Հայկական ծագումով ամերիկացի հաղորդավար Փաթրիք ՊէթՏէյվիտի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Պենիամին Նեթանիահու, պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչո՞ւ Իսրայէլի ոեւէ վարչապետ մինչեւ օրս չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ըսած է. «Ահաւասիկ հիմա կ’ըսեմ», այդ առթիւ նաեւ յայտնած է, թէ «Իսրայէլի խորհրդարանը ընդունած է այդ փաստը»։
Նեթանիահուի կողմէ նման պայմաններու տակ ու նման ձեւով տրուած պատասխանը ո՛չ մէկ պարագայի տակ կարելի է ընդունելի կամ վաւերական համարել, ընդհակառակը, այդ կը պարունակէ հեգնանք ցեղասպանութեան զոհերուն ու վիրաւորանք՝ հայութեան։
Նախ պէտք է արձանագրել, որ Իսրայէլի Քնեսէթր՝ խորհրդարանը, ոչ մէկ ատեն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստը։ Բազմաթիւ անգամներ փորձ կատարուած է հարցը դնել խորհրդարանի քննարկման, սակայն կառավարութեան ճնշումին տակ դուրս հանուած է օրակարգէն։
Հակառակ որ հրեայ բազմաթիւ մտաւորականներ ու պատմաբաններ պահանջած են, որ Իսրայէլ պաշտօնապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, մանաւանդ որ իրենց ազգը եւս եղած է ցեղասպանութեան զոհ ու այդ փաստի հետեւանքով արժանացած է աշխարհի կարեկցութեան ու համակրանքին, սակայն պաշտօնական ճանաչում երբեք չէ եղած։
Անցնող տասնամեակներու ընթացքին Իսրայէլի համար աւելի կարեւոր նկատուած է Թուրքիոյ հետ իր սերտ գործակցութիւնը՝ քան պատմական իրողութեան ճա նաչումը։ Ներկայիս թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները կ’ապրին իրենց ամէնէն վատ օրերը՝ Կազայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պատճառաւ։ Սակայն, այդ չի նշանակեր, որ անոնց միջեւ գոյացած է վերջնական խզում։ Ներկայիս, կապը կը պահպանուի Ատրպէյճանի միջոցաւ, որ կազ կը մատակարարէ Իսրայէլին ու մեծ քանակութեամբ մահաբեր զինատեսակներ կը գնէ այդ երկիրէն ու կ’օգտագործէ զանոնք Հայաստանի դէմ։ Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, Իսրայէլ Ատրպէյճանի մէջ ունի ռազմական դիրքեր, ուրկէ կը լրտեսէ Իրանի դէմ։
Քաղաքական նպատակայարմարութեամբ կատարուած «ճանաչումը» անընդունելի է նաեւ այն պատճառաւ, որ երկու տարիէ ի վեր Իսրայէլ Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդը կ’ենթարկէ ռմբակոծութեան, տեղահանութեան ու սովի՝ խլելով տասնեակ հազարաւոր զոհեր, որոնց շարքին երեխաներ։ Այս արարքները իրենց մէջ կը պարունակեն ցեղասպանութեան յատկանիշներ, որոնց համար ալ Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ Նեթանիահուն ամբաստանուած է, որպէս պատերազմի յանցագործ։
Այս բոլորը հանգամանքները նկատի առնելով, հայութիւնը պէտք է մերժէ Նեթանիահուի կեղծաւոր յայտարարութիւնը ու զայն առանց շնորհակալութեան վերադարձնէ իր իսկ տիրոջ։

