Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱԹԱՐԻ ԻՇԽԱՆ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՁԳՏԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀՐԱՀՐԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԵՒ ՊԱՌԱԿՏԵԼՈՒ ՍՈՒՐԻԱՆ»

September 16, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0

Տոհայի մէջ Համասի ղեկավարները ահաբեկելու իսրայէլեան փորձի լոյսին տակ, Քաթար հիւրընկալեց արաբական-մահմետական պետութիւններու արտակարգ գագաթաժողովը, որուն ընթացքին նշեալ երկիրներուն ղեկավարները քննարկեցին Տոհայի յարձակումը, Կազայի մէջ իրականացուող սպանդները, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ դիմակայելու միջոցները: Իր բացման խօսքին մէջ, Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Սանի իշխանը դիտել տուաւ, որ Քաթար երկու տարի հանդէս եկած է միջնորդի դերով եւ իր մայրաքաղաքին մէջ հիւրընկալած է պաղեստինեան ու իսրայէլեան պատուիրակութիւններ, երաշխաւորելով 135 իսրայէլացի եւ հարիւրաւոր պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակումը, թէեւ պատերազմը շարունակուած է: Ան յիշեցուց, որ վերջին հարուածի պահուն, Համասի ղեկավարները կ’ուսումնասիրէին Կազայի մէջ զինադադարի ամերիկեան առաջարկը: «Եթէ Իսրայէլ կ’ուզէ ահաբեկել Համասի քաղաքական ղեկավարութիւնը, ապա ինչո՞ւ կը բանակցի: Ինչո՞ւ մեր երկրին մէջ պիտի հիւրընկալենք իսրայէլացի բանագնացներ, եթէ նորէն երկիրը պիտի ահաբեկէ Համասի բանագնացները», հարց տուաւ իշխանը: Ան համոզում յայտնեց, որ իսրայէլեան կողմը կը ձգտի խափանելու բանակցութիւնները, Կազան վերածելու տարածքի մը, ուր կարելի չէ ապրիլ: Խօսելով Լիբանանի մասին, Քաթարի իշխանը կարծիք յայտնեց, որ Թել Աւիւ կը ձգտի երկրին մէջ հրահրելու քաղաքացիական պատերազմ մը, ինչպէս նաեւ պառակտելու Սուրիան: «Վստահ ենք, թէ Իսրայէլի տարածաշրջանային ծրագրերը պիտի ձախողին եւ ամէն ինչ պիտի ընենք՝ պաշտպանելու մեր գերիշխանութիւնը», շեշտեց Թամիմ պըն Համատ իշխանը: Քաթարի վարչապետն ալ իր խօսքին մէջ իսրայէլեան յարձակումը համարեց պետական ահաբեկչութիւն, ահազանգելով թէ այդպիսի ոճիրներով կարելի է միայն խափանել բանակցային հոլովոյթը: Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց, որ Համասի ղեկավարութեան ոչնչացումը կարեւոր խոչընդոտ մը պիտի վերացնէ իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակումի եւ պատերազմին վերջ տալու հոլովոյթէն:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՏԱԳՆԱՊՈՂ ՀԱՅԸ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Next Post

ՊԷՅՐՈՒԹ՝ ՊԱՏՐԱՍՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ՊԷՅՐՈՒԹ՝ ՊԱՏՐԱՍՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.