Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ԵՏՔ… ՎԱՒԵՐԱՑՈՒԱԾ Է

ԾՈՎԱԿ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

September 16, 2025
in Այլազան
0

 

 

Արդէն պաշտօնական է․ իմ անունս գրանցուած է հայկական «Դիւցազնագիրք»-ին մէջ։
2015-ի Յուլիս 21-ին, երբ ընդամէնը 13 տարեկան էի, դարձայ ամենաերիտասարդ հայուհին, որ հասած է Արարատի գագաթին (5137 մեթր)։
Եւ 2025-ի Օգոստոս 23-ին, տասը տարի ետք, պաշտօնապէս ստացայ վկայագիրը «Դիւցազնագիրք»-էն՝ այս պատմական նուաճումը արձանագրող։

Անցեալին՝ 2015-ին եւ երկար ժամանակ անկէ ետք, ես հպարտութեամբ պահպանեցի այդ նուաճումը՝ իբրեւ ամենաերիտասարդ հայուհի, որ երբեւէ կանգնած է Արարատի գագաթին։ Մրցանիշ մը, որ տարիներ շարունակ չխախտուեցաւ եւ միշտ պիտի պահէ իր տեղը պատմութեան մէջ։

Այս ճամբորդութիւնը սկսաւ իբրեւ երազ մը՝ իմ եւ իմ դպրոցի տնօրէն պարոն Նազօ Ճէրէճեանի միջեւ, Արարատ բարձրանալ՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, նաեւ նիւթական զօրակցութիւն ապահովելու մեր սիրելի Սահակեան–Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճին համար։
Երազ մըն էր, որ պատմութիւն դարձաւ։

Ամենախորին գոհունակութիւնս կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որ այդ երազը կարելի դարձուցին:

  • Տնօրէնիս՝ պարոն Նազոյի հաւատքին, առաջնորդութեան եւ տեսլականին համար, որ այս բարձրացումը հնարաւոր ըրաւ։
  • Ծնողներուս՝ բաւարար ուժ ունենալով իրենց 13 տարեկան դստեր այդպիսի մարտահրաւէրին համաձայնելու։
  • Քոյրերուս ու եղբօրս, ընտանիքիս, ընկերներուս եւ բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին ինծի եւ իրենց սրտերուն մէջ կրեցին զիս։
  • Իմ ուղեցոյցներուս. Լիբանանէն՝ Աւետիս Գալփաքլեանին, Հայաստանէն՝ Գէորգ «Արեւի» Գասպարեանին, որոնք այս առաքելութիւնը եւ անոր վտանգները ընդունեցին։
  • Ամբողջ խումբին, որ միասին բարձրացան եւ ամէն քայլ արձանագրեցին։
  • Եւ վերջապէս պարոն Վարդան Թովմասեանին՝ այս նուաճումը տասը տարի ետք ճանչնալուն եւ անունս հայկական մրցանիշերու գիրքին մէջ արձանագրելուն համար։

Ես քալեցի ամէն մէկ քայլը, բայց երբեք առանձին չքալեցի։ Այս մրցանիշը միայն ինծի չէ, այլ բոլոր անոնց, որ հաւատացին այս առաքելութեան։

Ամէնէն վերջը՝ գոհութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ իմ մէջ հաստատեց այս երազը եւ զօրութիւն տուաւ զայն իրագործելու։

Այդ բարձրացումը լեռ մը չէր միայն: Ան սկիզբն էր ամէն ինչի։ Արարատը սահմանեց իմ մարտահրաւէրներուս չափանիշը, կերտեց իմ մէջ քաջութիւնը եւ ձեւաւորեց զիս իբրեւ մարտիկ։

Եւ այն փոքրիկ 13 տարեկան աղջիկը, որ կանգնած էր Արարատի աստուածաշնչեան գագաթին՝ պիտի հպարտանայ։
Դուն երազ մը կրեցիր, եւ երազդ քեզ կրեց։
Շարունակէ բարձրանալ, ո՜վ մանուկ…:

 

 

 

10 years later…It’s official.

My name is officially in the Armenian Book of Records.

On 21 July 2015, at just 13 years old, I became the youngest Armenian female to reach the summit of Mount Ararat (5137 m).

And on 23 August 2025, I officially received the certificate from the Armenian Book of Records «Դյուցազնագիրք» recognizing this historic milestone.

As far back in the timeline as 2015, and for a long period of time after, I proudly held the record of being the youngest Armenian female to ever stand on Ararat’s peak—a record that remained unbroken for years and will always mark its place in history.

This journey began with a shared dream between me and my school principal, Mr. Nazo Jerejian, to climb Ararat during the 100th commemoration of the Armenian Genocide, while also raising support for our beloved Sahaguian–Levon Meguerditchian College «To Ararat for Sahagian».

What started as a dream became history.

I owe my deepest gratitude to so many people who made this possible.

To my principal, Mr. Nazo — for everything, especially your belief, your guidance, and your vision that made this climb possible.

To my parents, strong enough to let their 13-year-old daughter take on such a challenge.

To my siblings, family, friends, and everyone who believed in me and carried me in their hearts.

To my guides, Avedis Kalpaklian in Lebanon and Gevorg “Arevi” Gasparyan in Armenia, who accepted this mission and its risks.

To the whole team who climbed together and documented every step.

And to Mr. Vardan Tovmasyan, for acknowledging this achievement after 10 years and recording my name in the Armenian Record Books.

I walked every step, but I never walked alone. This record belongs not only to me, but to everyone who believed in this mission.

Above all, I thank God for planting this dream in me and giving me the strength to fulfill it.

That climb was more than a mountain, it was the beginning of everything.

Mount Ararat set the standard of my challenges, built my courage, and shaped me into the fighter I am today.

To the little 13-year-old kid who stood on the summit of the biblical Mount Ararat—be proud.

You carried a dream, and it carried you.

Keep climbing, kid…

 

 

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՄԵՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ ՀԱՅՈՒՀԻ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ԹԷ՛ ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԹԷ՛ «ՌԻՆԿ»ԻՆ ՎՐԱՅ ԾՈՎԱԿ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆԸ ՔԱՆԴԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ԴԻՒՑԱԶՆԱԳԻՐՔ»-ԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ԹՈՇԱԿԱՌՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ՓՈՂՈՑ

Next Post

ԹՈՇԱԿԱՌՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ՓՈՂՈՑ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.