզի ճամբայ կու տանք, անցէք Կովկաս ձեր ցեղակիցներուն մօտ» (Եղիշէ Վարդանեան, «Վասպուրականի նահանջ բիւրոց», Պոսթըն, էջ 191-192): Հայերը բացարձակապէս հաւատք չեն ընծայեր թուրքին խօսքերուն:
Հայկական բանակին յաջող յառաջխաղացքը տեսնելով ժողովուրդը կ’ոգեւորուի մօտալուտ յաղթանակով: Գաղթականները կը հետեւին յառաջացող բանակին: Յաջորդ օրը Ուրմիոյ ասորիները կը հետեւին հայոց եւ զանգուածային գաղթ տեղի կ’ունենայ դէպի Պարսկաստանի անգլիական գօտին: Ճակատամարտը վերջ գտած էր 17 Յուլիս 1918-ին: Թրքական թնդանօթները լռած էին եւ Սալմաստ գաւառի հայերն ու Ուրմիոյ ասորիները, ընդհանուր թիւով 75 հազար հոգի, «պատկառելի թափօր մը կազմած ճամբայ կ’ելլեն դէպի անգլիական բանակը, իրենց ետեւ ձգելով հայրենիք մը, որուն սիրոյն համար այնքան տառապեցան…», կ’ըսէ վեր. Կէօրկիզեան:
Ուրմիոյ մէջ տակաւին մնացած էին հայեր ու ասորիներ, որոնք միամտութիւնը ունեցած էին հաւատալու թրքական խոստումներուն: Ուրմիոյ պարսիկները օրը օրին տեղեկացուցած էին թուրքերը հայկական ուժերուն հեռանալուն մասին: Ուստի թրքական բանակը կը յարձակի Ուրմիոյ հայոց եւ ասորիներուն վրայ եւ կը կոտորէ զանոնք:
Միւս կողմէ, յիսնեակ մը անգլիացի զինուորականներ կ’այցելեն ազատագրուած հայոց ու ասորիներուն կարաւանը եւ խորհուրդ կու տան անոնց աւելի յառաջանալ մինչեւ Համատան: Անգլիացիները կը խոստանան գաղթական ժողովուրդին սնունդ բաժնել երբ կարաւանը հասնի Թիքէն Թէփէ գիւղը:
Թուրքերը կը յարձակին գաղթականներու կարաւանին ճամբուն վրայ գտնուող Մահմուտճուղ գիւղաքաղաքին վրայ եւ կը սկսին բարբարոսութիւններ գործել: Կոստի Համբարձումեան իր հետ կ’առնէ վերապտուելի Կէօրկիզեանն ու քանի մը ձիաւորներ եւ կը փութայ Մահմուտճուղ: Ճամբան թուրքերը կռիւի կը բռնուին հայոց հետ եւ ծանրօրէն կը վիրաւորեն Համբարձումեանը: Վերապատուելի Կէօրկիզեան յարձակող թուրքերէն մէկը կը սպաննէ եւ փախուստի կը դիմէ իր կարգին թեթեւօրէն վիրաւորուելէ ետք: Քիչ ետք թուրքերը, հայոց դիմադրութենէն անակնկալի եկած, փախուստի կը դիմեն իրենց հետ քանի մը հայ զինուոր գերի վերցնելով:
Իր ազգային պարտականութեան լրիւ գիտակից իբրեւ վասպուրականցի գաղթականներու ընդհանուր ղեկավար՝ Կոստի Համբարձումեան կը նահատակուի: Վերապտուելի Կէօրկիզեան անոր մասին կ’ըսէ. «Կոստին չկար այլեւս: Ան ինկած էր իր պարտականութեան ճամբուն վրայ, ազատութեան դրան սեմին առջեւ…»: Անոր մասին «Վասպուրականի նահանջ բիւրոց»ի հեղինակ Եղիշէ Վարդանեան իր յուշագիրքին էջ 203-217-ի մէջ ի միջի այլոց կը գրէ. «Կոստի Համբարձումեանի մահուան լուրը խոր սուգով կը համակէ ամէնքը: Ժողովուրդը այժմ բոլորովին անգլուխ կը մնայ: Անգլիական բանակը հասնելէն յետոյ մանաւանդ Կոստին անհրաժեշտութիւն մըն էր»:
Կարաւանը կը հասնի Թիքէն Թէփէ գիւղը, ուր կայք բռնած էին տասը անգլիացի սպաներ, որոնք ժողովուրդին կը հրամայեն քիչ մը հանգստանալէ յետոյ մեկնիլ մօտակայ Պիճար փոքր քաղաքը, ուր բազմաթիւ անգլիացի զինուորներ կը գտնուէին: Անգլիական իշխանութիւնը ժողովուրդին հաց եւ ուտելիք կը բաշխէ: Անգլիացիները սկիզբը կ’ըսեն թէ ժողովուրդը Համատան պիտի տանին, բայց ետքը անոնք իրենց ծրագիրը կը փոխեն ու զայն Պաղտատի կողմ կը տանին: Դէպի Պաղտատ ճամբուն վրայ գաղթականները կ’իջեւանին Թեզեքենտ գիւղը, ուր անգլիական իշխանութիւնը թէեւ ժողովուրդին սնունդ կը բաշխէ, սակայն հայերը զինաթափ կ’ընէ: Այսուհետեւ կը սկսի վասպուրականցի հայուն համար յետեղեռնեան ժամանակաշրջանը գաղթակայաններու մէջ:
Իր հողին վրայ հերոսամարտ կերտող վասպուրականցին կեանքի դժնդակ պայմաններու տակ աստանդական դարձաւ, սակայն պայքարի ոգին ու կորովը անոր մէջ վառ մնաց: Արդարեւ իր հայրենիքէն վտարանդի, ան Պարսկահայքի թէ Հայաստանի արեւելեան հատուածի այլ վայրերու մէջ զէնքով պայքարեցաւ նո՛յն ջարդարար թուրքութաթարին դէմ եւ յաղթական դուրս գալով գոյատեւեց Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ:

