Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԻՒՆԻԿԻ ԹԵՒԵՐՈՎ ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ Հ.Մ.Մ. ՊԷՅՐՈՒԹԻ 2025-2026 ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՒԱՔԸ

ՄԱՐԻՆԱ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ

September 16, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական խումբը իր նոր տարեշրջանը սկսաւ հանդիսաւոր բացումով։ Բանակումի ծառայութենէն վերադարձած արիները, երկու շաբաթուան կարճ արձակուրդէ ետք, իրենց նոր ուժով ու խանդավառութեամբ ներկայ եղան Սեպտեմբեր 13-ին Սահակեան գոլէճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած առաջին հաւաքին։

Արարողութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետն ու անդամները, Հ.Մ.Մ. Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, մասնաճիւղերու ատենապետներն ու վարչականները, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութեան ատենապետն ու անդամները, Սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը։ Ներկաներուն շարքին էին նաեւ նախկին խմբապետներ, սկաուտական շարքերէ պատասխանատու անդամներ, յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, Պէյրութի քաղաքապետարանի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի անդամը եւ շրջանի թաղապետները։ Նոյնիսկ ներկայութիւնը միայն արդէն կը վկայէր սկաուտութեան հանդէպ տիրող վստահութեան ու գնահատանքին մասին։

Բացման խօսքը կատարուեցաւ արենուշներու առաջնորդուհի Փաթիլ Փափազեանի կողմէ: Ընկերուհին իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր, փակելով իննսուն տարիներու էջը, մենք կը թեւակոխենք իննսունմէկերորդ տարին։ Այս տարեշրջանի մեր թեման՝ «Վերածնունդ»ը, մեզի կը յիշեցնէ, թէ սկաուտութիւնը մշտական կենդանի շարժում մըն է։ Ինչպէս փիւնիկը որ մոխիրներէն կը վերականգնէ իր կեանքը, այսպէս ալ մենք՝ սկաուտներս, ամէն տարի կը վերածնինք նոր ոգիով, նոր ուժով եւ նոր երազներով։ Մենք կը վերսկսինք մեր երթը՝ աւելի զօրաւոր, աւելի հաւատարիմ եւ աւելի պատրաստ։ Այս տարեշրջանը կը նայի ապագային։ Կը նայի գալիք օրերուն, գալիք երթերուն, գալիք ծառայութիւններուն։ Եւ կը վստահեցնէ մեզի, որ մեր ազգի ապագան ապահով է, քանի դեռ երիտասարդ սկաուտներ կան։ Այսօր կը բացուի նոր էջ մը Հ.Մ.Մ. սկաուտութեան գիրքին մէջ։ Եւ այդ էջը պիտի գրուի վերածնունդի ոգիով։ Բարի գալուստ 2025–2026 սկաուտական տարեշրջան»:

Բացման խօսքին յաջորդեց դրօշակներու արարողութիւնը։ Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական փողերախումբը հանդիսաւոր քայլերթով ու երեք քայլերգներով տօնական երանգ տուաւ հաւաքին։ Շարքերը՝ գայլիկներ, արծուիկներ, արենուշներ, արիներ, երէցներ եւ պարմանուհիներ, տողանցքով անցան եւ կանգնեցան յատուկ պատրաստուած կայմին առջեւ։ Խնամքով պատրաստուած «Փիւնիկեան» կայմին իմաստը հետեւեալն էր. «Կայմին աջ եւ ձախ կողմերուն տեղադրուած տախտակներն ու հիւսքերը կը խորհրդանշէին փիւնիկին թեւերը։ Անոնք կը մարմնաւորեն մեր ազատութիւնը, զարգացումը եւ քաջութիւնը՝ բարձրանալու դէպի նոր հորիզոններ։ Սուր եւ ներքեւ ուղղուած տախտակները կը խորհրդանշեն փիւնիկին ճանկերը, որ իր հերթին կը խորհրդանշեն մեր ուժն ու տոկունութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր արժէքներուն ամուր կապուած մնալը։ Կայմին գագաթը, որ կը նմանի բոցի մը, կը ներկայացնէ վերածնունդի էութիւնը։ Այդ կրակը մեր կիրքն է, նուիրումն ու այն կայծը, որ սկաուտական ոգին միշտ կենդանի կը պահէ։ Կայմին կեդրոնը կը միացնէ թեւերը, ճանկերն ու կրակը։ Այս միասնութիւնը կը խորհրդանշէ մեր սկաուտական ընտանիքը․ ամէն պարանը սկաուտ մըն է, եւ բոլորս միասին կը կազմենք ամուր ու ներդաշնակ ամբողջութիւն»։

Հաւաքի գլխաւոր բաժինն էր «Փիւնիկեան թռչուն» խորհրդանշող մեծ Puzzle-ի զետեղումը, որուն մասնակցեցան բոլոր խումբերը։ Խորհրդանշական այս քայլը պատգամ էր տոկունութեան եւ վերածնունդի:

Այս խորհրդանշական պատկերի խորքին մէջ կը գտնուի Հ.Մ.Մ.-ի իննսուն տարիներու պատմութիւնը՝ յաջողութիւններով, մարտահրաւէրներով, կորուստներով եւ յաղթանակներով։ Սկաուտական սերունդներու ջանքերը ոչ միայն մարմնաւորեցին հայրենասիրական դաստիարակութիւնը, այլեւ հաստատեցին Հ.Մ.Մ.-ի անունը որպէս հայ երիտասարդութեան կերտիչ եւ համայնքի հաւատարմութեան խորհրդանիշ։ Այսօրուան երիտասարդները կը շարունակեն այդ երթը՝ աւելցնելով նոր շունչ ու ժամանակակից հոգեբարոյական պատրաստութիւն։

Puzzle-ի զետեղումէն ետք տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութեան հիմնադրութեան 90-ամեակի փակումը, որուն անմիջապէս յաջորդեց նոր՝ 91-րդ տարեշրջանի բացման յայտարարութիւնը։ Այս հանդիսաւոր պահուն երէցները վար իջեցուցին իննսունի զերօն եւ անոր փոխարէն բարձրացուցին նոր թուանշան՝ մէկը։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ սկաուտական երգերով ու կանչերով, որոնք շրջակայքը լեցուցին ոգեւորութեամբ եւ պայծառ ապագայի վստահութեամբ։

 

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ  (16 Սեպտեմբեր 1937 – 27 Մարտ 2015)

Next Post

ՄԵՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ ՀԱՅՈՒՀԻ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ԹԷ՛ ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԹԷ՛ «ՌԻՆԿ»ԻՆ ՎՐԱՅ ԾՈՎԱԿ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆԸ ՔԱՆԴԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ԴԻՒՑԱԶՆԱԳԻՐՔ»-ԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ՄԵՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ ՀԱՅՈՒՀԻ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ԹԷ՛ ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԹԷ՛ «ՌԻՆԿ»ԻՆ ՎՐԱՅ ԾՈՎԱԿ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆԸ ՔԱՆԴԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ԴԻՒՑԱԶՆԱԳԻՐՔ»-ԻՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.