Լիբանանի ապահովական ու զինուորական կառոյցները անցնող օրերուն յատկանշական յաջողութիւններու հասան կասկածելիներու եւ աւազակախումբերու հետապնդումի իրենց ջանքերուն մէջ: Պաալպաք գաւառի Ժամալիէ գիւղին մէջ, բանակին հետախուզական ծառայութեան ուժերը ձերբակալեցին Պաալպաք քաղաքի բնակիչ մը, որ կը համարուի շրջանին մէջ հետապնդուած մեծագոյն կասկածելիներէն մէկը: Իսկ ներքին գործերու նախարար Ահմատ էլ-Հաժժար յայտնեց, որ Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը լռութեամբ գործադրած է շարք մը գործողութիւններ՝ ձերբակալելով շարք մը վտանգաւոր կասկածելիներ: Ըստ նախարարին, ապահովական նորագոյն յաջողութիւնը եղած է վտանգաւոր անձերու եւ բջիջներու բացայայտումը, մինչ կը հաղորդակցէին ահաբեկչական ծրագրեր գործադրելու համար: «Ապահովական կառոյցները բացայայտեցին Լիբանանի մէջ եւ սահմանէն դուրս գործող մաքսանենգումի վտանգաւոր ցանց մը եւ ձերբակալեցին անոր ղեկավարը: Ան կապեր ունէր Թուրքիոյ եւ Յորդանանի մէջ մարդոց հետ՝ նպատակադրելով մաքսանենգել թմրախոտ եւ Քափթակոն», յայտնեց նախարար Ահմատ էլ-Հաժժար:

