Թեհրան յայտարարեց, թէ համագործակցութեան սկզբունքները յստակացնող նոր համաձայնութիւն մը կնքած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ: Գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսսի յայտնեց, թէ Իրանի արտաքին գործերու նախարարին հետ կնքած նոր համաձայնութիւնը կը վերաբերի Իրանի հիւլէակայաններու խուզարկումին: Դրական համարելով Գահիրէի մէջ կնքուած համաձայնութիւնը, Կրոսսի նշեց, որ Թեհրանի հետ քայլ մը առնուած է նշեալ թղթածրարի լուծումին մէջ: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ գործակալութեան հետ կնքուած նոր համաձայնութիւնը չեղեալ պիտի համարուի, եթէ Իրան ենթարկուի յարձակումի կամ նոր պատժամիջոցներու:

