Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ ԷԼՊԻՍ ԿԵՍԱՐԱՑԵԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ (Երեւան)

September 11, 2025
in Յօդուածներ
0

 

Երբ արեւմտահայ կին գրագէտներու մասին խօսուի, ինքնաբերաբար կը թուենք դասական դարձած անուններ՝ Սրբուհի Տիւսաբ, Հերանոյշ Արշակեան, Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ), Զապէլ Եսայեան, Արշակուհի Թէոդիկ, Մառի Պէյլէրեան եւ ուրիշներ: Սակայն, անոնց զուգահեռ, պէտք չէ մոռնալ անունը Էլպիս Կեսարացեանի, որ գործած է անոնցմէ առաջ՝ որպէս հրապարակագիր, գրագիտուհի, դաստիարակչուհի:

Խիստ ողջունելի է, որ գրականագէտ, գրող, բանասէր Նայիրա Համբարձումեան բարեխիղճ եւ հետեւողական աշխատանքով, ընթերցողներու եւ գրասէրներու  սեղանին յանձնած է շատերու կողմէ յանիրաւի մոռացութեան մատնուած Էլպիս Տողրամաճեան-Կեսարացեանի (1830-1913) կեանքին եւ վաստակին, ստեղծագործական երթին համարեա ամբողջական պատմութիւնը: 272 էջերէ բաղկացած այս նորատիպ հատորը խորագրուած է՝ «Էլպիս Կեսարացեան – Էսսէներ, Բանաստեղծութիւններ, Նամակներ»: Այս առաջինն է այն մատենաշարին, որուն վերնագիրն է՝ «Արեւմտահայ կին հեղինակներ XIX»: Հատորը լոյս տեսած է Երեւան՝ 2025-ին, Էդիթ Պրինտ հրատարակչութենէն, մեկենասութեամբ Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեաններու:

Գիրքին առաջին մասը, 50 էջանի ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մըն է Էլպիս Կեսարացեանի ապրած ժամանակաշրջանին, այսինքն՝ Օսմանեան կայսրութեան այն շրջանին, երբ կար խիստ գրաքննութիւն, ներհայկական նեղմիտ մտայնութիւն, կանանց հանդէպ յետամնաց եւ պահպանողական մօտեցում: Պոլսահայ կեանքը, հայոց Սահմանադրական շարժումը (1860-1863), սուլթանական ճնշումները լուսարձակի տակ առնելով, Նայիրա Համբարձումեան կը ներկայացնէ խիզախութիւնն ու մեծութիւնը այն կնոջ, որ ոգի ի բռին պայքարեցաւ կին դասակարգին մտաւոր զարգացման, կանանց դերին ու առաքելութեան լուսաբանման, ազգային ինքնագիտակցութեան խորացման, հայրենասիրական գաղափարներու տարածման համար: Հոն կը կարդանք՝ «Հետաքննական, կենսագրական, համեմատական եւ այլ վերլուծութիւնների միջոցով բացայայտուել են Էլպիս Կեսարացեանի կատարած այն բազմաթիւ դերերը՝ կին-խմբագիր, կին-հրապարակախօս, կին-հրատարակիչ, կին-գրքի հեղինակ, կին-թարգմանիչ, կին-մայրապետ, կին-ուսուցիչ», որոնք կը բնութագրեն մտաւորական հայուհին:

Է. Կեսարացեան ծնած է Պոլսոյ Պեշիկթաշ թաղամասը: Կենսագրական տեղեկութիւնները կցկտուր են: Հայրը կեսարացի էր: Ուսած եւ կեանքին մեծ մասը ապրած է Կ. Պոլիս: 1872 թուականէն ուսուցչութեամբ զբաղած է Պոլսոյ Մաքրուհեանց վարժարանէն ներս: Կեանքի որոշ հատուածին ապրած է իր քրոջ որդւոյն՝ անուանի գրագէտ Տիգրան Կամսարականի բնակարանը՝ Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը: Մահացած է 83 տարեկան հասակին, Պոլսոյ յարակից Գատըգիւղին մէջ: Որպէս հասարակական գործիչ եղած է Պոլսոյ Պարզասէր Հայուհեաց Ընկերութեան հիմնադիր-անդամներէն մէկը: Կեանքի վերջին տարիներուն որպէս մայրապետ աշխատած է Պոլսոյ Սուրբ Խաչ հիւանդանոցէն ներս: Ն. Համբարձումեան, որ մանրակրկիտօրէն պրպտած է Կեսարացեանի վաստակը, կը գրէ՝ «Նա առաջին հայուհի խմբագիրն է, գրողը, լրագրող-հրապարակախօսը, ֆեմինիստուհին, իսկ նրա հիմնադրած ու խմբագրած «Կիթառը»՝ առաջին ֆեմինիստական հանդէսը Կ. Պոլսում»: Ան այսպէս կը բնորոշէ Կեսարացեանը՝ «զարգացած եւ յառաջադէմ մտաւորական էր: Նա պայքարում էր, որպէսզի բռնապետական կայսրութիւնում հայ հասարակութիւնը բարենորոգուի, զարգանայ, եւ հայ կանայք դառնան այդ բարենորոգուած հասարակութեան լիիրաւ անդամները»: Ապա, բաւականին ընդարձակօրէն կը կարդանք «Կիթառ» թերթի մասին, որուն ենթախորագիրն էր՝ «Հանդէս Ամսօրեայ – Հրաւէր Հայկազն Օրիորդաց»: Հոն ընդգծուած է՝ «Հիմնաւորապէս կարելի է պնդել, թէ հայ գրական մամուլի պատմութեան մէջ Էլպիս Կեսարացեանը առաջին կին խմբագիրն էր, հրատարակիչը, ֆեմինիստը եւ յեղափոխականը, ով հիմնադրեց ու տպագրեց կանանց մասին եւ կանանց համար հանդէս: Նրա շնորհիւ «Կիթառը» տարբերւում էր 1860-ական թուականների եւ դրանից առաջ եղած այն բոլոր պարբերականներից, որոնց հեղինակը տղամարդիկ էին»: «Կիթառ»-ը հիմնադրուած է 1861-ին. 1862-1863 թուականներուն լոյս տեսած է եօթը համար (56 էջ): Հանդէսին խմբագրականներն ու գլխաւոր յօդուածները կը պատկանին Կեսարացեանի գրչին: Հանդէսին նպատակը եղած է՝ «կանանց ազատագրութեան՝ կրթութեան, դաստիարակութեան, խօսքի եւ ձայնի իրաւունքների, բարեվարքութեան, կին-տղամարդ իրաւունքների եւ հաւասարութեան հիմնախնդիրները բարձրաձայնելն ու դրանց իրացման նպաստելը»: Թերթը դադրած է լոյս տեսնելէ նիւթական անձկութեան պատճառով: Սակայն, Կեսարացեան աշխատակցած է պոլսահայ մամուլին, յատկապէս «Մասիս»-ին: Ստորագրած է գրութիւններ Ե.Կ.Տ. Հայկուհի եւ Ե.Կ.Տ. Հայուհի ծածկանուններով:

Նայիրա Համբարձումեան սոյն ուսումնասիրութեամբ լուծած է խնդրայարոյց հարց մը եւս: Շատեր նշած են որ հայ կանանց յատուկ առաջին թերթը եղած է Զմիւռնիա (Իզմիր) հրատարակուած «Յաւերժահարս» հանդէսը (լոյս տեսած 12 համար), 1862-ին, (խմբագիրներ Սարգիս Փափազեան եւ Թ. Աւետիս): Բայց մանրամասն պրպտումներէ ետք կը փաստուի «Կիթառ»-ին առաջնայնութիւնը: Աւելին, «Կիթառ»-ը ունեցած է լուրջ, դաստիարակիչ եւ ծանրակշիռ բովանդակութիւն ի տարբերութիւն միւսին, որ ժամանցային, թարգմանական, ծանուցողական եւ առեւտրական բնոյթի էր եւ խմբագիրները տղամարդիկ, որոնք չեն կրցած թափանցել կանանց հարցերուն:

Է. Կեսարացեանի «Կիթառ»-ը իր նախաձեռնութեամբ, համարձակ միտքերով, արծարծած նիւթերով, առաջարկած գաղափարներով միանշանակ ընդունուած չէ եղած հանրութեան կողմէ, մանաւանդ մամուլի եւ մտաւորականութեան կողմէ: Եթէ ան ունէր համակիր ընթերցողներ, խրախուսող շրջանակներ, միաժամանակ Կեսարացեան քննադատուած է մտաւորական որոշ խաւի կողմէ, երբեմն վիրաւորական եւ արհամարհական խօսքերով: Կանանց ազատութեան հարցը իրերամերժ կարծիքներու եւ վէճերու նիւթ հանդիսացած է:

«Կիթառ»-ի բովանդակութեան կողքին կը ծանօթանանք Կեսարացեանի միւս գործին, որ նամակներու ձեւաչափով գրութիւններ են հայուհիներու ուղղուած: Հատորին էջ 59-164 «Կիթառ»-ի առաջնորդող յօդուածներն են, ոտանաւորներ՝ Կեսարացեանի գրիչէն, իսկ էջ 167-232 նամականին՝ հետեւեալ վերտառութեամբ՝ «Նամականի Առ Ընթերցասէր Հայուհիս», լոյս տեսած Պոլիս՝ 1879 թուականին: Անոնք սրտաբուխ, շահեկան, օգտակար յորդորներ են հայուհիներու յղուած: Ան մտերիմի անկեղծութեամբ խրատականներ եւ թելադրութիւններ կը կատարէ հայուհիներու համար՝ զանոնք մղելով կրթութեան, հայրենասիրական առաքելութեան, ընտանեկան անդորրութեան, աշխատանքի, ընկերութեան եւ հանրութեան ծառայութեան եւ այլն: Հոն կը նկատենք լուսաւոր եւ յառաջադէմ միտքեր այդ օրերուն համար, երբ հանրութիւնը նոր-նոր սկսած էր խորհիլ կանանց հաւասարութեան կամ աղջիկներու կրթութեան մասին: Իսկ հատորին վերջին հատուածը (էջ 235-256) Չափածոյ խորագրեալ՝ Կեսարացեանի բանաստեղծութիւններն են, ուր կը նշմարենք հայրենիքի  վիշտերով տառապող ու պայքարող գրողի սրտին պոռթկումները, յոյզերը, ցաւերն ու յոյսերը:

Այսպիսով, Նայիրա Համբարձումեան շնորհակալ աշխատանք կատարած է Էլպիս Կեսարացեանը իր ամբողջական կերպարով, գրականութեամբ, նորարար միտքերով բանասէր եւ ընթերցասէր հանրութեան վերադարձնելու: Իհարկէ, Կեսարացեանի լեզուն ու ոճը կը կրեն իր ժամանակին հետքերը, ինչ որ այժմ դժուար հասկնալի կը դարձնէ անոր ընկալումը: Գրաբարախառն լեզուամտածողութիւնը որոշակի խոչընդոտ է մերօրեայ ընթերցողին համար: Իր ապրած ժամանակին լուսաւոր այս անհատականութիւնը պէտք էր յիշուէր պատշաճ կերպով, ինչ որ կատարուած է այս հրատարակութեամբ: Մոռացութեան գիրկէն Էլպիս Կեսարացեանը փրկելու գործին մէջ գրականագէտ Ն. Համբարձումեանն ու մեկենաս Յ. Նալպանտեանը արժանի են արդար գնահատանքի:

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԲԱՆԱԿԻ ԾՐԱԳՐԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՒԼԸ

Next Post

ԻՆՏՐԱ (ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆ) 1875 – 1921 Ծննդեան 150-ամեակ

Next Post

ԻՆՏՐԱ (ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆ) 1875 – 1921 Ծննդեան 150-ամեակ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.