Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՆԱԿԻ ԾՐԱԳՐԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՒԼԸ

September 11, 2025
in Միջազգային
0

 

Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժի յայտնեց, թէ ապօրինի զէնքին հարցը լուծելու առնչութեամբ լիբանանեան բանակին մշակած ծրագիրը կը նախատեսէ երեք ամիսներու ընթացքին ապազինել Լիթանի գետին հարաւային հատուածը: «AP» գործակալութեան տրուած զրոյցի մը մէջ Ռեժժի յայտնեց, թէ մինչեւ Նոյեմբերի աւարտը հարաւի մէջ պէտք չէ մնացած ըլլան զինամթերանոցներ, զէնքեր կամ զէնքի փոխադրութեան փորձեր: Միաժամանակ, բանակը Լիբանանի ամբողջ տարածքին պիտի գործադրէ ապահովական խիստ քայլեր, պիտի ամրացնէ անցարգելները, կանխէ զէնքերու փոխադրութիւնը եւ վերջ տայ զէնքով շրջագայելու երեւոյթին, սակայն առանց կատարելու խուզարկումներ կամ ձերբակալութիւններ: Ծրագրին մնացեալ չորս փուլերը կը ներառեն այլ շրջաններու մէջ ապազինում, սակայն ցարդ առանց յստակ պայմանաժամերու: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ աւելի ուշ նշեց, թէ բանակը իր ծրագրին գործադրութեան մասին ամէն ամիս պիտի զեկուցէ կառավարութեան:

Իսրայէլեան անօդաչու սարքերը ինքնաշարժ մը հարուածեցին Ժիյյէ շրջանին մէջ: Հարաւային Ատէյսէ գիւղին մէջ երէկ ջախջախուեցաւ իսրայէլեան անօդաչու սարք մը, մինչ լիբանանեան բանակը միջամտելով նախ ստուգեց զայն, ապա հեռացուց շրջանէն: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, թէ ժամը հասած է լիբանանեան բանակին տրամադրելու իսկական օգնութիւն: Վարչապետը նշեց, որ արաբական եւ միջազգային կողմեր դրական գնահատած են կառավարութեան 5 Սեպտեմբերի նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած էր զէնքի մենաշնորհի թղթածրարը:

Share98Tweet61
Previous Post

ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ՆՈՐ ՍՐՈՒՄ

Next Post

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ ԷԼՊԻՍ ԿԵՍԱՐԱՑԵԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Next Post

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ ԷԼՊԻՍ ԿԵՍԱՐԱՑԵԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.