Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՆՏՐԱ (ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆ) 1875 – 1921 Ծննդեան 150-ամեակ

September 11, 2025
in Յօդուածներ
0

 

Տիրան Չրաքեան, գրականութեան մէջ Ինտրա անունով ծանօթ, ծնած է 1875-ին, Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ։ Նախ կրթուած է Պէրպէրեան վարժարանին մէջ՝ Ռեթէոս Պէրպէրեանի աշակերտութեամբ, որ խոր ազդեցութիւն ունեցաւ անոր մտաւոր ու գեղարուեստական զարգացման վրայ։ Քանի մը տարիներ ուսուցչութիւն կատարեց Պէրպէրեան եւ այլ վարժարաններու մէջ, մինչեւ որ կարճ ժամանակով ուսման համար մեկնեցաւ Փարիզ եւ ապա Եգիպտոս։

Ինտրայի գրական առաջին մեծ գործը եղաւ «Ներաշխարհ»ը (1906), ուր արտայայտեց իր ներքին տագնապները, բնութեան հանդէպ մագնիսական սէրը եւ արուեստի փնտռտուքը։ Յաջորդած «Նոճաստան»ը (1908) իր հոգեկան ձգտումները ուղղեց դէպի յաւիտենական եւ անտեսանելի աշխարհներ։ Մեծ զգայնութիւն ունեցող բանաստեղծ էր, որ իբրեւ ուսուցիչ եւ գրիչ շուրջ տասնհինգ տարի աշխատակցեցաւ պոլսահայ մամուլին։

1910-ականներուն Ինտրա անցաւ խոր հոգեւոր ճգնաժամի մը միջով: Հրաժարելով իր գրական վաստակէն, ան դարձաւ Աւետարանի քարոզիչ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն մերժեց զէնք կրել՝ մնալով հաւատարիմ «մարդ չսպաննելու» իր համոզումին։ Սակայն 1915-ի ողբերգական իրադարձութիւնները անդառնալիօրէն խախտեցին իր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը։ Ան այրեց իր ձեռագրերուն մեծ մասը եւ կեդրոնացաւ կրօնական քարոզչութեան վրայ։

Զինադադարէն ետք, 1918-1921, Սեւ ծովը եզերող գաւառներուն մէջ, շաբաթապահներու իր խումբով՝ Չրաքեան աւետարանական քարոզիչի իր գործունէութեան նոր թափ տուաւ։ Այն աստիճան, որ քեմալականներու կողմէ դատապարտուեցաւ իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի» եւ իր հետեւորդներով, 1921-ի Փետրուարին, ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Տիգրանակերտի խորերը։ Չրաքեան չդիմանալով աքսորեալներուն հսկող թուրք ոստիկաններու գործադրած ծեծին եւ չարչարանքներուն, կը մահանայ Սիլվանի մօտ՝ 46 տարեկանին։

Ինտրան մնաց հայ գրականութեան առանձնայատուկ ու բացառիկ ձայն մը․ լուսոյ, գեղեցիկին եւ յաւիտենականին տենչող բանաստեղծ մը, որուն արուեստը իր խոր տագնապներով եւ բացառիկ ոճով կը շարունակէ յուզել։

Հատուած մը անոր «Աղօթք… Զէյթունի սովելոց համար» խորագրուած քերթուածէն.-

Տէ՛ր, քաջերուն, զոհերուն վերին ապաւէն,
Ամենափառ Տօրոսի սարերուն ի ծոց
Ազատութիւնն եւ ըզՔե՜զ պաշտող Զէյթունցւոց
Շնորհէ՜ ցորեանն անարատ, գութիդ արեւէն:

Ցորեա՜նը, սնունդն աղքատին, բարւոյն, հերոսին,
Անոնց՝ որ, Տէ՛ր, կը պահեն պատուէրներդ հրեղէն,
Մի՛ թողուր որ նըւաճուին Սովին ճիւաղէն
Բազուկներն որ բռնութիւնն յաղթահարեցին:

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ ԷԼՊԻՍ ԿԵՍԱՐԱՑԵԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Next Post

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ ՍՏԱՑԱՆՔ

Next Post

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ ՍՏԱՑԱՆՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.