Անակնկալ զարգացումով մը, «էլ-Ժատիտ» հեռատեսիլի կայանը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, թէ Պուլկարիոյ մէջ ձերբակալուած է Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պայթած 2750 թոն քիմիական նիւթը Պէյրութ փոխադրած «Rhosus» նաւուն ռուս սեփականատէր Իկոր Կրեչուշքինը, որ կը կրէ նաեւ կիպրական քաղաքացիութիւն: Ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած է լիբանանեան դատական մարմիններուն դիմումով՝ 2020-ին Ինթըրփոլին հրապարակած յուշագրին հիման վրայ: Լիբանանեան արդարադատութիւնը տեղեկացուած է ձերբակալութեան մասին եւ կը մշակէ մարդուն Լիբանան փոխադրութիւնը պահանջող դիմում մը, նկատի առնելով, որ Պէյրութ եւ Սոֆիա ցարդ չեն կնքած կասկածելիներ փոխանակելու համաձայնագիր: Լիբանանեան դիմումին մէջ կը ներառուին առկայ տուեալները, որոնք կը կարեւորեն մարդուն հարցաքննութիւնը լիբանանեան դատական մարմիններուն առջեւ՝ հասնելու համար կարեւոր եզրակացութիւններու: Դիմումը պուլկարական կողմին պիտի փոխանցուի Արդարադատութեան նախարարութեան միջոցաւ: Սոֆիա պիտի կայացնէ վերջնական որոշումը՝ կա՛մ ձերբակալուած մարդը արտայանձնել Լիբանանին, կա՛մ փոխադրել իր հայրենիքը Ռուսիա, կա՛մ զայն կալանաւորուած պահել Պուլկարիոյ մէջ: Ըստ առկայ տուեալներուն, եթէ Պուլկարիա մերժէ արտայանձնելու դիմումը, ապա լիբանանցի աւագ քննիչը կրնայ հարցաքննութիւնը անձամբ կատարել Սոֆիայի կամ Մոսկուայի մէջ:

