Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ ձերբակալուած է 11 Սեպտեմբերին աջակողմեան գործիչ Չարլի Քըրքի ահաբեկումին մէջ կասկածելի մը: Ըստ Թրամփի, մարդը ոստիկանութեան յանձնուած է մտերիմի մը ձեռամբ: Նախագահը մաղթեց, որ յանցագործը արժանանայ մահուան դատավճիռի: Ամերիկեան լրատուամիջոցներ շուտով հաղորդեցին, որ ձերբակալուած անձը 22 տարեկան Թէյլըր Ռոպինսընն է: Ան ոստիկանութեան յանձնուած է տեղի ունեցածին մասին հօրը խոստովանելէ ետք: Նշենք, որ նախանացեալ օր արեւմտեան Եութա նահանգի համալսարաններէն մէկուն մէջ դիպուկահարի կրակոցով ահաբեկուեցաւ Թրամփի գլխաւոր աջակցողներէն, աջակողմեան պահպանողական գործիչ, Իսրայէլին զօրակցող 32 տարեկան Չարլի Քիրքը:

