Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ընդունեց ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններուն պատուիրակութիւնը: Ան խօսեցաւ նշեալ դաշինքին եւ անոր անդամ երկիրներուն հետ համագործակցութեան զարգացումի թղթածրարին, Երեանի մօտեցումներուն եւ համատեղ աշխատանքներուն: Ժողովականները անդրադարձան առկայ հնարաւորութիւններուն: Միրզոյեան կեդրոնացաւ նաեւ 8 Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ կնքուած հայ-ատրպէյճանական համաձայնութեան, վստահեցնելով որ քննարկումները կը շարունակուին պայմանաւորուածութիւնները գործադրելու ուղղութեամբ: Նախարարը խօսեցաւ Հայաստանի ժողովրդավարական հաստատութիւններուն եւ դիմակայունութեան ամրապնդումի ջանքերուն մասին, ապա պատասխանեց դեսպաններու հարցումներուն:

