2015-ին, Սահակեան-Լ.Մկրտիչեան գոլէճի աշակերտներէն Ծովակ Քէօշկէրեան Սահակեան Գոլէճի ոգին իր հետ բարձրացուց 5137 մեթր՝ Արարատի գագաթը, ընկերակցութեամբ օրին տնօրէն Նազօ Ճէրէճեանին: 13 տարեկանին, ան դարձաւ Արարատի գագաթը նուաճող ամէնէն կրտսեր աղջնակը:
Ճիշդ 10 տարի ետք, Ծովակին յաջողութիւնը պաշտօնապէս գրանցուեցաւ հայկական մրցանիշներու «Դիւցազնագիրք»-ին մէջ:
Այս մասին կ’արտատպենք հայրենի «Դիւցազնագիրք դիւցազուններու ընկերութիւն ՀԿ» հարթակի հաղորդումը, ինչպէս նաեւ մրցանշակիր սահակեանցիին ֆէյսպուքեան էջին վրայ այս նուաճումին առիթով արձանագրած խօսքը:
«Ա.»
2015-ին, ընդամէնը 13 տարեկան հասակին, Ծովակ Քէօշկէրեան բարձրացաւ Արարատի գագաթը։ Անոր պատմական այս քայլը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ դարձաւ ոչ միայն մարմնական, այլեւ հոգեւոր յաղթանակ։
Հայրենասէր սրտով ու հոգիով Ծովակը այդ օրը զգաց կեանքին մէջ շրջադարձային պահ մը: «Արարատ բարձրանալը ինծի համար ոչ միայն մարմնական, այլեւ հոգեւոր յաղթանակ էր՝ իբրեւ հայ եւ իբրեւ պայքարող աղջիկ։ Այդ օրը դարձաւ կեանքիս մէջ շրջադարձային պահ մը՝ տալով զօրութիւն եւ հաւատք իմ ապագայ ճամբուն համար»։
Այս մրցանիշը գրանցուեցաւ հայկական «Դիւցազնագիրք»-ին մէջ, դառնալով նոր խթան մը, որպէսզի Ծովակը շարունակէ ապրիլ իբրեւ պայքարող եւ յաղթող հայուհի։

Այսօր Ծովակ Քէօշկէրեան արհեստավարժ Մուայ Թայ եւ K1 մարտիկ մըն է։ Ան միջազգային մրցաշարքերուն մէջ կը ներկայացնէ Լիբանանը՝ նուաճելով յաղթանակներ ու մետալներ։
Ծովակը աւարտած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճը: Շատ լաւ արդիւնքով յաջողած է Լիբանանի պետական պաքալորիան: 2025-ին շրջանաւարտ դարձաւ Հայկազեան համալսարանէն, մասնագիտանալով «Ընկերային ծառայութեան» ճիւղին մէջ: Ուսման զուգահեռ հետեւած է Muay Thai մարզաձեւին, գրեթէ օրական մարզումներով, մարզիչ ունենալով Muay Thai-ի հայազգի ախոյեան Ժագ Սիբիլեանը:
Անոր ձեռքբերումներէն են․
- Լիբանանի համալսարաններու Մուայ Թայի ախոյեան,
- Լիբանանի Մուայ Թայ դաս «A» ախոյեան,
- Երեւանի Բաց Բաժակի յաղթող (Մուայ Թայ),
- Միջերկրական առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր,
- 2017-ի Պէյրութի Մարաթոնի կիսամարաթոնի տարիքային խումբի ախոյեանուհի,
- Hannibal Race 2023՝ կիներու ընդհանուր հաշուարկով երկրորդ տեղ, տարիքային խումբով՝ առաջին տեղ։
- Hannibal Race 2025՝ տարիքային խումբով՝ առաջին տեղ։

Ծովակ մարտիկ մըն է ոչ միայն ռինկին վրայ, այլեւ կեանքին մէջ․
- կը մասնակցի կամաւորական ծրագրերու,
- կը սատարէ ընտանիքներու, երեխաներու եւ կիներու,
- ներգրաւուած է մարզական սեմինարներու եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններու մէջ։
Արարատէն զօրութիւն ստացած այս մարտիկ հայուհին ոգեշնչում կը հանդիսանայ շատերուն՝ ապացուցելով, թէ յաղթանակները չեն սահմանափակուիր միայն «ռինկ»ին վրայ, այլ կը պատահին նաեւ կեանքին մէջ։


