Սուրիոյ Ներքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ զէնքերու մաքսանենգումի երեւոյթին վերջ տալու եւ զէնքի մենաշնորհին հարցը լուծելու նպատակով, Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու ներքին ապահովութեան ուժերը Դամասկոսի արեւմտեան գիւղերուն մէջ գործադրած են ապահովական յատուկ գործողութիւն մը: Ըստ սուրիական յայտարարութեան, նշեալ շրջանին մէջ գործադրուած ապահովական խուզարկումներուն ընթացքին գրաւուած է սուրիական հողերէն դուրս մաքսանենգելու նպատակով մթերուած ծանր ու թեթեւ զէնքեր, մեծաքանակ զինամթերք եւ զինուորական այլ սարքեր: Յայտարարութիւնը շեշտեց, որ սուրիական պետական ուժերը պիտի շարունակեն գործողութիւնները՝ վերահաստատելու համար կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը երկրին մէջ:

