Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումի թրքական կողմի յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ երէկ այցելեց Երեւան, ուր բանակցութիւններու 6-րդ փուլը կատարեց իր հայ պաշտօնակից Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ: Ըստ Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, ժողովականները հաստատած են նախորդ ժողովներուն պայմանաւորուածութիւնները եւ միտքեր փոխանակած 1 Յուլիս 2022-ին համաձայնեցուած հարցերուն շուրջ, որոնք կը վերաբերին սահմանահատումներուն եւ սահմանային անցակէտերու վերաբացումին: Հայ ու թուրք պատուիրակները որոշած են արագացնել այս հոլովոյթը: Անոնք անդրադարձած են նաեւ Կարս-Կիւմրի երկաթուղագիծը վերականգնելու եւ գործարկելու նիւթին, որոշելով որ երկու երկիրներուն առնչակից մարմինները այս առնչութեամբ կատարեն անհրաժեշտ աշխատանքները: Համաձայնուած է աշխատանք տանիլ ակադեմական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը խորացնելու, մանաւանդ ուսանողներուն կրթաթոշակներու տրամադրումի հնարաւորութիւն ստեղծելով եւ պատմական Անի մայրաքաղաքին Մետաքսի ճանապարհի կամուրջը համատեղ վերականգնելով: Որոշուած է նաեւ աշխատանք տանիլ՝ 2026-ի ամռան եղանակէն սկսեալ օդային երթեւեկութիւնը ընդլայնելու ուղղութեամբ: Ժողովականները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ այս հոլովոյթը շարունակել առանց նախապայմանի:
Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդարութիւն մը՝ գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ: Թուրք յատուկ բանագնացը Երեան այցելութենէն ետք գրառում մը կատարեց ընկերային հաղորդակցութեանց հարթակներուն վրայ՝ նշելով. «Շնորհակալութիւն ջերմ ընդունելութեան համար: Ուրախ եմ կրկին հանդիպելու համար»: Նշենք, որ Հայաստան հասնելէ առաջ Քըլըչ Իգդիրի մէջ պատասխանած էր լրագրողներու հարցումներուն, շեշտելով որ «Զանգեզուրի գիծը» շատ կարեւոր է ոչ միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, այլ ամբողջ Միջին Ասիոյ եւ թրքական հանրապետութիւններուն համար: Ըստ անոր, հայկական կողմը այս հարցին դրական կը վերաբերի:

