Գագաթաժողովին ընթացքին իրենց խօսքերը արտասանեցին նաեւ արաբական եւ մահմետական աշխարհի բազմաթիւ ղեկավարներ՝ դատապարտելով Իսրայէլի ոտնձգութիւնը եւ շարունակական յարձակումները: Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան ահաբեկբական անարգ ոճիր համարեց Տոհայի դէմ իսրայէլեան հարուածը, կող ուղղելով գտնելու Թել Աւիւի կառավարութեան յարձակումներուն վերջ տալու միջոցները: Թուրքիոյ նախագաճ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան իսրայէլեան բռնարարքը համարեց տարածաշրջանային սպառնալիք, ժողովականներուն կոչ ուղղելով գտնելու համագործակցութիւնը խորացնելու խողովակներ: Եգիպտոսի նախագահ Ապտ էլ-Ֆաթթահ Սիսի ահազանգեց, թէ իսրայէլեան վարքագիծը տարածաշրջանը կը մղէ անապահովութեան վտանգաւոր շրջանակի մը: Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը գագաթաժողովին ընթացքին շեշտեց, որ Տոհայի թիրախաւորումը կ’ապացուցէ իսրայէլեան սպառնալիքին անսահման ըլլալը: Իսկ Իրաքի վարչապետ Մոհամմատ Շիյահ էլ-Սուտանի առաջարկեց մշակել ամբողջական ուղեցոյց մը, որ կը վերաբերի Կազայի մէջ վերջնական զինադադարի յայտարարութեան եւ կործանուած տարածքներու վերակառուցումին:
Արաբական ու մահմետական արտակարգ գագաթաժողովի ծիրին մէջ, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամմատ պըն Սալման տեսակցութիւններ ունեցաւ Իրանի եւ Սուրիոյ նախագահներ Մասուտ Փեզեշքեանի եւ Ահմատ Շարայի հետ՝ քննարկելու Թեհրանի եւ Դամասկոսի հետ Ռիատի յարաբերութիւնները, համագործակցութիւնը խորացնելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր վիճակը եւ զոյգ երկիրներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ Քաթարը որակեց ամերիկացիներուն բացառիկ դաշնակիցը: «Նեթանիահուին ըսի, որ երբ յարձակումներ կը գործենք ուրիշներու վրայ, պէտք է ուշադիր ըլլանք», յայտնեց ամերիկացի նախագահը:
Նախագահ Ժոզէֆ Աուն Տոհայի մէջ այցելեց Քաթարի իշխանին ու վերստին ցաւակցեցաւ անոր եւ բոլոր քաթարցիներուն, խստիւ դատապարտելով իսրայէլեան անարգ յարձակումը: Աուն շեշտեց, թէ Լիբանան միշտ կանգնած է Քաթարի կողքին ու երախտապարտ է անոր՝ Լիբանանին շարունակաբար տրամադրուած աջակցութեան համար:

