Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԾԱՌԵՐԸ

ԱՆԻ ԹՈՐԱՆԵԱՆ (Երեւան)

September 13, 2025
in Յօդուածներ
0

 

Նկատե՞ր էք արդեօք, որ անոնք մեր կողքին են միշտ։

Ամէն անգամ, որ կ’անցնիմ Մաշտոցի անունը կրող պողոտայէն, յուշի թեւերով կը հասնիմ մանկութեան տարիներուս, կը քալեմ դպրոցականի անհոգ քայլերով, հայեացքով կ’որսամ մերկ չինարի ճիւղերուն թառած բազմահազար ճնճղուկները եւ ափիս մէջ հաւաքելով գրպանիս մեջ իրարու փակած հացի փշրանքները, զգոյշ կը տեղաւորեմ ծառերէն մէկուն տակ՝ սառած հողին։ Քիչ մը կը հեռանամ, որպէսզի ամբողջական տեսնեմ անօթի ճնճղուկներուն մեծցող խումբը, այդ նուրբ արարածներուն մեծ ու փոքր յաղթանակները, անոնց տխուր-ուրախ ճռուողիւնն ու օրուան այդ տեսարանը պահ տուած յիշողութիւններուս պահոցին, աննկատ ժպիտով կը շարունակեմ ճամբաս դէպի դպրոց։

Տասնամեակներ անցած են այդ հեքիաթանման օրերէն, եւ այսօր, երբ կրկին կ’անցնիմ նոյն պողոտային նոյն մայթերէն, նոյն չինարի ծառերը կը բարեւեն զիս հին մտերիմի, հարազատի սիրով։ Ծառերը կը յիշեն զիս, կը յիշեն հացի տաքուկ փշրանքները իրենց տոկուն բունին քով, կը յիշեն իրենց ճիւղերուն վրայ տերեւներու չափ խիտ, իրարու սեղմուած, զիրար տաքցնող ճնճղուկներն ու կը ժպտին ծեր իմաստունի բարի ժպիտով։

Որքա՜ն սորվելիք ունինք այդ ծառերէն։ Անոնք չեն խօսիր, անոնք կը պատմեն՝ տերեւներու շրշիւնով, ճիւղերու ճկումով, ամռան տաքին մեզի նուիրած իրենց ստուերով։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին կեանքը անծայր պատմութիւն մըն է, ուր փորձութիւններն ու յաղթանակները լուռ են՝ գրուած բունի շրջագիծերուն մէջ։ Անոնք ալ մեզի պէս կը հագուին, կը հանուին, կը պայքարին, կը յուսահատին, կ’ուրախանան ու կը տրտմին, կը գրկեն կամ կը վանեն…

Անոնք գիտեն, թէ ինչ է համբերութիւնը, ինչպէս պէտք է սպասել, երբ հովը կը խլէ իրենց վերջին տերեւը, եւ ինչպէս պէտք է կրկին շնչել, երբ արեւը կը շոյէ քուն մտած բողբոջները։

Յիշենք նաեւ Օվիտիուսին պատմած այն հին առասպելը, երբ գետերու աստուած Փենէոսի դուստր Դափնէն Ապողոնի կրքոտ հետապնդումէն փախչելով հասաւ գետափ եւ դիմեց հօրը. «Հա՛յր, եթէ հոսքդ աստուածային ոյժ ունի, ուրեմն փոխէ զիս, ջնջէ գեղեցկութիւնս, որ չափազանց գրաւիչ է»։

Այդ պահուն գետի հոսքին ձայնը կարծես խառնուեցաւ Դափնէի շունչին։ Անոր ոտքերը ծանրացան եւ արմատներու պէս խրեցան գետափի հողին մէջ, լռութիւնը քարացուց անոր մարմինը, իսկ ձեռքերը վերածուեցան դալարող ճիւղերու, որոնք հովը օրորեց մեղմիկ։ Դափնէն դարձաւ ծառ՝ յաւերժ փրկուած, բայց նաեւ յաւերժ կապուած իր հողին։

Ապողոն կեցաւ անոր առջեւ, ձեռքերով գրկեց կոշտացած կեղեւը եւ սգաց, բայց յետոյ երդուեցաւ դափնիի տերեւները վերածել անմահ պսակի, որ փառքի ու յաղթանակի պահերուն յիշեցնեն այն գեղեցկութիւնը, որ ինք պահել չկրցաւ։

Գուցէ հո’ս պէտք է փնտռել ծառին մեծագոյն գաղտնիքը։ Ան գիտէ, որ փրկութիւնը յաճախ  կու գայ ոչ թէ փախուստէն, այլ՝ արմատներով հողին կառչելէն։ Գիտէ, որ գեղեցկութիւնը պահելու ամէնէն հզօր ձեւը կրնայ զայն զոհելը ըլլալ…։

Ծառերը չեն շարժիր իրենց տեղէն, բայց կ’ապրին բոլոր փոթորիկներուն, բոլոր եղանակներուն հետ։ Անոնք կը դիմանան ցուրտին, կը կրեն իրենց վէրքերը եւ գարնան դարձեալ կը բողբոջին։ Անոնք ալ, ճիշդ մեզի պէս, կ’անցնին կորուստներու մէջէն, բայց չեն կորսնցներ այն հին, լուռ հաւատքը, որ կեանքը յարատեւ է՝ կը շարունակուի։

Տարուան բոլոր եղանակներուն, երբ ծառերու մէջ եմ՝ մօտը սաղարթախիտ սօճիներուն, կաղնիներուն կամ ուռիներուն, կը զգամ անոնց արձակած ուրախութեան անտես ճաճանչները, եւ կը հասկնամ, որ անոնք կ’ազատագրեն զիս։ Նոյնիսկ կը լսեմ անոնց մունջ խօսքը՝ «Քիչ մըն ալ մնա՛ մեզի հետ»։

Լոյս կը հոսի անոնց ճիւղերէն, եւ ինծի լռիկ կը յուշեն՝ «Դուն ալ, մեզի պէս, նոյն առաքելութեամբ եկած ես աշխարհ՝ լոյսով լեցուելու, լոյս ամբարելու, յարատեւելու համար»։

Կեանքը շատ կը նմանի խիտ, անճանապարհ այն անտառին, ուր էութիւնդ կը սարսռայ անստուգութենէն, դէմքդ կ’այրի ներքին տագնապէն, աչքդ կ’արցունքոտի ճիւղի մը անակնկալ հպումէն։

Եթէ կարելի ըլլար, գոնէ շրջանի մը համար, հեռանալ Երկրէն, յետոյ վերադառնալ ու կրկին սկսիլ՝ թէկուզ զէրոյական կէտէ, ապրելու համար այնպէս, որ ոչ մէկ բան ձգենք կիսկատար, որ ոչ ոք մեզմէ համարձակի խլել մեր ամէնէն սուղը, որ միայն Սէրը իշխէ ամէնուրեք…։ Երանի՜…

Ծառերը լաւ գիտեն այս բոլորին մասին։ Ես անոնց ճիւղերով բարձրացեր եմ վեր՝ մինչեւ կատարը, ու դարձեալ իջեր։ Ես ապրեր եմ երթալու եւ վերադառնալու հրճուանքը, որ պարգեւ է՝ ճակատագրի’ պարգեւ։

Ցանկութիւնը նաեւ տարերք է, որ զիս երբեմն կը տանի ծառերուն քով, արթնցնելով կարօտներ՝ անիմանալի, անբացատրելի յուզումներ, նաեւ փափաք՝ մտերմանալու ամէն մէկ տերեւի, ճիւղի ու ճնճղուկի հետ։

Անցեալ գարնան, Արեւմտեան Հայաստան էի, եւ Արածանիի ափամերձ ծառերէն մէկուն բունին վրայ հաւաքուած քարեր տեսայ։ Հաւանաբար, մտածեցի, գարնանային վարարումներու ատեն գետը լեռնային քարեր նետած է ծառի սրտին վրայ, բայց ի՜նչ ըրեր էր ծառը… Ան այդ անհարթ քարերը (անոնցմէ մէկը գրադարակիս վրայ է հիմա) կլաներ, շրջապատեր էր կեղեւով, զանոնք դարձնելով այն, ինչին հետ պիտի կարենար ապրիլ, դիմանալ եւ շարունակել աճիլ՝ բաձրանալով եւ բարձրացնելով նաեւ այն, որ ընդունակ էր… ոչնչացնել զինք։

Բնութիւնը մեզի կը սորվեցնէ նախ հաշտ ըլլալ մեր ինքնութենէն բխող տառապանքին հետ, ապա նաեւ յաղթահարել զայն։ Հետեւաբար, ծառերը իրենց իսկ օրինակով կրնան օգնել, որ մարդը հասկնայ, թէ ինչ կը նշանակէ ընդունիլ շփոթի, յուսահատութեան, անհանգստութեան եւ տառապանքի կրակը…

Ինչպէս որ անտառը հարուստ է իր իւրօրինակ ու անկրկնելի ծառերով, անոնց ճիւղերով, տերեւներով ու արմատներով, այնպէս ալ ժողովուրդ մը հարուստ է իր զաւակներով, որոնք երբեմն մեծ են, երբեմն համեստ, երբեմն սովորական, երբեմն ալ բացառիկ… Ամէն մէկը, որքան ալ իւրօրինակ, իր տեղը ունի այդ «անտառին» մեջ, եւ մաս կը կազմէ անոր պատմութեան կերտումին, ամբողջութեան հաղորդելով իր գոյնն ու ոյժը։

Ծառը իր կեանքի բոլոր փուլերով՝ ծաղկումէն մինչեւ տերեւաթափ ու կերպարանափոխում, միշտ կը պահէ իր էութիւնը եւ կը նմանի այն զօրեղ անհատականութեան, որուն հոգիին մէջ կ’ապրին անսասան հաւատն ու անխախտ կամքը։

Այդօրինակ անհատներն են, որ իրարու միախառնուած կը դառնան անտառ՝ թանձր, ուժեղ ու անպարտելի։ Այդ անտառին մէջ մեր սերունդն է, մեր պատմութիւնը, մեր առաքելութիւնը՝ պահել լոյսը, ու զայն փոխանցել յոյսի ու սիրոյ ճաճանչներով։

Ծառերն ու անտառը մեզի կը պատգամեն միասնական ըլլալ, արմատները խոր խրել հողին մէջ, ճիւղերը վարժեցնել ճկունութեան եւ միշտ պատրաստ ըլլալ ընդունելու անակնկալները։

Կեանքը անդադար փոփոխուող, յարատեւ շարժում է, բայց մենք պարտաւոր ենք անխա’խտ պահել մեր արմատները։

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՔԻՐՔԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԻՆ ՀԱՐՑՈՎ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ԿՈՂՄԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ՝ ՄԵՐԺԵԼԻ

Next Post

ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ԿՈՂՄԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ՝ ՄԵՐԺԵԼԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.