Համեմատական հանդարտութեամբ յատկանշուած զբօսաշրջային եղանակին աւարտին, Լիբանանի մէջ վերսկսան ընկերատնտեսական մտահոգութիւններով պայմանաւորուած բողոքի շարժումները: Բացումը կատարեցին թոշակառու զինուորականները, որոնք երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն հրկիզուող անիւներով փակեցին Սայֆիի ճամբան՝ Պէյրութի հիւսիսային մուտքը, աւելի ուշ նաեւ Ռինկի կամուրջը, բողոքելով 2026-ի պետական ամավարկի նախագիծէն, ուրկէ բացակայած են իրենց իրաւունքները: Միաժամանակ, կեդրոնական Պէյրութի Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նստացոյց, մասնակցութեամբ թոշակառու զինուորականներու եւ հանրային հաստատութիւններու պաշտօնեաներու, որոնք դատապարտեցին կառավարութեան որդեգրած տնտեսական ու ելեւմտական քաղաքականութիւնները: Անիւներու հրկիզումը յառաջացուց ահաւոր խճողում, մինչ աշխատավայր ուղղուող հազարաւոր քաղաքացիներ ժամեր շարունակ արգելափակուած մնացին իրենց ինքնաշարժներուն մէջ, մինչեւ բանակին միջամտութիւնը եւ ճամբաներուն վերաբացումը: Թոշակառու զօրավար Ժորժ Նատէր ճամբաներու փակումին համար ներողութիւն խնդրեց քաղաքացիներէն, սակայն պնդեց, թէ «իշխանութիւնը միայն այս լեզուն կը հասկնայ, մանաւանդ բանակցային հանդիպումներէն ետք, որոնց արդիւնքը ժխտական էր»: Նատէր զգուշացուց, որ իրենք պիտի դիմեն մագլցողական աննախադէպ քայլերու, եթէ կառավարութիւնը անտեսէ զինուորականներուն պահանջները:
Իսկ երեկոյեան, կառավարութիւնը իր հերթական նիստին ընթացքին շարունակեց պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը: Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մարքոս նիստէն ետք յայտնեց, թէ իրենք ամավարկին բոլոր մանրամասնութիւնները կը քննարկեն իրապաշտ մօտեցումով՝ հաւասարակշռելու համար եկամուտներն ու ծախսերը, որպէսզի ելեւմտական բաց չըլլայ: Մարքոսի համաձայն, պետական ամավարկին քննարկումը պիտի շարունակուի այսօր կայանալիք նիստին ընթացքին:

