Անվտանգութեան այն համակարգը, որուն վրայ մենք մեծ յոյս դրած էինք առնուազն մինչեւ 2020 թուականի պատերազմը եւ անոր յաջորդած ժամանակահատուածին, կենսունակութիւն ցոյց չէ տուած, եւ մեզ այլընտրանքային գաղափարախօսութիւն անհրաժեշտ էր կամ անվտանգութեան նոր ճարտարապետութեան մասին մտածողութիւն, եւ որոնումներու ճանապարհ անցնելու անհրաժեշտութիւն յառաջացած էր:
«Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայութիւն» միջազգային համաժողովի ժամանակ Այս մասին ըսած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:
Այս ծիրին մէջ, ըստ անոր, Օգոստոս 8-ն համապարփակ ձեւով փոխած է ՀՀ անվտանգային միջավայրը, եւ այժմ ռազմավարութիւնը թուղթին յանձնելու եւ ժամանակին շունչ տալու խնդիր յառաջացած է:
«2021-ի ընտրութիւններից յետոյ որոշում կայացրինք, որ պէտք է հնարաւորինս արագ ունենալ նոր ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւն, բայց մեր շուրջ միջավայրն այնքան արագ էր փոխւում, որ մենք անընդհատ յետաձգում էինք ռազմավարութիւն ունենալը:
«2025 թուականի սկզբներին մեր շուրջ միջավայրը շարունակւում էր փոխուել, բայց մեր քաղաքականութիւնում յստակութիւն էր մտել, եւ մենք որոշեցինք ռազմավարութիւն ունենալ. երբ հասանք բնագիրը վերջնականացնելուն, տեղի ունեցաւ Օգոստոսի 8-ը, որն ամբողջութեամբ փոխեց մեր միջավայրը:
«Ի հարկէ, խաղաղութեան օրակարգ ենք ունեցել, բայց քաղաքականութիւնների մասով առնուազն նոր միջավայրին ընտելացուած քաղաքականութիւններ պէտք է ընդունենք, եւ դա նաեւ հարց է առաջացնում, եւ ընդհանրապէս ռազմավարութիւն ունենալու հարցն է սեղանին դրւում»,- նշած է Գրիգորեան՝ յաւելելով, որ հարցը յառաջիկային պէտք է քննարկուի:

