Կարապենցի գործերուն մէջ տեւաբար կը հանդիպինք տագնապող հայ տիպարներու։
Տագնապող հայ։ Տագնապահար հայորդի։
Մենք այսպէս կը բնորոշենք հայու այն տիպարը, որ Սփիւռքի կազմաւորման սկզբնական շրջանին խորունկ տագնապ մը ապրեցաւ, մա՛նաւանդ արեւմտեան հայագաղութներու մէջ։ Տագնապին գլխաւոր դրդապատճառը ինքնութեան փնտռտուքն էր։ Փարիզի, Մարսէյլի կամ Նիւ Եորքի ափերը ինկած գաղթական հայը կը մտածէր. «Ես ֆրանսացի՞ եմ, թէ՞ հայ»։ «Ամերիկացի՞ եմ, թէ՞ հայ»։ Այս երկուութիւնը կը տառապեցնէր զինք, որովհետեւ յաճախ, ինչ-ինչ դրդապատճառներու բերումով, ստիպուած էր ընտրութիւն մը կատարել ինքնութեան երկու տարբերակներէն։ Բայց այս ընտրութի՛ւնն ալ կը տանջէր զինք, որովհետեւ կը մատնուէր հոգեկան երկփեղկումի։ Մէկ կողմէ իր ապրած երկրին լիիրաւ քաղաքացին ըլլալու տենչը կը զսպանակէր զինք, միւս կողմէ՝ իր հայկական արմատներէն կտրուելու ցաւը կ՛ապրէր։ Ֆրանսահայ մեր գրողները՝ Շահնուրէն ու Հրաչ Զարդարեանէն մինչեւ Որբունի, Սարաֆեան ու Փօլատեան խո՛րապէս ապրած են այդ տագնապը ու զայն դրսեւորած իրենց գրականութեան մէջ։
Պարագան տարբեր չէր կրնար ըլլալ Ամերիկայի տարածքին եւս։ Ինքնութեան տագնապը կը կրծէր գաղթական հայուն հոգին։
Կարապենցի գրականութեան մէջ, ահաւասիկ, կարմիր թելի մը նման ինքզինք կը կը յայտնէ այս թեման։ Իր տիպարներուն ներսիդին իրարու դէմ կը պայքարին քաղաքացի ամերիկացին ու արմատներէն փրթիլ չկրցող հայը…։ Ու գրագէտը, իր մէկ գիրքէն դէպի միւսը, շարունակ կը պեղէ իր այս հերոսներուն հոգին։ Ահա՛ թէ ինչու ան իր պատմուածքներու անդրանիկ հատորը կոչած էր «Անծանօթ հոգիներ»։ Այդ հոգիները ո՛չ ոքի ծանօթ էին։ Անոնք կը մխային միայնա՜կ…։ Թէքէեանն էր, որ ըսած էր չէ՞. «Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ»…։
Այո՛, Կարապենց շարունակ կը քրքրէր իր տիպարներուն հոգեյատակը ու երեւան կը հանէր շա՛տ բան, սակայն ինք ալ կը գիտակցէր, թէ պեղումի այդ աշխատանքը վերջ չունի, աւարտուն պիտի չըլլայ, քանի որ մարդուն հոգին աներեւակայելիօրէն խոր է ու անյատակ։ Ահա՛ թէ ինչու գրագէտը իր վերջին գիրքերէն մին կոչած էր «Անկատար»…։ Միով բանիւ, Կարապենց ըսել կ՛ուզէր, թէ անծանօթ հոգիներու հետախուզութիւնները ի վերջոյ դատապարտուած են մնալու անկատար…։ Որքա՜ն պարզ բայց խորունկ իրականութիւն մը։
Ոմանք «Ադամի գիրքը» վէպը կը նկատեն Կարապենցի գլուխ-գործոցը։ Թերեւս։ Ինքնակենսագրական գործ մը կը հաշւուի այս, քանի որ վէպին գլխաւոր հերոսը՝ գրող ու լրագրող Ադամ Նուրեանը, ինչ-ինչ փուլերու մէջ կը նոյնանայ նոյնինքն վիպագիր հեղինակին հետ։ Սփիւռքեան ողբերգութեանց ինչ-ինչ երեսները ցոլացում կը գտնեն այստեղ՝ սկսելով սերնդափոխութեան հարցէն ու հասնելով մինչեւ հայապահպանումի թնճուկը։ Կարապենց լայն պաստառի վրայ կը նկարէ ժամանակակից մարդուն տագնապը, սփիւռքահայ մարդուն արդի խռովքը եւ ամերիկեան հասարակարգին դրոյթը։ Բայց այս երեք կէտերը ընդհանուր վերնագրեր են պարզապէս։ Վէպին էջերը լեցուն են մերօրեայ մարդը (եւ հայը) յուզող բազմաթիւ մանրամասնութիւններով։ Զորօրինակ, Կարապենց կ՛ակնարկէ 70-ական թուականներուն ծայր տուած հայկական զինեալ ընդյատակեայ շարժումին ու ատոր ազդեցութեան՝ մեր հոգեբանութեան վրայ, կը վերակոչէ Ղարաբաղի հողային անլոյծ հարցը (չմոռնալ որ խնդրոյ առարկայ վէպը տպուած էր 1983-ին, այսինքն՝ դեռ չէր սկսած ղարաբաղեան ծանօթ շարժումը), ու մինչեւ իսկ կ՛արծարծէ սփիւռքի հայուն ո՞ւր թաղուելու մտմտուքը…։ Կրնայ անհեթեթ թուիլ այս վերջին պարագան։ Շատեր կտակ կը գրեն որ Հայաստան թաղուին։ Բայց վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Ադամ, հարց կու տայ. «Բայց մի՞թէ Հայաստանը գերեզմանոց է, որ ինձ տանեն. ես ի՞նչ եմ տուել Հայաստանին, որպէսզի Հայաստանն ամփոփի իմ դին»…։
Կարապենցի հերոսները, որոնք յաճախ մտածող ու մտաւորական տարրեր են, երկար ատեն իրենց տպաւորութեան տակ կրնան պահել ընթերցողը։ Օրինակ, «Կարթագէնի դուստրը»-ի գլխաւոր տիպարները՝ սիրահարներ Ալմիրան ու Հոմերը, երկար ժամանակի վրայ կրնան գերել մեզ (այս մասին կարդալ գրաքննադատ Հայկ Ժամկոչեանի յօդուածաշարքը Պէյրութի երբեմնի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ, 11-25 Փետրուար 1973)։
Պարագան տարբեր է սակայն «Նոր աշխարհի հին սերմնացանները» հատորին, որուն պատմուածքներուն տիպարները բոլորովին ա՜յլ խմոր ունին…։ Ասոնք հայ հին սերունդի վերջին ներկայացուցիչներն են։ Խոնարհ ու տագնապո՛ղ հայեր։ Ես կարապենցեան տիպարներու այս շարքը շա՛տ կը նմանցնեմ Սիմոն Սիմոնեանի «Լեռնականներու վերջալոյսը»-ի հերոսներուն։ Կարապենցի «սերմնացանները» ինչո՞վ կը տարբերին Սիմոնեանի «լեռնականներ»-էն։ Թերեւս ակնբախ տարբերութիւնը այն է, որ ճակատագիրը առաջինները նետած է հեռաւո՜ր Ամերիկա, մինչ երկրորդները կ՛ապրին հայրենամերձ Հալէպի մէջ…։ Այլապէս, Կարապենցի Գոնսուլ Առաքելը, Կիլիկիոյ երազով տարուած իշխան Փիլիպոսը, օրիորդ Անթառամը, արաբկիրցի Աբգար ամին, խարբերդցի Սոսկալի Սահակը, զէյթունցի Յովնանը կամ սասունցի Սարգիսը հոգեհարազատ եղբայրներն են Սիմոնեանի Քեռի Օհանին, Քեռի Մակարին, Երկէն Արթինին, Թոփալ Սահակին, Պելաւայ Յակոյին կամ Խուլ Լուսինին…։ Բոլորն ալ տարեց արեւմտահայեր են, բոլորին ալ սիրտը կը բաբախէ նո՛յն ընդհանուր զարկերով։ Կորսուած հայրենիքին տեսլականը չի հեռանար իրենց մշուշոտ աչքերուն առջեւէն…։
Կարապենց իր նշեալ գիրքին հերոսներուն հոգեվիճակը կը պարզէ սա՛ բնութագրումով. «Կարեւորն այն է, որ Ամերիկայում գտնուելով հանդերձ՝ նրանք Ամերիկայում չեն ապրում։ Կերտել են իրենց ուրոյն պատեանը, մտել մէջը եւ ամփոփուել։ …Եւ երբ քուրայի թէժ կրակն են բորբոքել, Հայաստա՛նն են յիշել։ Քար են կրել, պողպատ են ծռել ու երգել Հայաստանը։ Տուն-տեղ են շինել եւ օրհնել Հայաստանը։ Հարսանիքի մէջ թէ թաղման ժամանակ ներկայ է եղել Հայաստանը։ Զաւակներին դպրոց ուղարկելիս՝ նրանց մէջ խօսել է Հայաստանը։ Երգել են ու պարել՝ հայութիւնը պահպանելու համար։ Հայհոյելի՛ս անգամ՝ Հայաստանի մրրիկներն են յիշել։ Այս բոլորն արել են, որպէսզի յաւերժ լինի Հայաստանը, որ անխախտ մնայ հաւատքը հանդէպ հայութեան ու
Հայաստանի» («Նոր աշխարհի հին սերմնացանները», էջ 22-23)։
Այս գիրքը հեղինակին արեան տուրքն է Սփիւռքի Ա. սերունդին։
Այո՛, Սիմոն Սիմոնեանի «Լեռնականներու վերջալոյսը»–ն (1968) ու Յակոբ Կարապենցի «Նոր աշխարհի հին սերմնացանները»(1975) երկուորեակ հատորներ կը թուին ինծի։
Կ՛արժէր որ գրականագէտ մը (կամ համալսարանական աւարտաճառ պատրաստելու թեկնածու մը) նշեալ երկու գիրքերը քով-քովի դնէր իր գրասեղանին վրայ ու լծուէր բաղդատական-գրավերլուծական աշխատանքի մը՝ ընդմէջ Կարապենցի ու Սիմոնեանի տիպարներուն։ Վստահաբար, շատ հետաքրքրական հետեւութիւններու եւ եզրակացութեանց պիտի հասնէր ան։
Եւ հոս, ինքնաբերաբար, կը մտածենք թէ իրենց հայկական արմատներուն կառչած ու հայրենատոչոր այս մարդոց (Սփիւռքի Ա. սերունդը) անմիջական յաջորդները ինչո՞ւ այնքան դիւրաւ օտարացան, ուծացան…։ Ինչո՞ւ նահանջը այնքան արագ թափանցեց անոնց (Սփիւռքի Բ. եւ Գ. սերունդ) արեան մէջ։ Կարապենց այս մասին կը գրէ. «Հին սերունդը յուշերով է ապրում։ Միջին սերունդն ընկել է երկու քարերի արանքում։ Իսկ նոր սերունդը փարթամ բոյսի պէս մեծացել, դարձել է ամերիկացի՝ յաճախ խարխափելով իր ազգային ծագման խորհրդաւոր կածաններում։ Ու տառապում են բոլորը՝ մեծով ու պզտիկով» (նոյն գիրքը, էջ 11)։
(Շար. 3)

