Իրավիճակը սրած է նաեւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Լեհաստանի իշխանութիւնները Արտաքին գործերու նախարարութիւն կանչեցին Ռուսիոյ դեսպանը՝ բողոքելու համար Ուքրանիա ուղղուող ռուսական անօդաչու սարքերու լեհական օդային տարածք ներթափանցումին դէմ: ՆԱԹՕ իր կարգին յայտարարեց, թէ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը զսպած են լեհական օդային տարածքը խախտած ռուսական անօդաչուները: Իսկ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ ռուսերը աւելի քան 415 անօդաչու սարքով եւ 43 հրթիռով լայնածաւալ յարձակում մը գործած են ուքրանական շարք մը թիրախներու վրայ, իսկ հակաօդային պաշտպանութիւնը զսպած է անոնց մէկ մասը:

